Համազգային դիմադրութեամբ ու պայքարով միա՛յն կարելի է բեկել Արցախի օրհասական իրավիճակը
Աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած լիակատար շրջափակումով՝ Արցախի եւ իր ժողովուրդի այսօրուան իրավիճակը հասած է ցեղասպանուելու հանգրուանին, որովհետեւ Պաքուի կողմէ իրագործուող շրջափակման գործողութիւնները սովասպանութեան համազօր են եւ կը միտին արցախահայութեան ֆիզիքական ոչնչացման։
Բեկեալ իրավիճակը յաղթահարելու համար, այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է համահայկական ողջ ներուժի համախմբումը՝ ի խնդիր Արցախի զօրակցութեան։ Նման բարդ եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ, Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնի՝ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը կը ստանձէ ԱԺ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:
Դաշնակցական ղեկավարի Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ առաջին հերթին արգելակելու Արցախի վրայ ի գործ դրուող ՀՀ իշխանութիւններու անձնատուողական եւ զիջումներու հակամէտ քաղաքականութիւնը: Միաժամանակ, պատմական այս անկիւնադարձը կը ստեղծէ պատեհ առիթը, որպէսզի Հայաստանի ընդդիմութիւնը, Արցախը եւ Սփիւռքը վերստին համախմբուին եռամիասնութեան ազգային օրակարգին շուրջ՝ վերականգնելու համար կորսուածն ու ճշդորոշելու պայքարի յառաջիկայ ուղին, որուն գլխաւոր բաղադրիչը կը հանդիսանայ ազգային ինքնորոշման իրաւունքով՝ միջազգայնօրէն ամրագրել Արցախի ինքնիշխանութիւնը որպէս պետականութիւն։
Այսպիսով ստեղծուած է այն պատեհ առիթը, որպէսզի Արցախեան պայքարի խորտակուած առաջնագիծը վերականգնելու համահայկական նոր ռազմավարութեան հայեցակարգը մշակման իր հունին մէջ դրուի, մի՛շտ նկատի ունենալով որ 2020 թուականի պատերազմէն ետք, անհրաժեշտ է Ատրպէյճանի դէմ առճակատման աւանդական ձեւաչափերէն դուրս գալով, ստեղծել հայրենիքի պաշտպանութեան մարտավարական նոր չափորոշիչները։
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս տարբեր պետութիւններու քաղաքական ու տնտեսական շահերու բախման հանգուցակէտին վրայ կանգնած Հայաստանն ու Արցախը, աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, հարկադրուած են վերածուելու ամրոց-պետութիւններու, համընդհանուր զօրաշարժի ենթարկելով հայութեան դիմադրական կարողականութեան ողջ ներուժը։ Ամրափակուի՛լ ոչ թէ միայն պաշտպանողական տեսակէտէ, այլե՛ւ, ի հարկին, նորանոր կռուաններու արարումով՝ հակահարուածելու պատրաստ ըլլալու միտումով։
Այդ կռուաններէն գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են ազգ-բանակ հայեցակարգի վերընձիւղումն ու ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացումը, որովհետեւ միա՛յն ու միա՛յն ամրազէն պաշտպանական համակարգով կարելի պիտի ըլլայ Արցախի հակամարտութեան արդար հանգուցալուծումը։ Հայրենիքի պաշտպանութեան համակարգի վերակազմակերպումը պէտք է ընդգրկէ տեւականօրէն բազմակողմանի գործընթաց, ի մի բերելով հայութեան բոլոր հատուածները, որպէսզի կեանքի կոչուի ռազմական գիտարուեստի նոր չափանիշներով յագեցած բանակի սպառազինման առաքելութիւնը, բանակ՝ որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայրենիքի ու ժողովուրդի անվտանգութեան լիակատար ապահովումը։
Թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ ռազմավարութիւնը կը նպատակադրէ Արցախը հայաթափել ու ապա թիրախաւորել Սիւնիքը եւ զայն ենթարկել Արցախի ճակատագրին։ 16-րդ դարէն ի վեր, աւելի քան 400 տարի, Արցախ դիմագրաւած, դիմակայած է նախ՝ թրքական արշաւանքները ու վերջին մէկ դարուն՝ ատրպէյճանականը։ Այս անգամ եւս, Համազգային գերլարումով, կանգնինք Արցախին զօրավիգ, որպէսզի այն ինչ որ թշնամին չյաջողեցաւ կատարել պատմութեան անցնող 400 տարիներտուն, չկարենայ զայն իրագործել նաեւ 21-րդ դարուն։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական
Comments are closed.