Հաղորդագրութիւն

 
ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը կամքէ անկախ պատճառներով հեռու մնացած էին իրենց շաբաթական գործունէութիւններէն եւ առցանց կը շարունակէին իրենց շաբաթական հաւաքները։
 
Երկու երկար տարիներ ետք, ահաւասիկ այսօր՝ Ուրբաթ 26 Նոյեմբեր 2021ի երեկոյեան ժամը 7։00ին Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանը արտասովոր եռանդ մը կ՚ապրի։ Այո՛, ՀՄԸՄ- Կամք մասնաճիւղի սկաուտներն են, որոնք դարձեալ միախմբուած են հոն, կատարելու իրենց շաբաթական հաւաքը ու պաշտօնապէս բաց յայտարարելու 2021-2022 տարեշրջանի գործունէութիւնը։
 
Որքա՜ն յուզիչ եւ նոյն պահուն գօտեպնդիչ է տեսնելով սկաուտական խումբերուն թիւն ու անոնց կորովը, մանաւանդ երբ Մասնաճիւղի խմբապետին հրահանգին անսալով բոլորը միասին «ՊԱՏՐԱ՜՜ՍՏ» կը գոչեն։
 
Կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդին ու ՀՄԸՄ- կամք մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին բացման արարողութիւնը սկսաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք Մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեանն ու Մասնաճիւղի խմբապետուհի ք. Ալիսիա Աղազարեանը բաց յայտարարեցին գործունէութիւնը եւ հրաւիրեցին ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջ. Խմբապետուհի ք. Սարին
Քէօսէեանը կատարելու համար Վկայեալ Կարգի տուչութիւնը, որուն մասնակցած էին 13 քոյրեր եւ եղբայրներ։ Հերթով ներկայացան եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան, ք. Լէա Ժանքուճեան, եղբ. Հրակ Գուշեան, եղբ. Մհեր Պանքեան, ք. Սարիթա Պամպուքեան, ք.
Կարին Իմամէճեան, ք. Տիանա Սիուֆի, ք. Էմիլի Մարկորեան, եղբ. Հրակ Պանքեան, եղբ. Ալեք Օլթաճեանի, եղբ. Սեւակ Պապիկեան, եղբ. Սեւակ Աղպապեան եւ եղբ. Մաթիու Պասմաճեան։
 
Սոյն արարողութեան հիւրաբար ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները։
 
Անոր յաջորդեց խմբային պատկեր առնելու աշխատանքը, որմէ ետք իւրաքանչիւր խումբ ալ ունեցաւ իր խմբային նկարը, առ ի պատրաստութիւն 2022 տարեցոյցին, որ տարիներու սովորութիւն դարձած է մասնաճիւղէն ներս։
 
Այս առիթով ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կ՚ուզէ յայտնել Տիար Մուրատ Սանոսեանին
(Photo Mourad), որ սիրայօժար յանձն առաւ խումբերը նկարելու գործը։
 
ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Վկայեալ Կարգ ստացող բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, կը մաղթէ որ անոնք նոյն թափով ու եռանդով շարունակեն իրենց անսակարկ նուիրումը եւ տարեշրջանը բեղուն ըլլայ յաջողութեամբ պսակուած գործունէութիւններով։
 
ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութեան անդամ՝
Քոյր Շողիկ Ազարիկ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.