Համազգային 95 – Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Լորիկ Սապունճեանի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի հետ

Համազգային 95 – Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան դիւանի ատենադպիր Լորիկ Սապունճեանի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի հետ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առթիւ «Հորիզոն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան Փօլատեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Հորիզոն».- 2022-ին գումարուած Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովէն բխած որոշումներուն հիման վրայ, յառաջիկայ քառամեակին ի՞նչ պիտի ըլլան Համազգայինի առաջնահերթութիւնները:

Լ. Սապունճեան – 2022-ին գումարուած Համազգայինի Թ. պատգամաւորական ժողովը յաջորդեց ամբողջ աշխարհին ու մասնաւորաբար հայութեան անցուցած բաւական դժուար հանգրուանին։ Համավարակին ու Արցախի պատերազմին հետեւանքները չէին միայն, որ ամբողջութեամբ տակնուվրայ ըրած էին տարբեր կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, այլ նաեւ, Համազգայինի պարագային, Կեդրոնական վարչութեան նստավայրի՝ Լիբանանի, ելեւմտական-տնտեսական տագնապը, իր դառն եւ շօշափելի անդրադարձը ունեցած էր Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան վրայ: Հետեւաբար այս ընդհանուր բովանդակին մէջ էր, որ Պատգամաւորական ժողովը քննեց եւ գնահատեց ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը եւ ըստ այնմ բանաձեւեց իր յանձնարարականները նորընտիր վարչութեան։ Բնականաբար, ինչպէս միշտ, Համազգայինը իր Ճեմարանները կը պահէ իր առաջնահերթ հոգածութեան ներքոյ, միաժամանակ կարեւոր համարելով կրթական ոլորտին մէջ հայոց լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներու պատրաստութեան, առցանց դասընթացքներու կազմակերպման, հայերէնագիտական դասանիւթերու դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագիրները, միշտ հետամուտ ըլլալով արեւմտահայերէնի զարգացման։ Ժողովը նաեւ որոշեց Կեդրոնական վարչութեան անմիջական հոգածութեան ներքոյ պահել Միջին Արեւելքի տագնապահար զոյգ շրջանները՝ Սուրիան եւ Լիբանանը, գուրգուրալով անոնց հովանիին տակ գործող կառոյցներուն, ինչպիսին են Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկն ու Լիբանանի գեղարուեստի դպրոցները։

Կազմակերպական առումով այս Կեդրոնական վարչութիւնը պիտի ուսումնասիրէ արեւմտեան եւ արեւելեան Եւրոպաներու մէջ Համազգայինի առկայ կառոյցներու գործունէութեան վերաշխուժացման հեռանկարն ու հնարաւորութեան պարագային հիմնադրէ նոր կառոյցներ։ Պիտի ուսումնասիրէ Ռուսիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական գաղութներուն մէջ Համազգայինի գործունէութեան կարելիութիւնները։ Պիտի վերանայի Համազգայինի յառաջիկայ տասնամեակին մտապատկերը եւ յստակ ռազմավարութիւն մշակէ, քայլ պահելով սփիւռքի եւ հայրենիքի զարգացող պահանջներուն եւ արագընթաց փոփոխութիւններուն հետ։ Այս բոլորին կողքին Կեդրոնական վարչութիւնը նախանձախնդիր կը մնայ շարունակելու իր գործունէութեան սիւները հանդիսացող հրատարակչական ու գրատարածի աշխատանքները, եւ աւելի քան 60 տարի հոսանքն ի վեր թիավարող «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթը, որուն ամբողջ արխիւը արդէն թուայնացած է իր կայքէջին վրայ։ Վարչութիւնը պիտի շարունակէ կազմակերպել իր երիտասարդական հաւաքները, ի հարկին վերամշակուած ձեւաչափերով։ Այս պատգամաւորական ժողովը նաեւ պարտք դրած է Կեդրոնական վարչութեան վրայ միութիւնը օժտել դրօշակով, օրհներգով եւ նշանաբանով։ Դրօշը արդէն ստեղծուած է, եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ օրհնուելէ ետք, հասած է բոլոր շրջաններուն, իսկ նշանաբանի կամ բնաբանի եւ օրհներգի որդեգրումը արդէն ընթացքի մէջ են։

«Հորիզոն».- Գիտենք տիկին Լորիկ, որ Պէյրութի մէջ կը գործէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, Աւստրալիոյ մէջ՝ Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանը, իսկ Ֆրանսայի մէջ՝ Մարսէյի ճեմարանը: Արդեօ՞ք ժամանակը հասած չէ, որ Գանատայի կամ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւս Համազգայինը ունենայ նման կրթական հաստատութիւն մը:

Լ. Սապունճեան .- Գիտէք, որ հայ դպրոց պահելը մեծ զոհողութիւններ կ՚ենթադրէ, եւ գանատահայութեան համար ուրախութիւն ու հպարտութիւն է, երկրի մեծագոյն զոյգ քաղաքներուն մէջ ունենալ մինչեւ երկրորդական ամէնօրեայ մրցունակ վարժարաններ՝ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանն ու Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը։ Նոյնն է պարագան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին մէջ, ուր արդէն իսկ կը գործեն հայկական երկրորդական վարժարաններ, Արեւելեան ափն ալ իր կարգին ունի ամէնօրեայ վարժարաններ, հետեւաբար ներկայիս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Համազգայինը ճեմարան հիմնելու ծրագիր չունի, այլ կը հաւատայ, որ թէ՛ այդ շրջաններու իր կառոյցներով, թէ՛ իր հրատարակութիւններով, դասագիրքերով, դաստիարակչական ծրագիրներով ու խաղերով կրնայ գործող վարժարաններուն նեցուկ կանգնիլ։ Միւս կողմէ, Համազգայինի շրջապատին կողմէ յաճախ փափաք կը յայտնուի Հայաստանի մէջ Համազգայինի ճեմարան, կամ գէթ՝ մանկապարտէզ մը հիմնելու. պէտք է ըսել, որ նման որոշում Համազգայինի գերագոյն՝ պատգամաւորական ժողովը կրնայ առնել միայն։ Ներկայիս Համազգայինը Մոսկուայի մէջ նաեւ ունի երեք միօրեայ վարժարաններ, իսկ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ եկող ամիսներուն իր աւարտին կը հասնի Մարսէյի Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցման աշխատանքները, որուն հիմնարկէքը կատարուած էր Հոկտեմբեր 2022-ին։ Մարսէյի պարագային, Ճեմարանի ներկայ կառոյցը արդէն նեղ կու գար, եւ դպրոցը դժբախտաբար ստիպուած կ՚ըլլար մերժելու նոր աշակերտները։ Հետեւաբար կառուցուող նոր շէնքը առիթ պիտի ընձեռէ, որ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունի Ճեմարանը։ Աւստրալիոյ Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարանն ալ կը գործէ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան հովանիին ներքոյ, Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեամբ։ Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ հետամուտ է Ֆրանսայի Իսի Լէ Մուլինօ շրջանի Համազգային Թարգմանչաց վարժարանը, անուանականէն աւելի գործնական եւ որակաւորման իմաստով զարգացնելու։ Սակայն Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան առաջնահերթութեան առիւծի բաժինը կը կազմէ Պէյրութի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, իր մանկապարտէզով եւ վերջին տարիներուն կառուցուած մանկամսուրով, որ Լիբանանի տնտեսական-ելեւմտական, ապահովական ու քաղաքական տագնապներուն բերումով բաւական դժուար մարտահրաւէրի վերածուած է, նկատի ունենալով Պէյրութի Ճեմարանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ անոր անխափան երթը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։

«Հորիզոն».- Համազգայինը բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն՝ Արցախի մէջ եւս. օրինակ՝ վերջերս լոյս տեսաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքը եւ այլն: Ներկայ պայմաններուն մէջ, տիկի՛ն Լորիկ, Համազգայինը ինչպէ՞ս պիտի ներառէ Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած արցախցիները իր ծրագիրներուն մէջ:

Լ. Սապունճեան .- Այո՛, ճիշդ էք, Համազգայինը, Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, Երեւանի իր գրասենեակին ճամբով իր կազմակերպած գիտաժողովներով, հրատարակութիւններով եւ բազմաբնոյթ այլ ծրագիրներով ներկայութիւն է Հայաստանի մէջ։ Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, որ անցեալ տարի Երեւանի գրասենեակին կողքին հաստատուեցաւ նաեւ Կիւմրիի գրասենեակը, որ իր կարգին աշխոյժ գործունէութիւն ունի արդէն։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախին, 2017 թուականէն ի վեր Համազգայինը մշտական ներկայութիւն էր հոն, երբ հաստատուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը։ Գրասենեակը մինչեւ 2020 թուականի պատերազմ, բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէր գրեթէ Արցախի ամբողջ տարածքին, եւ կարճ ժամանակի մէջ կրցած էր իր շուրջ համախմբել արցախցի հրապարակագիրներ, երիտասարդ գրողներ ու արուեստագէտներ, եւ յաջողած էր կազմակերպել մշակութային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ՝ ուղղուած երիտասարդներուն, պատանիներուն եւ մանուկներուն, առանց մոռնալու նաեւ հեռաւոր կամ սահմանամերձ շրջանները, ուր գրասենեակը նախանձախնդիր էր մշակութային կեանքը վառ պահելու, այդ շրջաններու բնակիչներն ու երեխաները հաղորդ դարձնելով հայ մշակոյթին՝ թատերական, երաժշտական թէ այլ ծրագիրներով։ Սակայն 2020-ի պատերազմը նոր կացութիւն մը պարտադրեց, որուն հետեւանքով Արցախի գրասենեակը ունեցաւ նոր առաջնահերթութիւններ։ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ստեղծուեցաւ «Համազգայինը՝ Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրը՝ նիւթական հովանաւորութեամբ գլխաւորաբար Համազգայինի Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու Շրջանային վարչութիւններուն, թիրախ ունենալով այդ օրերուն յանձնուած շրջաններէն տեղահան եղած ընտանիքներուն եւ մասնաւորաբար մանուկներուն հոգեմտաւոր առողջութիւնը։ Արուեստը որպէս հոգեբանական դարմանումի միջոց օգտագործելով, մասնագէտներու հսկողութեամբ մշակուեցաւ կրթական մշակութային ծրագիր, կազմուեցան արուեստի խմբակներ՝ նկարչութեան, կաւագործութեան, թատերական եւ շաբաթական հանդիպումներ` հոգեբանի հետ, որոնց կողքին կազմակերպուեցան նաեւ մանուկներու այցելութիւններ թանգարաններ, թատրոններ։ Սկիզբը այս խմբակները կը գործէին Երեւանի, Դիլիջանի եւ Աբովեանի մէջ, սակայն երբ երեխաները պատերազմէն ետք սկսան վերադառնալ Արցախ, ծրագիրը պէտք էր տեղափոխել Արցախ, եւ որովհետեւ մեծ թիւով երեխաներ Հադրութէն, Շուշիէն եւ Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած միւս շրջաններէն էին, չկրցան վերադառնալ, հետեւաբար արուեստի խմբակները շարունակուեցան վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ: Ասոնց կողքին Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ գործել արուեստի խմբակ, ինչպէս նաեւ` դասապատրաստման խմբակներ, ուր դպրոցէն ետք երեխաները ուսուցիչներու օգնութեամբ սերտողութեան պահեր կ՚ունենային։ Ամրան արուեստի խումբեր կազմուեցան քանի մը գիւղերու մէջ եւս։

Բնականաբար այս ծրագիրը նոր թափ եւ ծաւալ ստացաւ Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի ամբողջական յանձնումէն ետք։ Համազգայինը անմիջապէս անցաւ գործի, Հայաստանի ու Արցախի իր գրասենեակներուն անձնակազմին կողքին, Հայաստան գործուղեց Լիբանանի գրասենեակի իր գործավարը, որպէսզի աշխատանքը արագօրէն ծրագրուի, եւ անմիջապէս Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ վերսկսան Հայոց լեզուի եւ գիտելիքներու ամրապնդման դասընթացքները, 9-12-րդ դասարանի աշակերտներուն համար, անոնց օգնելով նախապատրաստուելու աւարտական ու ԲՈՒՀ-ական քննութիւններուն։ Այս խմբակները ներկայիս կը գործեն Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներուն մէջ։ Իսկ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ կազմուեցան տիկնիկագործութեան խմբակներ, տիկնիկներու պատրաստութեան կողքին, երեխաները արցախեան բարբառը չմոռնալու համար, բարբառով կը կարդան ու կը բեմադրեն հեքիաթներ։ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հետ գործակցաբար կը շարունակուին չափազանց կենսական՝ հոգեբանական աջակցութեան անհատական ու խմբային հանդիպումները մանկական հոգեբանի հետ։ Կը նախատեսենք, որ «Համազգայինը՝ Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրը ա՛լ աւելի պիտի ընդարձակուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին, եւ այդ նպատակով կ՚ապաւինինք բոլորին աջակցութեան, եւ կարելի է այցելել Համազգայինի մեր կայքէջի նուիրատուութիւններու բաժինը, այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին օժանդակելու համար։ https://hamazkayin.com/en/about-us/donate/

Ներեցէք, որ բաւական երկարեցի պատասխանս, բայց անպայման ուզեցի անդրադառնալ այս ծրագիրին։ Ինչ կը վերաբերի արցախցի երիտասարդ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքին, անիկա իրականացաւ շրջափակման պայմաններուն մէջ եւ հրատարակուեցաւ եռալեզու ծանօթագրութիւններով՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն, նպատակ ունենալով զայն հասանելի դարձնել օտար հանրութեան, միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն, որովհետեւ այդ հատորին մէջ ամփոփուած էին 44-օրեայ պատերազմին, անոր յաջորդող շրջանին, եւ շրջափակման տասը ամիսներուն ընթացքին ժողովուրդին կեանքն ու դժուարութիւնները հարազատօրէն ներկայացնող պատկերներ։ Գիրքի շնորհանդէսն ալ տեղի ունեցաւ 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, Երեւանի մէջ, Համազգայինի 95-ամեակի նշման ձեռնարկներու ծիրէն ներս։ Դժբախտաբար լուսանկարիչը այդ օր տեսակապով միացաւ շնորհանդէսին, սակայն անկէ շաբաթ մը ետք արդէն տեղահանուած ժողովուրդին հետ Հայաստան էր։

Հարկ կը զգամ հոս խօսելու այլ կարեւոր հրատարակութեան մը (կամ հրատարակութիւններու) մասին, որուն աշխատանքը արդէն սկսած էր շուրջ տարի մը առաջ։ Խօսքս «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» բովանդակալից հատորին մասին է, որ Համազգայինի պատուէրով պատրաստուեցաւ Սամուէլ Կարապետեանի հիմնած «Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամի» փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի կողմէ։ Հատորը նոյնպէս եռալեզու է եւ կ՚անդրադառնայ 2020-ի պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի հակակշռին տակ անցած մեր պատմամշակութային վտանգուած կոթողներուն, անոնց պատմութեան եւ ներկայացուցած արժէքին։ Սակայն գիրքը տպարան յանձնելէն քանի մը օր առաջ, երբ մենք կորսնցուցինք ամբողջ Արցախը, որոշուեցաւ գիրքը վերանուանել «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն 1»՝ առաջին հատոր, որուն պիտի յաջորդէ երկրորդ հատորը՝ 2023-ին Արցախի մնացեալ յանձնուած շրջաններու պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւն համարուող վայրերուն մասին։ Երկրորդ հատորին աշխատանքը արդէն մեկնարկուած է, սակայն անիկա ալ իր կարգին պիտի ըլլայ բաւական ծաւալուն, հետեւաբար քանի մը ամիսէն նաեւ լոյս կը տեսնէ երկրորդ հատորը։

Ինչպէս կը տեսնէք մարտահրաւէրները ահագին են եւ կարիքները՝ բազում։ 95-ամեայ Համազգայինը իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին կը վայելէ հայ մշակութասէր հանրութեան եւ իր համակիրներուն լայն զանգուածին նեցուկը. այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի Համազգայինը կ՚ապաւինի իր ժողովուրդի նիւթաբարոյական զօրակցութեան, որպէսզի կարենայ շրջանցել այս դժուարին հանգրուանը, հեզասահօրէն շարունակելու իր առաքելութիւնը։ Լիայոյս ենք, որ 2024-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, գանատահայութիւնը խիտ շարքերով կը մասնակցի 95-ամեակի նշումներուն, որոնք պիտի կազմակերպուին Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Գեմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ։

«Հորիզոն».- Յարգելի ընկերուհի Թամար, Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի որոշած էր միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը Գանատայի մէջ մեծ շուքով նշել, սակայն Արցախի վերջին իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ յետաձգուի. ե՞րբ նկատի ունիք զայն իրագործել եւ հակիրճ կերպով կրնա՞ք անդրադառնալ Գանատայի մէջ ներկայիս իրականցուող Համազգայինի ծրագիրներուն եւ յառաջիկայի նախաձեռնութիւններուն:

Թ.Շ.- Այո՛, վարչութիւնս այս տարի որոշած էր միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը Գանատայի մէջ նշել մեծ շուքով, իր չորս մասնաճիւղերով՝ Քեպէգի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գեմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ»։ Դժբախտաբար Արցախի վերջին իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ մենք յետաձգենք ձեռնարկները յառաջիկայ տարուան Մարտ ամսուն։

Սոյն ձեռնարկները առիթը պիտի ընծայեն լուսարձակի տակ առնելու Համազգայինի բեղուն գործունէութիւնը Գանատայի շրջանէն ներս։ Վարչութիւնս յարմար տեսաւ յայտագիրը ամբողջութեամբ վստահիլ իր տեղական գեղարուեստի խումբերուն եւ անհատ կատարողներուն։ Երեւոյթ մը, որ պիտի վկայէ մեր տասնամեակներու նուաճած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ հպարտութիւն ներշնչէ տեղւոյն համայնքներուն։

Գալով մեր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններոն. Շրջանային վարչութիւնը մօտէն հետեւելով իր չորս մասնաճիւղերու գործունէութեանց, միշտ կը փորձէ այնպիսի ծրագիրներ մշակել, որոնք որեւէ կերպով չեն խաչաձեւեր տեղական վարչութիւններու գործընթացին, այլ ընդհակառակը կու գան ամբողջացնելու միութեան առաքելութիւնը, որն է այլազան մշակութային ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու ճամբով պահպանել հայ մշակոյթը եւ սատարել անոր զարգացման։ Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ միջ-մասնաճիւղային գործունէութեանց եւ ձեռնարկներու բաժնեկցութեան։

Նախ նշեմ, որ վարչութիւնս կապ կը պահէ ԱՄՆ-ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Շրջանային վարչութիւններուն հետ, որոնց հետ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ երիտասարդական ArtLinks ծրագիրը: Այս երիտասարդական ցանցի հաւաքներըկը շաղկապեն Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդները ընտրանի հայարոեստագէտներուհետ։ Այս տարի, հաւաքը տեղի ունեցաւ Գալիֆորնիոյ մէջ, իսկ յառաջիկայ տարի կը նախատեսենք զայն կազմակերպել Արեւելեան Ամերիկայի մէջ։ Տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող այս չորսօրեայ հաւաքները, 21-35 տարիքի երիտասարդներուն կը տրամադրե ներկխօսութեան միջավայր մը համբաւոր հայարոեստագէտներուհետ, որոնք կու գան ստեղծագործական գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, պարարուեստի, սինեմայի, լրագրութեանեւ քարոզչական արդի միջոցներուբնագաւառներէն։

Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրներէն մէկն է Համազգային ուսանողական հաւաք (Forum)ը, որուն հիմնական նպատակըհայհամալսարանականուսանողներուկամրջումնէ: Շրջանային վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի Գանատայի ուսանողներ եւս մաս կազմեն տարեկան այս հաւաքին, որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ, ամէն տարուան Յուլիս ամսուն, ուղարկելով 1-3 մասնակից, հոգալով անոնց օդանաւի ծախսերը՝ մասնաճիւղերուն օգնութեամբ։

Վերջերս իրագործեցինք Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը, որ կը միտի համալրելու զարգացնել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու արեւմտահայերէնի, հայգրականութեանեւ մշակոյթիիմացութիւնը։ Դասընթացքները կը կազմակերպէ յատուկ յանձնախումբ մը, սակայն կը համակարգուին ու կը ղեկավարուինդ ոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի կողմէ: Դասընթացքիտ եւողութիւնն է երկուտարի, իսկ դասաւանդողները կ՚ըլլան Մոնթրէալ կամ այլուր ապրող դասախօսներ,որոնք ունին ներկայացուած դասանիւթերուն համապատասխան մասնագիտութիւն։ «ԼեւոնՇանթ» հայերէնագիտական դասընթացքը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքի մասնակի հովանաւորութիւնը։

Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքին հիմնարկի վերածումը միշտ ալ մաս կազմած է Շրջանային վարչութեան եւ դասընթացքը կազմակերպողներուն հեռանկարին։ Առ այդ, դասընթացքին Ա. շրջանին գտած յաջողութիւնը փաստեց, թէ բոլոր տուեալները ունինք այդ հեռանկարը շօշափելի իրականութեան վերածելու, իսկ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տրամադրած յատկացումները ամուր հիմերու վրայ դրին մեր առաջադրութիւնը։ Վերջապէս յայտնենք, որ անցնող տարուան ընթացքին, դասընթացքի յանձնախումբը սկսաւ հիմնարկի մասին իր պատկերացումները բանաձեւել եւ յաջորդ հանգրուանին պիտի ուսումնասիրէ հիմնարկի ստեղծման օրինական հարցերը։

Հրատարակչական ասպարէզէն ներս ունինք «Օշական»մատենաշարը, որառաջնահերթութիւնկու տայգլխաւորաբարհայերէնովգեղարուեստականգրականութեանեւուսումնասիրական-վերլուծականանտիպգործերու։ Առ այսօր հրապարակած ենք Շուշանեանի «Ալեկոծ տարիներ»ը, Զարեան/Տառելի «Կղզին եւ մի մարդ»ը։ Անգլերէնի թարգմանած ենք Դ. Վարուժանի «Հացին երգը» / «Song of the Bread» եւ Ե. Չարենցի «Հրավառ հոգիներ» / «Souls on Fire» գիրքերը։ Հրապարակած ենք նաեւ «Պատանեկան Օրագիր» մանկապատանեկան գիրքը։ Մօտօրէն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ Վազգէն Էթիէմեզեանի գործերը ամփոփող հատոր մը։ Վարչութիւնս բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ անհատ մտաւորականներու, հովանաւորելով անոնց անձնական հրատարակութիւնները, որոնք տպագրուած կ’ըլլան հեղինակներու ջանքերով, առանց Համազգայինի նիւթական աջակցութեան: Ասոր կողքին Շրջանային վարչութիւնը կը նախաձեռնէ եւ կը համադրէ մեծ թիւով գիրքեր եւ հայկական իրեր, դաստիարակչական խաղեր ու պուպրիկներ ապսպրելու աշխատանքը, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն նաւով Գանատա հասցնելու համար։

Տարեկան դրութեամբ նաեւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը կազմակերպէսկսնակ եւ յառաջացած խօսակցական հայերէնի առցանց դասընթացքներ, որոնց պատրաստութիւնն ուդասաւանդումըստանձնածէ հայերէնի փորձառու ուսուցչուհի տիկ. Սալբի Գասպարեան Խրիկեանը։

Իսկ վարչութեանս նախաձեռնած Շարադրութեանմրցոյթը կը նպատակադրէ քաջալերել հայ մանուկն ու պատանին՝հայերէնով գրական փորձեր կատարելու։ Բոլոր մասնակցողներուն գրութիւնները կը հրատարակուին ընկերային ցանցերուվրայ, իսկ դատական կազմին կողմէ ճշդուած առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կը ստանան պարգեւներ։ Այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի տարածքին բոլոր հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու 8-րդ կարգի աշակերտները եւ Շաբաթօրեայի պարագային աւարտական կարգի աշակերտները։ Յառաջիկայ տարեշրջանին, վարչութիւնս կը մտադրէ շարադրականին փոխարէն այլ հմտութեան մը առնչուած մրցոյթ մը կազմակերպել:

Նշեմ, որ վարչութիւնս մօտէն կը գործակցի Կեդրոնական վարչութեան հետ եւ կը նպաստէ անոր բոլոր ծրագիրներուն իրագործման։ Սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ տագնապահար այլ շրջաններու հետ՝ ինչպիսին են Լիբանանն ու Սուրիան։ Անցեալ տարեշրջանին Գանատայի շրջանը որդեգրեց Լիբանանի գեղարուեստի դպրոցներէն հարիւր աշակերտ, հոգալով իրենց տարեկան թոշակը եւ Ամանորի առթիւ նուէր գումար յատկացուց Պէյրութի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմին։ Այս տարեշրջանին, վա րչութիւնս որոշեց կրկնել Գանատայի նուիրատուութիւնը Լիբանանի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ ցանկին վրայ աւելցուց նաեւ Հալէպի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտները։ Վերոնշեալ նուիրատուութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր չորս մասնաճիւղերու վարչութիւնները։ Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Շրջանային վարչութիւնը Օթթաուայի Շաբաթօրեայ վարժարանի 27 աշակերտներուն տարեվերջի հանդէսին նուիրեց հայերէն լեզուով մանկական գիրքեր։ Ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս Համազգայինը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կեդրոնական վարչութեան «Համազգայինը՝ Արցախի մանուկներուն կողքին» ծրագիրի ծախսերուն։

Քարոզչական գետնի վրայ վարչութիւնսունի իր կայքէջը՝ Hamazkayin.ca, դիմատետրի էջը` Hamazkayin Canada, իրգործունէութեանմասին իբրեւքարոզչականմիջոցկ՚օգտագործէնաեւ «ՀայՀորիզոն» եւ «ՆորՀայ Հորիզոն»պատկերասփիւռիծրագիրները, «Թորոնթոհայ»ամսագիրնու «Հորիզոն» շաբաթաթերթը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի կեդրոնական կայքէջը։

Նկատի առնելով որ Շրջանային վարչութիւնը ընդհանրապէս յաճախակի ձեռնարկներ չի կազմակերպեր, չխաչաձեւելու համար իր մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, կը բաւարարուի ցենզերու եկամուտով եւ տարեկան մէկ հասութաբեր ձեռնարկի կազմակերպութեամբ: Ուրախ ենք յայտարարելու նաեւ, որ այս տարեշրջանին, Շրջանային Վարչութիւնը, համագործակցելով Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդին հետ, կազմակերպեց «Ասմունքի երեկոյ» մը, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին հետ՝ նկարչական գործերու ցուցահանդէս մը։

Comments are closed.