Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
1020
0
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը•
Ուրբաթ, 12 յուլիսէն շաբաթ, 13 յուլիս 2024-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասին մէջ անհատական միջադէպի մը հետեւանքով, ընտանիքի մը անդամ երիտասարդներ փորձեցին ներխուժել թաղամասի ՀՅԴ “Նիկոլ Դուման” ակումբ եւ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որոնք ընդամէնը քանի մը մեթր հեռու են ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունէն:
Յայտնի անցեալով ու շրջանին մէջ հարցեր ստեղծելով ծանօթ այդ անձերը կրակեցին, հայհոյանքներ ու համայնքային կիրքեր հրահրող արտայայտութիւններ բացագանչեցին, սակայն “Նիկոլ Դուման” ակումբի մեր ընկերներն ու շրջանի բնակիչները յաջողեցան ետ մղել այդ խմբակները։
Բոլորին ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Պուրճ Համուտը ունի իր իւրայատուկ դիմագիծը եւ անոր իւրայատկութեան ու խաղաղ համակեցութեան պահպանման համար ՀՅԴ-ն տասնամեակներ շարունակ յանձն առած է մեծ զոհողութիւններ, առանց ճիգ եւ արիւն խնայելու:
Հետեւաբար կը զգուշացնենք բոլոր անոնք, որոնք ցարդ չեն կրցած ըմբռնել այդ իւրայատուկ դիմագիծի կարեւորութիւնը, որ այսպիսի արարքներ բացարձակապէս անընդունելի են, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է լուռ անցնիլ անոնց վրայէն:
Նաեւ կը պահանջենք, որ ապահովական եւ դատական մարմինները տէր կանգնին իրենց պարտականութիւններուն, որովհետեւ կարելի չէ անտեսել երկրի զգայուն այս պայմաններուն մէջ միջհամայնքային հարցեր հրահրելու փորձերը.
միւս կողմէ, շրջանի բնակիչները չեն կրնար անվերջանալիօրէն հանդուրժել այդ զինեալ երեւոյթները, օրինազանցութիւններն ու ոտնձգութիւնները:
Ուստի, ապահովական մարմինները պարտին փութալ վերջ դնելու այդ վտանգաւոր երեւոյթներուն եւ այդ արարքներու հեղինակները յանձնեն դատական իշխանութեան, սանձելու համար միջհամայնքային հարցեր յառաջացնելու փորձերը, եւ կարգի բերելու բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան սանձարձակօրէն եւ անհետեւանք խախտել խաղաղ բնակչութեան եւ շրջաններու անդորրը:
Comments are closed.