Համազգայինը հայահաւաքի կազմակերպութիւն է, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի խօսքը Համազգայինի 95-ամեակի Գանատայի հանդիսութիւններուն
Ի՞նչ գնահատական տալ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կերտիչներէն այն ընտրանիին, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն 13 տարիներ ետք, իրենց ու իրենց ընկերներուն կերտած նոյն հանրապետութեան կորուստէն 7 տարիներ ետք, երբ տակաւին սփիւռքը չէր իսկ կազմաւորուած, այնուհետեւ պատմական դարձող օր մը, հայրենի կենարար հող ու ջուրէն հեռու, Եգիպտոսի մէջ մտայղացան, հաւաքուեցան ու ստեղծեցին Հայ Կրթական ու Հրատարակչական այս միութիւնը, որ շուտով պիտի վերակոչուէր ու լայն գործունէութիւն ծաւալէր իրբեր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, որ հայրենիքէն հեռու, իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողանայ հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն կամրջուած պահել։ Ըսել միայն, թէ անոնք մարգարէատիպ այրե՞ր էին ու անցնի՞լ։
Ինչպէ՞ս անուանել այն բազմահազար հայորդիները, որոնք հետեւելով հիմնադիրներու սերունդին ստեղծած աւանդներոն, միացան ու 95 երկար ու ձիգ տարիներ, հետեւողական կերպով, կամաւոր հիմունքով, վարչական զանազան կառոյցներու մէջ հսկայածաւալ ու արդիւնաւէտ աշխատանք տարին, որ հայ լեզուն շարունակէ ծաղկիլ նորահաս մանկանց շուրթերուն, որ հայ աշակերտը շարունակէ հայկական դպրոց յաճախել, հայ գիրն ու գրականութիւնը շարունակէ տպագրուիլ ու տարածուիլ, հայ երգն ու նուագը շարունակեն հնչել ու զրնգալ, հայ պարը շարունակէ թնդալ ու թնդացնել, հայ թատրոնը նոր բեմադրութիւններով օժտուի, այլ խօսքով՝ սփիւռքացած հայութիւնը պահէ՛ իր մշակոյթը եւ շարունակէ զարգացնել զայն։ Ըսել միայն, թէ անոնք առաքելատիպ նուիրեալ մարդիկ են ու անցնի՞լ։
Ինչպէ՞ս յորջորջել սփիւռքի մեր գեղարուեստի խումբերուն պարուսոյցներն ու խմբավարները, բեմադրիչներն ու կերպարուեստի ուսուցիչները, որոնք սփիւռքի զանազան ափերուն, իրենց մասնագիտական ասպարէզը նուիրաբերեցին հայ իրականութեան մէջ գործելուն, նորահաս հայ սերունդը իր մշակութային արմատներուն հետ կամրջելուն։ Ըսել միայն, թէ անոնք հայ արուեստագէտներ են ու անցնի՞լ։
Ի՞նչ անուն տալ մարդկանց այն տեսակին, «Աղքատին լուման» ներդնողներէն մինչեւ մեծագումար նուիրատուներուն, որոնք անցնող 95 տարիներուն Համազգայինի առաքելութեան յաջողութեան, կառոյցներու շինարարութեան թէ այդ կառոյցներուն մէջ գործող ստեղծագործական խումբերուն անխափան գործունէութեան համար կատարեցին նիւթական նուիրատուութինն։ Ըսել միայն, թէ անոնք բարեսիրտ բարերարներ են ու անցնի՞լ։
Պահ մը եկէք միասին ընդգծենք ու շեշտադրենք այս իրողութիւնը. աշխարհագրական 19 շրջաններ, ուր բուռ մը հայութիւն կայ, մեծաթիւ հայորդիներ հաւաքուած են զանազան վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու մէջ ու մասնակից են հայապահպանական լուրջ առաքելութեան մը։ Նոյնքան ու աւելի վայրերու մէջ կը գործեն նաեւ մեր քոյր միութիւնները՝ ՀՕՄ-ն ու ՀՄԸՄ-Ը, որոնց հետ միատեղ անցանք մեր ճամբան ու այս առիթով, մեր սրտագին ողջոյնը կը յղենք անոնց։
Եթէ ո՛չ միայն ծնունդով, այլեւ սեփակա՛ն որոշումով հայ ես, քեզի համար կա՞յ աւելի հոգելից եւ զուարթ կենսակերպ մը, երբ գաղափարական գիտակցութեամբ նուիրեալ մասնակից մըն ես, անհրաժեշտ եւ անփոխարինելի մասնիկ մըն ես համազգայնականի միութենական կեանքին, որուն 95-ամեակն է արդէն եւ որուն շնորհիւ, իբրեւ իրերայաջորդ սերունդներու ժառանգորդը, անվերապահօրէն եւ հպարտօրէն կրնաս յայտարերել, որ դուն կա՛ս, կը մնա՛ս, եւ որ թշնամին չէ՛ կրցած, չի՛ կրնար ու պիտի չկարենա՛յ զգետնել քեզ։
Միւս կողմէ սակայն, Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան յոբելենական հանդիսութեանց շարքը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, կատարեցինք ու կը շարունակենք կատարել հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն. իրապաշտ ըլլանք ու հաստատենք, որ՝
– Ամբողջութեամբ հայաթափ է մեր պատմութեան վերջին 35 տարիներու կիզակէտը հանդիսացող հերոսական Արցախը։ Արցախահայութիւնը անորոշ ճակատագրի մատնուած է ու Հայաստանի մէջ թէ արդէն Հայաստանէն դուրս կը կրէ բազմապիսի տագնապներ։
– Ազգովին դեռ կը գտնուինք թմբիրի մէջ եւ հայոց արդի վտանգալից կացութեան նկատմամբ անտարբերներուն թիւը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, օրէ օր կ’աճի։
– Սփիւռքը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր երբեմնի կենսունակութիւնը ու հայրենամերձ գաղութները կը դիմագրաւեն քաղաքատնտեսական մեծ ու անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւններ։
– Հայախօսութիւնն ու հայեցի մտածելակերպը աղետալի անկումի մէջ են գրեթէ ամէնուրեք, ու արեւմտահայերէնը արդէն կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին։
– Յաջողութիւն արձանագրած են պառակտման ճամբով հայութիւնը տկարացնելու միտող ապազգային ու օտարակեդրոն փորձերը, ու խաթարման վտանգի տակ է սփիւռքի մէջ՝ հայրենիքին համար ու հայրենական հեռանկարով ապրելու մեր գոյերթին գաղափարական իմաստը։
Ահա այս մարտահրաւէրներու գիտակցումով է, որ Համազգայինը այսօր, աշխարհասփիւռ շրջաններու ու հայրենիքի մէջ կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ մեր ամէնէն կենսունակ ու կազմակերպ շրջաններէն մէկուն՝ Գանատայի մէջ, այսօր, մենք կ’ուրուագծենք դէպի 100-ամեակ ընթացող մեր հեռանկարներէն մէկ քանին.
– Առաջին հերթին, պիտի պահուին, պահպանուին ու առաւել ծաղկին հինէն մեզի ժառանգուած կառոյցներն ու արժէքները։ Առաւել պիտի կազմակերպուին մեր ճեմարանները, հրատարակչական ու գրատարած աշխատանքները, ուսանողական ու երիտասարդական համախմբումները, հայագիտական ու հայերէնագիտական այլեւայլ ծրագիրները։
– Յառաջիկայ հնգամեակը Համազգայինի շարքերը երիտասարդացնելու, մեր պարախումբերու, երգչախումբերու, թատերախումբերու թէ գեղարուեստի դպրոցներու մէջ թրծուած երբեմնի մանուկներն ու պատանիները, այսօր իբրեւ առոյգ երիտասարդներ, Համազգայինի միութենական կազմակերպական կառոյցին մէջ ներգրաւելու ու անոնց կենդանի ու արդիւնաւէտ Գործ վստահելու հնգամեակն է։
– Յար եւ նման Համազգայինի հայերէնի ու հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներ պատրաստելու ինքզինք ապացուցած օգտաշատ ծրագրին, յառաջիկայ հնգամեակը Համազգայինի աշխարհատարած ստեղծագործական խումբերու յարատեւումն ու որակաւորումը ապահովող երիտասարդ գեղարուեստական ղեկավարներ՝ բեմադրիչներ, պարուսոյցներ, խմբավարներ ու կերպարուեստի ուսուցիչներ պատրաստելու հնգամեակն է։
– Յառաջիկայ հնգամեակը նաեւ աշխարհատարած համազգայնական կառոյցներու միջեւ ստեղծագործական համագործակցութեան ու փոխօգնութեան, այլ խօսքով, հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդումին հետ, համասփիւռքեան մշակութային կապերու զարգացումին ու ամրապնդումին հնգամեակն է։
Փաստօրէն, մեր հիմնադիրները իրենց առաքելութեան մէջ յաջողեցան շուրջ հարիւրամեակի մը համար։ Ասոր առհաւատչեան, գրեթէ ամէն օր, երկրագունդի այս կամ այն կէտէն, Համագայինի 19 շրջաններու պարախումբերու, թատերախումբերու եւ երգչախուբերու ելոյթներու, հրատարակուած գիրքերու թէ կերպարուեստի ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի տարբեր երկիրներու ճեմարաններու աշակերտներու ու շրջանաւարտներու յաջողութիւններուն մասին՝ մամուլն ու համացանցը ողողող նիւթերն են։
Հե՞շտ էր անոնց անցած ճանապարհը․ անվարան՝ ոչ։ Պատկերացուցէք Շանթերն ու Աղբալեանները, որոնք իրենց գաղափարակից ընկերներուն հետ, Հայոց Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք իսկ Հայաստանի անկախութիւն կերտած են, պետական պատասխանատու պաշտօններ վարած են, այդ օրերուն վտարանդի ու տարագիր են, սակայն, իրենց հաւատքն ու նուիրումը այնքան զօրեղ ու աննկուն եղած է, որ անոնք չեն երկնչած ու ազդուած տիրող աննկարագրելի դժուարութիւններէն ու յառաջ մղուած՝ դէպի Սրբազան Առաքելութիւն։
Յաճախ կրկնուած ճշմարտութիւն է, որ ամեակները իբրեւ տարիներու ամբողջութիւն, իրենց մէջ ոչինչ ունին նոր։ Անհատներն ու հաւաքականութիւններն են, որոնք նման առիթներով պիտի վերարժեւորեն անցեալը, քննեն ներկայի մարտահրաւէրները, անհրաժեշտութիւններն ու հնարաւորութիւնները եւ ուրուագծեն ապագան։
Յոբելենական հանդիսութիւնները կատարելը, բնականաբար, գովեստի ու գնահատանքի խօսքեր ըսել ու լսել ալ կ’ենթադրէ։ Եւ ինչքան ալ զուսպ ու ժուժկալ ըլլանք Համազգայինի 95-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով մեր մտորումներուն մէջ, այսօր, մտովի վերաքաղ ընելով անցած 95 տարիներու կատարածն ու ձեռքբերածը, կրնանք անվարան հաստատել, որ սփիւռքահայ հայրենակարօտ զանգուածներուն համար՝
– Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ։ Համազգայինը հայահաւաքի կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով՝ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը։ Հայօրէն ապրիլ կը նշանակէ համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլեւ՝ ապրեցնել։
– Համազգայինը առաքելութիւն է։ Անոր առաքեալներն են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայոց ազգային մշակոյթի արժէքներն ու ջանք ու քրտինք չեն խնայեր, կազմակերպական զանազան կառոյցներու մէջ բեղուն ու կամաւոր գործունէութիւն ծաւալելու։
– Համազգայինը նուիրաբերում է։ Անոր նուիրաբերողնեը գիտակից ու ձեռնհաս հայորդիներն են, որոնք խորապէս կը գիտակցին Համազգայինի հայապահպան ու մշակութատարած առաքելութեան ու անվերապահօրէն կը վստահին անոր։
– Համազգայինը յանձնառութիւն է։ Անոր յանձնառուներն են բոլոր անոնք, որոնք կը ծառանան քիչ առաջ նշուած բոլոր դժուարութիւններուն դէմ ու հիմնադիր սերունդէն իսկ կտակուած տոկուն կամքով ու հաւատքով կը շարունակեն համազգայնականի իրենց կեանքն ու աշխատանքը։
– Համազգայինը ազգային ինքնութեան գիտակցում ու անոր ամբողջական կառչածութիւն է։ Կեանքի ապազգայնացնող այս յորձանուտին մէջ, ազգային ինքնութեան հաւաքական գիտակցութեան պակասն էր առաւելաբար, որ պարտութեան մատնեց մեզ։
– Եւ վերջապէս, Համազգայինը երիտասարդութիւն է։ Համազգայինի տարբեր երկիրներու՝ տարբեր ճեմարաններու, գեղարուեստի դպրոցներու եւ ստեղծագործական խումբերու մէջ հաւաքուած մեր աննման պատանիներն ու երիտասարդները հիմքը կը կազմեն տարեց, բայց ոչ ծեր այս հոյակապ միութեան, առանց որուն սփիւռքի մեր հաւաքական կեանքը վաղուց գունաթափուած ու հաւանօրէն նոյնիսկ ընդհատուած պիտի ըլլար։
95- ամեակը՝ 95- ամեակ, մշակոյթը՝ մշակոյթ, կրթութիւնը՝ կրթութիւն։ Սակայն այսօր մեր սեւեռակէտը կը շարունակէ մնալ արցախահայութեան դժնի ճակատագիրը։ Մեր քոյր միութիւններուն հետ, այսօր լծուած ենք Հայաստանի՝ իր հայրենիքին մէջ իսկ տարագիր, ցիրուցան ու իրաւազուրկ մեր արիւնակիցներուն այս դժուարին հանգրուանին թեւ-թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին։ Համազգայինի Արցախի ու Հայաստանի զոյգ գրասենեակները օրն ի բուն կ’աշխատին բարոյահոգեբանական աջակցութիւն ցոյց տալ արցախի մանուկներուն, դպրոցական դասերու ուսուցման կեդրոններու մէջ օգնել անոնց կրթութեան ու դաստիարակութեան, մշակութային զանազան կերպերով, տիկնիկային ներկայացումներով թէ կերպարուեստի ուսուցման ճամբով, արցունքի կաթիլ չորցնել ու ժպիտ ուրուագծել անոնց դէմքին, նպաստելով անոնց անխուսափելի հոգեխոցը մեղմելուն։
Խօսքս աւարտելէ առաջ, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, սրտի անհուն սիրով ու գորովով կ’ողջունեմ Շրջանային վարչութիւնն ու իր մասնաճիւղերը, գեղարուեստի խումբերու ուսուցիչներն ու անդամները, զանազան յանձնախումբերու մէջ ներգրաւուած համազգայնականները, որոնք հայ մշակոյթի ջահը արծարծ պահելով, բազմածիր ու բազմաբովանդակ ժիր աշխատանքով, Գանատայի շրջանը առոյգ ու օրինակելի կը պահեն՝
– Որպէսզի ամրանայ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնն ու ազգային կենսակերպը, իրականանայ մեր առաքելութիւնը, ուժական դառնայ մեր նուիրումի ոգին, վերանորոգուի մեր յանձնառութիւնը եւ առաւել երիտասարդանան մեր շարքերը։
– Որպէսզի անսասան մնայ Համազգայինի առաքելատիպ հիմնադիրներու տեսլականը, ու հայը շարունակէ կարեւորութիւն ընծայել իր կրթական մակարդակին ու տէրն ու կրողը մնայ իր դարաւոր մշակոյթին։
– Բայց մանաւանդ, որպէսզի այս օրհասական օրերուն, միասնական ու ամբողջանուէր կերպով դիմագրաւուին մեր բոլոր տագնապներն ու դժուարութիւնները, յանուն մեր վաղուան պայծառ օրուան։
Comments are closed.