Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը Մեծ Շուքով Բացումը Կատարեց Իր Նոր Մասնաշէնքին
Պատմական համառօտ ակնարկ
1978-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 21-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր զարգացնել Համազգայինի կրթական ցանցը, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Հրայր Մարուխեան, Բաբգէն Փափազեան ու Հրաչ Տասնապետեան կ՛ընտրէին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը:
1979-ին Յակոբ Պալեանին պաշտօն կը տրուէր որոշել Համազգային դպրոցի կառուցման պայմանները, շրջանը եւ վայրը, մինչ կամաւորներու խումբ մը լուրը կը տարածէր Մարսէյի հայ ընտանիքներուն:
1980-ին հիմը կը դրուէր Համազգայինի Մարսէյի ճեմարանին, կիսաւեր շէնքի մը մէջ, ունենալով մանկապարտէզ մը` միայն 4 աշակերտներով:
1993-ին դասարաններու համալրումով Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը կը դառնայ ամբողջ Եւրոպայի միակ հայկական վարժարանը` մանկապարտէզէն ԺԲ. դասարաններով, ուր աշակերտները կը հետեւին միաժամանակ` թէ հայոց լեզուի ու պատմութեան եւ թէ՛ ֆրանսական պետութեան հաստատած կրթական ծրագիրին` ապահովելով պատուաբեր յաջողութիւններ:
2015-ին Մարսէյի Համազգայինը, իր կրթական կառոյցին կողքին, զարկ կու տայ նաեւ մշակութային աշխատանքներուն, եւ նոյն տարուան սեպտեմբերին բացումը կը կատարուի Համազգայինի մշակութային եւ մարզական կեդրոնի կառոյցին, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ մարզասրահ մը եւ թատերասրահ մը:
Տարիներու ընթացքին Ճեմարանի զարգացումով ու աշակերտներու թիւի զգալի աճով` կարիքը կը զգացուէր նոր կառոյցի մը: Ուստի, իր հիմնադրութենէն մօտ 20 տարիներ ետք, 2023-ին Համազգայինի Մարսէյի վարչութեան ջանքերով Ճեմարան կ՛ունենար իր նոր շէնքը` լուսաւոր ու արդիական կառոյցով ու մօտ 400-ի հասնող աշակերտութեան թիւով:
Աշակերտութեան թիւի անընդհատ աճի պատճառով այս նոր կառոյցը եւս բաւարար չէր ընդգրկելու Համազգայինին դիմող բոլոր աշակերտները եւ, առ այդ, աշակերտութեան որոշ թիւ մը կը մերժուէր ամէն տարի տեղի անբաւարարութեան պատճառով` մտահոգութեան մատնելով Համազգայինի վարչութիւնը: Նոր հարցերը նոր լուծումներու կը կարօտէին, եւ կարիքը կար նոր մասնաշէնքի մը:
Արդարեւ, Մարսէյի Համազգայինի վարչութեան տեսլականին ու անոր իրագործման ի խնդիր տարուած մեծ ջանքերուն շնորհիւ` Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը 2024-ի վերամուտին ունեցաւ իր երկրորդ շէնքը, ուր տարուէ տարի պիտի աւելնան նախակրթարանի ու միջնակարգի զուգընթաց դասարանները` առիթ ընծայելով, որ Ճեմարան իր դռները լայն բանայ իւրաքանչիւր հայու դիմաց, որ կը փափաքի իր զաւակը ուղարկել հայկական վարժարան ու ամուր խարսխուած պահել հայութեան, հայերէնի ու Հայոց պատմութեան արմատները անոր մէջ:
Բացման արարողութեան երկու փուլ
Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկու փուլով:
Ուրբաթ, 13 սեպտեմբերին, դասաւանդութիւններէն ետք, ամբողջ աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ Ճեմարանի բակը, որպէսզի ծնողներուն եւ պատուոյ հիւրերուն հետ մասնակից դառնայ սոյն հպարտառիթ արարողութեան:
Բացման արարողութեան ներկայ էին ֆրանսական պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն` Պուշ Տիւ Ռոնի բաժանմունքի նահանգապետ Մարթին Վասալ, Քասսիի քաղաքապետ եւ բաժանմունքի փոխնախագահ Միլոն Տանիէլ, բաժանմունքի խորհրդատու Մարին Փուսթորինօ, 11-րդ եւ 12-րդ թաղամասերու թաղապետ Սիլվեն Սուվեսթր, Մարսէյի քաղաքապետական կցորդ Եանիք Յովհաննէսեան, Ալլոյի նահանգապետ Լիոնել տը Քալա, Պուշ Տիւ Ռոնի բաժանմունքի խորհրդական եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Ազատ Պալալաս, պետական պաշտօնատարներ` Մելինա Լանզի Էսքալոնա, Ֆլորանս Պերթրանտ, Էրիք Փանսօ, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կողմէ` Շահան արք. Սարգիսեան, Պոմոնի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսիսեան, Մարսէյի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ` հայր Սեպուհ Կարապետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան, բարերար Ժան Տատիքեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, Համազգայինի եւ «Արուեստի հոսանքներ» միութեան վարչութեան անդամները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն, Ֆրանսայի Կապոյտ խաչի, «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:
Ամբողջ աշակերտութեան մեկնաբանութեամբ հնչեցին Ֆրանսայի, Հայաստանի ու Ճեմարանի քայլերգները:
Շահան արք. Սարգիսեան, Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան եւ Արշէն քհնյ. Մովսիսեան կատարեցին նորակառոյց շէնքի օրհնութիւնը, որմէ ետք պատուոյ հիւրեր` Մարթին Վասալ, Ժան Տատիքեան, Յասմիկ Շահինեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Ժիլպեր Մարքոյեան, Քրիստին Սեմերճեան եւ Շաքէ Ժամկոչեան հատեցին բացման ժապաւէնը:
Ապա, յաջորդաբար Շահան սրբազան, Շ. Ժամկոչեան, Յ. Շահինեան, Ք. Սեմերճեան եւ Ժիլպեր Մարքոյեան Համազգայինի աշակերտներուն եւ ներկաներուն արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը:
Մտերմիկ հանդիսութեան աւարտին աշակերտները ֆլեշ մոպով ներկայացուցին արտայայտչական պար մը: Ապա ներկաները առիթը ունեցան այցելելու նորակառույց շէնքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2024-ին:
Շահան արք. Սարգիսեան, Արշէն քհնյ. Մովսիսեան եւ Մարսէյի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան կատարեցին նորակառոյց շէնքի բացման օրհնութիւնը եւ պատուոյ հիւրերը կտրեցին բացման ժապաւէնը:
Շահան սրբազան իր խօսքին մէջ գնահատեց կատարուած աշխատանքը` հաստատելով, որ դաստիարակութիւնը յառաջդիմութեան հիմքն է, եւ որ` Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին նոր շէնքի կառուցումն ու բացումը ապացոյցն են դպրոցի առաքելութեան հանդէպ եղած հաւատքին ու յանձնառութեան:
Սրբազանը այս առիթով ներկաներուն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հայրական սէրը, գնահատանքն ու օրհնութիւնը` շեշտելով, որ վեհափառը մարդակերտումի եւ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան հաւատացողն է եւ իր ողջ գործունէութեամբ կը ջանայ հայ դպրոցը պայծառ պահել սփիւռքահայ համայնքներու կեանքին մէջ: Ապա ան յայտնեց վեհափառի բարձր գնահատանքը, յատկապէս այն իրողութեան համար, որ հաւաքական ճիգով կարելի եղաւ աւարտին հասցնել տարիներու երազը` Եւրոպայի սրտին մէջ հայ կրթական ամբողջական համակարգով կեդրոնի մը կառուցումն ու բարձրացումը:
Շահան արք. նաեւ հաստատեց, որ կ՛ապրինք ներկային մեզի պարտադրած պայմաններուն մէջ, սակայն այսպիսի նախաձեռնութիւններով տեսիլքը կ՛ունենանք գերազանց ապագայի մը, ինչպէս նաեւ կրնանք ապրիլ այլազանութեան մէջ ինքնուրոյնութեամբ: «Ֆրանսայի քաղաքացիներն էք, եւ պատիւ պիտի զգաք անով, սակայն պիտի պահպանէք նաեւ ձեր ազգին բոլոր բարեմասնութիւնները, որոնք ո՛չ միայն ձեր հարստութիւնն են, այլեւ` Ֆրանսայի ու մարդկութեան: Հայկական ինքնութիւնը այս դպրոցին բերած իւրայատկութիւնն է եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հայ համայնքին ու մասնաւորաբար Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան ներդրումն է Ֆրանսային` ի նպաստ սերունդներու արժանապատիւ ու առանձնայատուկ զարգացումին»:
Պուշ տը Ռոնի ծերակուտական Վալերի Պուայէ խօսք առնելով` իր հիացումը արտայայտեց հայ համայնքին նկատմամբ, որ հակառակ կրած բոլոր տառապանքներուն` Ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման, անկարելին կարելի կը դարձնէ` չմոռնալու իր արմատները եւ կրթութեան ու դաստիարակութեան ընդմէջէն զանոնք փոխանցելու նոր սերունդին: «Ամէնուրեք հայ կայ, եւ ամէնուրեք գեղեցիկ պատմութիւնն է սփիւռքի յաջողութեան, որովհետեւ դուք չէք մոռնար, թէ ո՛վ էք եւ ուրկէ՛ կու գաք: Համազգայինի մէջ աշակերտներուն կը փոխանցուի այն լեզուն, որ ապաստարան է ձեր արմատներուն», հաստատեց ան: Ապա յաջողութիւն մաղթեց Ճեմարանին` յոյս յայտնելով, որ օր մը Մարսէյի մէջ Համազգայինը ունենայ ո՛չ միայն մանկամսուրի բաժանմունք, այլ նաեւ` համալսարան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որովհետեւ առանց անոնց զաւակներուն` այսպիսի գեղեցիկ դպրոց մը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ:
Օրօր Պրունա ներկայացուց Հարաւի մարզի նախագահ Ռընօ Միզիլիէի խօսքը: Ան հաստատեց, որ Համազգայինի Ճեմարանը ապացոյց է, որ Մարսէյի հայ նոր սերունդին կարելի է տալ հայկական դաստիարակութիւն, որպէսզի պահպանէ ազգային գիտակցութիւնը եւ մշակութային աւանդութիւնները` միաժամանակ պատրաստելով Ֆրանսայի Հանրապետութեան գործուն տարրեր:
«Շատ հպարտ եմ, որ այսօր կը ներկայացնեմ Ռընօ Միւզիլիէն, որ ներկայ էր հիմնարկէքի արարողութեան,- ըսաւ ան ու աւելցուց,- մենք շատ կը սիրենք ձեր դպրոցը եւ բազմիցս գտնուած ենք այստեղ: Այս հաստատութիւնը հարուստ է իր մանկավարժական ու մշակութային ծրագիրներով եւ կը դաստիարակէ ապագայ քաղաքացիները, որպէսզի անոնք ապրին իրենց զոյգ մշակոյթներով: Այս պատճառով է, որ 2016-ին քուէարկած ենք 800.000 եւրոյի օժանդակութիւն մը` ի նպաստ այս դպրոցի գործունէութեան եւ 400.000 եւրօ` նոր շէնքի ֆինանսաւորման համար»:
Իր խօսքի աւարտին Պրունա նշեց նաեւ, թէ արդէն տարի մը անցած է, որ արցախցիները տեղահանուած են իրենց բնօրրանէն: «Հպարտ ենք, որ դէմ քուէարկեցինք Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ-29-ի մասնակցութեան եւ միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլանք ու պարտադրենք Պաքուի մէջ գտնուող հայ պատանդներու ազատ արձակումը», հաստատեց ան:
Ճեմարանի նախկին աշակերտ եւ այժմու տնօրէն Շաքէ Ժամկոչեան իր խօսքը սկսաւ` յիշելով, որ 1980-ին Համազգայինը իր դպրոցը բացած է 4 աշակերտով: «Ահաւասիկ այսօր 400 հոգի ենք ու մօտ օրէն պիտի կարենանք ընդունիլ մինչեւ 700 աշակերտ: Մեր դպրոցը իրականութիւն պիտի չդառնար` առանց կամաւորներու ջանքերուն եւ բարերարներու նիւթական օժանդակութեան: Շնորհակալութիւն նաեւ ուսուցիչներուն, որոնց անսակարկ ճիգերուն շնորհիւ է, որ Ճեմարանը պետական քննութիւններուն կ՛արձանագրէ 100 առ 100 յաջողութիւն, եւ ուսուցիչներն են, որ աշակերտներուն կը փոխանցեն ուսանելու հաճոյքը եւ կը մղեն աշակերտները` զարգացնելու իրենց կարողականութիւնները»:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչը Յասմիկ Շահինեան, որ հաստատեց, թէ համոզում եւ հաւատք պէտք էր 1980 թուականին Մարսէյի մէջ Ճեմարան հիմնելու համար: «Շատերը համոզուած էին, որ այս ծրագիրը խենթութիւն էր… բայց այս նոր շէնքին կառուցումը` հին շէնքին կողքին, փաստ է, որ պէտք չէ վախնալ մեծ տեսլականներ ունենալէ եւ զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար պայքարելէ», ըսաւ ան` միաժամանակ համոզում յայտնելով, որ մօտիկ ապագային մանկապարտէզը եւս պիտի ընդարձակուի:
Շահինեան անդրադարձաւ աշխարհի տարածքին գտնուող երեք Ճեմարաններուն` Պէյրութի, Սիտնիի եւ Իսի լէ Մուլինոյի ու իր խօսքը ճեմարանականներուն ուղղելով` ըսաւ. «Դո՛ւք, սիրելի՛ ճեմարանականներ, մաս կը կազմէք մեծ ընտանիքի մը, որուն անդամները նոյն արժէքներուն կը հաւատան եւ նոյն ուղղութեամբ կը գործեն: Մարսէյի ճեմարանին մէջ, ինչպէս` բոլոր ճեմարաններուն, աշխատանք կը տարուի ամէնէն նպաստաւոր մանկավարժական միջավայրը ստեղծել, որպէսզի դուք լաւագոյն պայմաններու մէջ մեծնաք եւ, ինչպէս Լեւոն Շանթը կ՛ըսէր, դառնաք լաւ մարդիկ եւ լաւ հայեր: Մենք պայմանները կրնանք ստեղծել, բայց մնացածը ձե՛ր ձեռքն է: Դուք շա՛տ բան կրնաք իրականացնել: Այս Ճեմարանը, այս նոր շէնքը կը վկայեն, որ ձգտիլը եւ երազելը լա՛ւ բաներ են»:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Մարսէյի Ճեմարանին յաջողութիւնը կերտած իրերայաջորդ խնամակալութիւններուն, տնօրէնութիւններուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն, աշակերտներուն, անձնակազմերուն եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղած է իրականացնել այս ծրագիրը եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Մարսէյի Ճեմարանին կողքին կեցած են` հաւատալով Համազգայինի առաքելութեան:
Անդրադարձ կատարելով շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան` Յ. Շահինեան ըսաւ, որ այս շէնքի հիմերուն մէջ զետեղուած են` աղօթք մը` գրուած Շահան արք. Սարգիսեանին կողմէ, հող` բերուած Համազգայինի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմներէն, Պէյրութի եւ Իսի լէ Մուլինոյի Ճեմարաններէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: «Երբ կտրէք նոր շէնքին սեմը, երբ դասարանները մտնէք, երբ «Համազգային – Արուեստի հոսանքներ» մշակութային կեդրոնի պարի, երաժշտութեան, թատրոնի կամ նկարչութեան դասերուն հետեւիք, յիշեցէ՛ք` ի՛նչ հիմերու վրայ դրուած է մեր Ճեմարանին այս նոր շէնքը: Յիշեցէք նաեւ, որ այս գեղեցիկ շէնքին ճարտարապետը` Վանիկ Մաթիկեանը, ձեզի պէս ճեմարանական է. ի՛նքն ալ այս դպրոցը յաճախած է: Մեր ճարտարապետը, այս շէնքը կառուցողները, մենք բոլորս, որ հոս հաւաքուած ենք այսօր, այս ծրագիրը ձեզի՛ համար իրականացուցինք: Այս շէնքը, ինչպէս` Ճեմարանի բոլո՛ր շէնքերը, ճեմարանականներուն կը պատկանին: Բարո՛վ վայելեցէք»:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ իր նախաբանին մէջ անդրադարձաւ Մարսէյի Ճեմարանի հիմնադրութեան պայմաններուն` նշելով, որ այդ մէկը արգասիքն էր Դաշնակցութեան 1979-ին գումարուած Ընդհանուր ժողովին եւ ընթացք առած` Համազգային մշակութային միութեան կողմէ, որ հիմնուած էր Ցեղասպանութենէն ետք, Գահիրէի մէջ:
Ապա ան նշեց, որ Համազգայինի այս Ճեմարանը հիմնուած էր փոքր շէնքի մը մէջ, շատ սակաւաթիւ աշակերտներով: «Դուք այս դպրոցի զարգացման վկաներն էք», ըսաւ ան: Մ. Մկրտիչեան անդրադարձաւ երկու ինքնութեան ստեղծած նրբութեան եւ հաստատեց, որ հայերը ո՛ւր ալ գտնուած են, կրցած են համարկուիլ իրենց պատկանած երկրին` առանց հաւատարմութեան կապուած խնդիրներու, առանց հակասութիւններու, սակայն առանց մոռնալու իրենց արմատները: «Այս կրկնակի ինքնութիւնը երբեք հայկական ոգիին մէջ հակամարտութիւն չէ ստեղծած», շեշտեց ան ու այս միտքը եզրափակեց խօսքերով Շարլ Ազնաւուրի, որ պատասխանելով թղթակիցի մը` ըսած է, թէ ինք հարիւր տոկոս հայ է եւ հարիւր տոկոս ֆրանսացի:
Մարսէյի դպրոցին ու մշակոյթի կեդրոնին անդրադառնալով` Մ. Մկրտիչեան ըսաւ, որ անոնք նախատեսուած են կազմաւորելու Մարսէյի հայ համայնքին վաղուան մարդը եւ հանրապետական արժէքներով քաղաքացին: «Այս դպրոցը արդէն իսկ տուած է բազմաթիւ սերունդներ: Մենք կը փափաքինք բարելաւել այս հաստատութեան միջոցները, որպէսզի միշտ գերազանցենք մեր արդիւնքները: Այս պատճառով ալ մենք միշտ ձեր ու ձեր աջակցութեան ու քաջալերանքին կարիքը ունինք», դիտել տուաւ ան: Իր խօսքին մէջ մէջբերեց նաեւ 2021-ի վերամուտին առիթով Էքս Մարսէյի համալսարանի տնօրէնին խօսքը` ուղղուած Ճեմարանին, ուր ան կ՛ըսէր. «Մենք հայկական համայնքի շատ լաւ օրինակ մը ունինք Մարսէյի մէջ, Ցեղասպանութենէն ետք 6-րդ սերունդն է, որ ուսում կը ստանայ: Հայերը, մանաւանդ անոնք, որոնք յաճախած են Համազգայինի դպրոցը, շատ կապուած են իրենց արմատներուն, յաճախ կը խօսին իրենց լեզուով` միաժամանակ հիանալի ու խոր տիրապետելով ֆրանսերէնին: Մեր երկրի բազմազանութիւնն է իր հարստութիւնը»:
Մկրտիչ Մկրտիչեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Դպրոցը մինչեւ երէկ տարողութիւնը ունէր ընդունելու 400 աշակերտ: Այժմ այդ թիւը կրնայ աւելնալ 50 առ հարիւրով: Ասիկա ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է, որովհետեւ այս հոյակապ դպրոցին մէջ տեղ չունենալու պատճառով հայ աշակերտին մերժելը գերագոյն յանցագործութիւն է: Այս ուղղութեամբ դեռ շատ ընելիքներ կան, ինչպէս` ընդարձակել մանկապարտէզը եւ կամ նոյնիսկ մանկամսուրի բաժանմունք ունենալ: Մենք լրջօրէն պէտք է մտածենք այդ մասին: Քաջութի՛ւն»:
Ապա խօսք առաւ Մարսէյի Համազգայինի «Արուեստի հոսանքներ» միութեան ատենապետ Քրիստին Սեմերճեանը, որ հաստատեց, թէ մեծ ուրախութեամբ Մարսէյի մէջ կը բացուի Համազգայինի նոր էջը` երկլեզու ճեմարանին եւ արուեստի հոսանքներուն համար: Ան նշեց, որ 40 տարուան այս հաստատութիւնը, սկսած` ափ մը մանուկներով, այժմ կը հաշուէ 150 աշակերտներ, որոնք կը մասնակցին պարի, երաժշտութեան, գծագրութեան, կաւագործութեան, թատրոնի ու մարզանքի:
«Այսօր միայն պատերու բացումը չէ, որ կ՛ընենք, այլ նաեւ կը տարածենք մեր ինքնութիւնը, մեր յիշողութիւնն ու մեր մշակոյթը եւ սփիւռքի մէջ կը խարսխենք մեր կենսունակ հայրենիքը: «Արուեստի հոսանքներ»-ը անընդմէջ բարձրացուց հայ մշակոյթը ոչ քարացած ժառանգութեան մը նման, այլ կենսունակ ուժի մը պէս փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ եւ բոլորս համախմբեց իր շուրջ ու հարստացուց: Այս նոր կառոյցը պարզ վայրէ մը աւելին է. այս յարկին տակ հայ մշակոյթը կրնայ ճառագայթել ու վերանորոգուիլ», ըսաւ ան: Ապա Քրիստին Սեմերճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին իրագործելու այս ծրագիրը` հաստատելով, որ բոլորին օժանդակութեամբ Համազգայինը միշտ աւելի զօրաւոր է:
Անկէ ետք Թամար Գոնճա բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Մարսէյի վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեանը` դրուատելով անոր ունեցած մեծ դերակատարութիւնը` նոր շէնքի կառուցման տեսլականին եւ անոր իրականացման գործընթացի բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ, միաժամանակ ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր կնոջ` Պրիժիթ Մարքոյեանին, իր անսակարկ նուիրումին ու կամաւոր աշխատանքին համար:
«Համազգայինը այսօր 44 տարեկան է: 24 տարիներէ ի վեր այս շէնքը կառուցուած է եւ 10 տարիէ` մարզասրահն ու թատերասրահը: Ո՞վ կ՛ըսէր, որ 20 տարի վերջ կարիքը պիտի զգացուէր տարածքը ընդլայնելու», ըսաւ Ժ. Մարքոյեան ու շեշտեց, որ այս բոլորը կարելի եղած է իրագործել զոհողութիւններու գնով: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց չորս տնօրէններուն` Յակոբ Պալեանին, Սեդա Պիպեռեանին, Լուսին Մալիքեանին եւ այսօրուան տնօրէն Շաքէ Ժամկոչեանին, ինչպէս նաեւ` յաջորդական վարչութիւններու անդամ բոլոր կամաւորներուն ու խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ անոնք բախտաւոր սերունդ են, որովհետեւ իրենց ամէն ինչ տրամադրուած է, որպէսզի կարենան յաջողութիւն արձանագրել իրենց դասերուն մէջ: «Եղէք օրինակելի ու լաւ քաղաքացիներ եւ երբեք մի՛ մոռնաք ձեր հայկական ինքնութիւնը, որ այս դպրոցին հիմքը կը կազմէ, որովհետեւ եթէ մոռնաք, իրաւունք տուած կ՛ըլլաք անոնց, որոնք ուզեցին աշխարհի քարտէսէն ջնջելու մեզ», ըսաւ ան:
Ապա Ժ. Մարքոյեան յորդորեց, որ աշակերտները երբ ապագային յաջողին իրենց կեանքին մէջ, մի՛շտ մտածեն օգտակար դառնալ Ճեմարանին ու վառ պահեն յիշատակը Համազգայինի հիմնադիրներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետ Մարթին Վասալին եւ տարածաշրջանի պատասխանատու Ռընօ Միւզիլիէին` իրենց զօրակցութեան եւ նիւթական օժանդակութեան համար իւրաքանչիւրին տրամադրած 400.000 եւրոյին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարիոն եւ Ժանն Տատիքեան ամոլին եւ անոնց սրտաբուխ ու առատաձեռն նուիրատուութեան համար, ինչպէս նաեւ` Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինին, Կապոյտ խաչին, Ծնողական խորհուրդին եւ բոլոր բարերարներուն ու նուիրատուներուն, իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեան համար եւ նշեց, որ շէնքի ընդհանուր ծախսն է 3.600.000 եւրօ:
Իր խօսքի աւարտին Ժիլպեր Մարքոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Քէրքէրեանին, որ օժանդակած է հողի գնման աշխատանքներուն, եւ այն բոլոր ընկերութիւններուն, որոնք սատարած են այս շէնքի շինարարական աշխատանքներուն եւ յատկապէս նոր շէնքի ճարտարապետ Վանիկ Մաթիկեանին, որ Ճեմարանի շրջանաւարտ է:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Մարթին Վասալ, որ շեշտեց, թէ մեծ պատուիրակութեամբ մը ներկայ կը գտնուի այս կարեւոր ու գեղեցիկ շէնքի բացման հանդիսութեան եւ ընդգծեց, թէ բնական է, որ երբ նուիրեալ ուսուցիչներ կան, նուիրեալ անձնակազմ ու կամաւորներ կան, հանրապետութեան անունով իրենք ալ անոնց կողքին կ՛ըլլան, որովհետեւ` «Իւրաքանչիւր փոքրիկ այս տարածքին վրայ խոստում մըն է, որ մեր գործը յառաջ պիտի տանի ու շարունակէ»: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է գիտնալ, թէ ուրկէ՛ կու գանք, որպէսզի կարենանք գիտնալ, թէ ո՛ւր պիտի երթանք:
Ան ըսաւ, թէ ամէն անգամ որ քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը դպրոց այցելէր, Ժ. Մարքոյեան կ՛ըսէր, թէ իրենք իրենց յաջողութեան զոհերն են եւ հարց կու տար, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի ոչ մէկ աշակերտ մերժեն: «Ու ըրինք այն, ինչ որ պէտք էր ընէիք. ընդարձակեցիք պատերը», ըսաւ Մարթին Վասալ` եզրափակելով իր խօսքը:
Ապա ան ձիթենիի տունկ մը նուիրեց դպրոցին` իբրեւ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ ուրախութեան:
Բացման պաշտօնական արարողութեան աւարտին, հրաւիրեալները այցելեցին նորակառոյց շէնքը:
Comments are closed.