ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2021-2023 Երկամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով  

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2021-2023 Երկամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով

 

23 հոկտեմբեր 2021ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2021-2023 Երկամեակի Ա. Լիակազմ Ժողովը:

Առաջին օրակարգով, արծարծուեցան դէմ առ դէմ ժողովներու եւ այդ իմաստով  ակումբներէն ներս պատանիներու անվտանգութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը: Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս տարեշրջանի սկզիբը  պատանիներու ընդհանուր թիւը կրեց էական աճ:

Երկրորդ օրակարգով, քննարկուեցան միութիւններու իրավիճակները եւ վաւերացուեցաւ երկամեակի հաշուեկշիռը: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Քէմպրիճի շրջանի վերաշխուժացումը եւ այդ նպատակին համար որդեգրուեցան քայլեր: Կարեւորութեամբ նշենք, որ անցեալ տարեշրջանին, առցանց ժողովներու ընթացքին զարկ տրուեցաւ դաստիարակչական ծրագիրի եւ մեթոտներու վերամշակումին: Նկատի ունենալով, որ դաստիարակի կամ վարիչի ճիշդ ընտրութիւնն ու պատրաստութիւնը հիմնաքարն է ակնկալուած պատանին պատրաստելու, բոլոր վարիչները եւ վարիչի պաշտօնին ատակ ընկերներ մասնակցեցան Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կազմակերպած վարիչներու ութշաբաթեայ դասընթացքին եւ փայլուն յաջողութեամբ աւարտեցին ընթացքը: Հարկ է, սակայն, բր վերաորակաւորումի ծրագիրները ըլլան շարունակական: Այս իմաստով, վարիչ լսարան մը պիտի գումարուի 2022ի գարնան, օրակարգ ունենալով Մարդասիրական Հանգանակութիւն, Քարոզչութիւն եւ Մարքեթինկ, եւ Դաստիրակչական Նիւթերու Փոխանցումի Մեթոտներ՝ տարբեր տարիքներու համար:

Օրակարգի երրորդ կէտն էր հաղորդակցութիւնը: Արծարծուեցան կայքէջի վերաթարմացումը, ընկերային ցանցերու վրայ մեր ներկայութեան աւելի ազդեցիկ ձեւերը եւ վերահաստատուեցաւ անդամական ցանկերու եւ դիմումնագիրներու համակարգումի համար արդէն իսկ օգտագործուող ելեկտրոնային համակարգի մնայուն գործածութիւնը:

Ժողովի ընթացքին կապ հաստատուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Գրասենեակի Պատանեկան Յանձնախումբին հետ, առ ի պատրաստութիւն՝ ԸՎՄներու եւ վարիչներու խորհրդաժողովին եւ Պատանիներու յատուկ առցանց խորհրդաժողովին: Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսակցութիւն մը ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին հետ ուր արծարծուեցան պատանեկան-երիտասարդական յարաբերութիւնները եւ հարթուեցան դժուարութիւնները:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու

Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Թորոնթօ, 23 հոկտեմբեր 2021

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.