Համազգայինի Պատուիրակութիւնը Օթթաուայ մէջ Հանդիպեցաւ Գանատացի Երեսփոխաններու
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի Գանատա այցելութեան առթիւ, Չորեքշաբթի 17 Հոկտեմբերին, Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպուեցան շարք մը հանդիպումներ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ Պրայըն Մէյի եւ փոխ-ատենապետ՝ Հարոլտ Ալպրէխթի հետ: Համազգայինի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վիգէն Թիւֆենքճեանի, Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Ընկհ. Ծովիկ Քահվեճեան եւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Ընկ. Սեւակ Պէլեան:
Նախքան հանդիպումներու մեկնարկը, պատուիրակութեան անդամները յատուկ շրջապտոյտ մը ըրին Գանատայի խորհրդարանէն ներս, ուր աւելի մօտէն ծանօթացան Գանատայի պատմութեան, խորհրդարանական համակարգին եւ պետական կառոյցներուն: Շրջապտոյտը առաջնորդեց պետական պաշտօնեայ՝ Արեւիկ Աֆարեան:
Հանդիպումներու ընթացքին Համազգայինի պատուիրակութիւնը զոյգ երեսփոխաններուն ներկայացուց Համազգայինի 90-ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը, աշխարհասփիւռ գործունէութիւնն ու ծրագիրները եւ նամանաւանդ Գանատայի շրջանէն ներս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ տարատեսակ նախաձեռնութիւնները: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ մշակոյթի զարգացման, լեզուի պահպանման եւ սոյն գործերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Համազգայինի անզուգական առաքելութեան վրայ:
Նշենք, որ Ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան Գանատա կը գտնուէր իր մասնակցութիւնը բերելու եւ բանախօսելու Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի 90 ամեակի յատուկ հանդիսութեան: