Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երկրորդ Առցանց Ժողովը – Եւրոպա
Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած էր կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։
Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020-ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ հանդիպումը։
Տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, Երեւանի ժամով՝ 19:00-ին: Այս անգամ Եւրոպան նկատի ունինք, որպէս տարածաշրջան:
Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է՝ Հայկական Լրատուամիջոցը Ներկայ Պայմաններուն Մէջ. Դժուարութիւններ Եւ Դիմագրաւման Միջոցներ։
Եւրոպայի տարածքին հրատարակուող Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ panarmenian.media@gmail.com
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ