Հաղորդագրութիւն Հ.Յ.Դ. Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովին կողմէ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, 14-15 Ապրիլ 2023-ին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին արաբական երկիրներու եւ Իրանի մարմիններու ներկայացուցիչները: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի կուսակցական կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Առաջին առիթով ժողովը իրազեկ դարձաւ Բիւրոյի միամեայ գործունէութեան՝ համահայկական, կազմակերպական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Տեղեկագրի ներկայացումէն ետք կատարուեցաւ օրակարգերու քննարկում եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին ներկայացուեցան առաջարկներ ու տեսակէտներ:
Ժողովի ընթացքին Միջին Արեւելքի շրջանները ներկայացուցին իրենց միամեայ գործունէութեան զեկուցումը՝ համահայկական, քաղաքական, կազմակերպական եւ շրջաններու համայնքային գործունէութեանց մասին: Զեկուցումներէն ետք ծաւալեցաւ քննարկում՝ ներկայի մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Սուրիոյ եւ Լիբանանի ապրած ճգնաժամերը եւ վերջին իրադարձութիւնները դարձան կարեւոր առանցք այդ քննարկումներուն: Այս ծիրին մէջ ժողովը վերահաստատեց Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսական նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը համազգային տեսլականներու հետապնդման ու իրագործման ուղղութեամբ:
Քաղաքական օրակարգով ժողովը լսեց երկու զեկոյց՝ Միջին Արեւելքի այսօրուան կացութեան, ինչպէս նաեւ ներազգային ու համայնքային ներկայ իրավիճակի լոյսին տակ, շրջաններու հասարակաց մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն մասին:
Ժողովը յատուկ օրակարգով անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի շրջաններու կազմակերպական կեանքին ու երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միաւորներու գործունէութեան: Այս միութիւններու գործունէութեան յաւելեալ թափ տալու առաջադրութեամբ ժողովը փոխանցեց պատկերացումներ եւ խորհրդածութիւններ:
Միջին Արեւելքի մարմիններու խորհրդաժողովը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ծաւալած Հայաստանեան, Արցախեան, կազմակերպական եւ Միջին Արեւելքի շրջաններու ճգնաժամերու յաղթահարման ուղղութեամբ տարած ճիգին ու գործունէութեան:
Հակառակ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապներուն բոլոր շրջանները պատրաստակամութիւն յայտնեցին յաւելեալ աշխուժութեամբ դերակատար դառնալու Բիւրոյի ծաւալած գործունէութեան: Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ տնտեսական նոր ռազմավարութեան մը մշակումը:
Ժողովը գնահատեց, երկրաշարժի աղէտէն ետք, Սուրիոյ շրջանին ի գործ դրած վերականգնումի ճիգը եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ նեցուկ կանգնելու սուրիահայութեան եւ անոր գոյերթի շարունակականութեան:
Միաժամանակ ժողովը անդրադարձաւ ընդհանապէս վերջին տարիներուն տագնապահար Միջին Արեւելքի գաղութներու ճգնաժամերու շրջանցման գծով ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր շրջաններուն իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան եւ նեցուկին համար:
Հ.Յ.Դ. Միջին Արեւելքի Մարմիններու
Ռայոնական Ժողով
Հալէպ, 15 Ապրիլ 2023
Comments are closed.