ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Թ․ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թ․ Պատգամաւորական Ժողովի բացումը կատարուեցաւ 25 Մայիս 2022-ին, Եռաբլուրի մէջ եւ այնուհետեւ շարունակուեցաւ Երեւանի Անի պանդոկին մէջ մինչեւ 27 Մայիս։ Ժողովին ներկայ էին համազգայինի 15 շրջաններէ պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՀՕՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան ներկայացուցիչները։

Իրերայաջորդ երեք օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը հանգամանօրէն քննեց նախ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կրթական եւ մշակութային նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար իր համահայկական գործունէութեան ծրագիրի մշակման:

Ժողովը իր գնահատականը տուաւ Համավարակի ծանօթ պայմաններուն ու Համազգայինի կեդրոնական գրասենեակի նստավայր՝ լիբանանեան քաղաքատնտեսական դժնի կացութեան պայմաններուն մէջ կատարուած բազմածիր աշխատանքներուն ու ուրախութեամբ արձանագրեց ընթացիկ բարեյաջող գործունէութեան զուգընթաց նոր իրագործումները։ Առանձնապէս նշարժան է տարուած աշխատանքը «Բագին» ամսագրի ամբողջական թուայնացման ու կայքէջի ստեղծման, Ֆրանսայի մէջ Համազգայինի դպրոցի նոր մասնաշէնքի հիմնարկէքի, Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի ստեղծման, արցախեան յետպատերազմեան  նկատառելի գործունէութեան, «Էլետրոնային գրադարան»ի եւ «Համացանցային բեմ» հարթակի մեկնարկներուն եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» հիմնադրամի ստեղծման առումով։

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տագնապալի կացութեան  եւ հրապարակեց համապատասխան յայտարարութիւն։

Ժողովի աւարտին յառաջիկայ քառամեակին համար ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Վարչութիւն հետեւեալ ձեւով.

Զաքար Քէշիշեան (Լիբանան)
Սեպուհ Այնթապլեան (Լիբանան)
Արա Գէորգեան (Լիբանան)
Հրայր Գէորգեան (Լիբանան)
Թամար Տէր Պետրոսեան (Լիբանան)
Արտաշէս Շահպազեան (Հայաստան)

Լորիկ Ծատուրեան (Գանատա)

Թամար Տօնապետեան (Գանատա)
Յասմիկ Շահինեան (Ֆրանսա)

Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա)

Հերոս Գրիգորեան (Աւստրալիա)

Տիգրան Պապիկեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)

Արեւիկ Գաբրիէլեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)

Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական Ժողովի դիւան

28 Մայիս 2022, Երեւան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.