Համազգայինի 95-ամեայ նպատակասլաց առաքելութիւնը
«Համազգայինին վերապահուած է մեծ դեր` ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին»:
Նիկոլ Աղբալեան
Հայ մշակոյթի եւ կրթութեան դարբնոց Համազգայինը այս տարի կը նշէ իր 95-ամեայ յոբելեանը։
Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն են մշակոյթը, մայրենի լեզուն, ազգային ինքնութիւնը ու ազգագրական կենցաղը։
Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ Առաջին Հանրապետութեան կորուստէն ետք, սփիւռքի տարածքին հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման ու զարգացման նպատակաուղղուած գործունէութիւն ծաւալեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը։ Միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Համօ Օհանջանեանն ու իրենց դաշնակցական գործընկերները յստակ տեսլականը ունէին, որ Միջին Արեւելքի եւ այլ սփիւռքահայ ոստաններու մէջ գաղթական հայութեան համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է հայապահպանման կառոյց մը ստեղծելու հրամայականը։ Գիտակից էին, որ հայապահպանման ենթախարիսխը՝ հայեցի դաստիարակութիւնն է, ազգայի՛ն դաստիարակութիւնը։ Ճի՛շդ այդ նպատակով, միութեան հիմնադրութենէն երկու տարի անց, Պէյրութի մէջ հիմը կը դրուէր սերունդներու հայակերտման դարբնոց, աւանդատուն հայկազեան, հայ դպրութեան ջահակիր Ճեմարանին։
Յաջորդող տասնամեակներուն, Համազգայինի առաքելութեան ուխտապահներուն շնորհիւ, սփիւռքի տարածքին ծաւալեցաւ բազմաբեւեռ մշակութային եւ կրթական գործունէութիւն։ Հիմնուեցան տպարաններ, թատերախումբեր, երգչախումբեր, պարախումբեր, գրական ամսագրեր, կրթական օճախներ։ Թափ ստացան հրատարակչական աշխատանքները եւ հայագիտութեան զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները։ Հուսկ ապա, հայրենիքի եւ Արցախի մէջ իր գործունէութեան ծաւալումով, Համազգայինը իր բազմաբեւեռ գործունէութեամբ նպաստեց հայ մշակոյթի տարածման։
Համազգայինը իր առաքելութիւնը իրագործեց առանց պետական նեցուկի, իրագործեց հայ մշակոյթի նուիրեալներով, կամաւորներով, լուսամիտ բարերարներով։ Համազգայինի շնորհիւ ստեղծագործեցին գրագէտն ու գեղանկարիչը, դերասանն ու բեմադրիչը, խմբավարն ու երգչախումբը, պարուսոյցն ու պարախումբը:
Հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման ու պանծացման ազգանուէր գործին նուիրուած Համազգայինի ճանապարհը անկասելի է։ Օրուան շարժման հետ համահունչ, յաւելեալ ճիգերով միութեան շարքերուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւումը էական անհրաժեշտութիւն է, որուն առնչութեամբ Համազգայինի պատգամաւորական ժողովներէն մէկը երիտասարդացման ուղղուած յատուկ ծրագրի մշակման առաջադրանք ներկայացուցած է։ Այլ գետնի վրայ, ողջունելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ դպրութեան ամրոցի մը հիմնադրումը, Համազգայինի Ճեմարանի մը ընձիւղումը՝ սփիւռքահայ սերունդներու հայեցի կրթութեան ու ազգային նկարագրի անխաթար պահպանման ի խնդիր։
Եւ ահա, այսօր, 95-ամեայ նպատակասլաց իր առաքելութեամբ, Համազգայինը կը մնայ պատնէշի վրայ, իր ողջ ներուժը ի սպաս դրած հայութեան ու հայրենիքին։
«Հորիզոն»ի խմբագրական
Comments are closed.