Համազգայինի Գանատայի շրջանի 42-րդ Շրջանային Ժողով
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 42-րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 28 Օգոստոս 2021-ին, Kingston, Four points by Sheraton հիւրանոցէն ներս:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղէն 6 պատգամաւոր, Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղէն 13 պատգամաւոր եւ մէկ հիւր, Գէյմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղէն 2 պատգամաւոր եւ մէկ հիւր, Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղէն 1 պատգամաւոր որ ժողովին միացաւ առցանց։
Ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի մօտ ներկայացուցիչը՝ ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ընկհ.Լոռիկ Սապունճեան – Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչը՝ ընկ. Վահէ Յակոբեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութենէն ընկ.Արպի Ղազարեան:
Արժեւորելով ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը, ժողովականները զայն գտան յոյժ գնահատելի, մանաւանդ համավարակի պայմաններուն նկատի առած:
Յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան համար ժողովականները որդեգրեցին հետեւեալ մարզերուն վերաբերեալ բանաձեւեր. Արթլինքս, Աշակերտական Գրական Մրցոյթ, Խօսակցական Արեւմտահայերէնի դասընընթացք, «Լեւոն Շանթ» Հայերէնագիտական դասընթացք, Հրատարակչական, «Բագին» պարբերաթերթ, «Արցախի Մանուկներուն համար ծրագրի շարունակութիւն», Համազգային Գանատայի կայքէջի վերակենդանացում։ Նաեւ նկատի առնելով Լիբանանի տնտեսական տագնապը, ժողովը որոշեց օգնութիւն տրամադրել Համազգայինի Ճեմարանին , «Ուսուցիչ մը որդեգրել» ծրագիրով:
Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւն 2021-2022 տարերշրջանի համար, եւ ընտրեցաւ ընկհ. Թալին Արթինեան Քըլըպոզեան (Թորոնթօ), իսկ իրենց ընտրական շրջանը կը շարունակեն ընկերուհիներ Թամար Շահինեան, Ռոզմարի Սահակեան, Անիթա Թոպի (Մոնթրէալ ) եւ ընկհ. Էօժենի Բարսեղեան (Թորոնթօ)։
Միօրեայ Շրջանային ժողովը աւարտեցաւ Շաթաթ կէսօրէ ետք:
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն
27 Սեպտեմբեր 2021