Հակապետական Յայտարարութիւններ

Պրիւքսէլեան հանդիպումներէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը՝ Հայաստան- Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր։

Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն։ Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին եւս աւելցուցին հայկական կողմէ արձանագրուող հիմնական զիջումներուն վրայ։ Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՛առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի Ազրպէյճանին բռնակցուած են հայկական ներշրջանները (անկլաւներ)։ Հիմա ամենայն պարզութեամբ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ այդ ներշրջաները եւս պիտի յանձնուին Ազրպէյճանին։

Անհիմն եւ վիճաբանութեան չդիմացող առարկութիւն է այն, որ առաջին անգամը չէ, որ Երեւան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար նման թուանշաններով չէ սահմանած Ազրպէյճանի տարածքը։ Իսկ թէ՛ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, եւ թէ Ալմա Աթայի հռչակագիրը իրաւական ելք բաց կը ձգէին Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս նկատելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու։ Այլ խօսքով, Երեւանը չէր ընդունած Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ․առաւել եւս, հայկական ներշրջաններու մասին որեւէ զիջումի յայտարարութիւն չէր կատարուած երբեւիցէ։

Անբովանդակ է նաեւ Փաշինեանի յայտարարութեան կցուած բաղադրիչը՝ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու սկսման եւ միջազգային գործիքակազմով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման։ Պաքուն բազմիցս պարզ դարձուցած է, որ այդ բանակցութիւններու օրակարգը բացառապէս Ազրպէյճանի «ղարաբաղցի քաղաքացիներ»-ու համարկումին կրնայ վերաբերիլ։ Նոյնպէս՝ աշխարհը ականատես է, որ միջազգային որոշումներն ու օրէնքները ինչպէ՛ս կը յարգուին ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած, Արցախը շրջափակած, մարդասիրական աղէտ ստեղծած եւ ցեղային զտման քաղաքականութենէն չհրաժարած Ազրպէյճանին կողմէ։

Արցախի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ մերժեց եւ անընդունելի նկատեց Փաշինեանի յայտարարութիւները եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան` միաւորուելու եւ Արցախին զօրակցելու, մերժելով Երեւանէն հնչած յանձնուողականութիւնը։

Առաջին անգամը չէ, որ Արցախը նման օրհասական պահու կը միաւորուի եւ հանդէս կու գայ միաձայն դիրքորոշումներով եւ ակնկալութեամբ։

Այս միակամութիւնը դժբախտաբար, ցարդ կը մնայ Արցախի սահմաններուն մէջ։ Կարմիր գիծերը հատուած են, եւ Երեւանը կ՛ուղղուի այս ձեւով երկրորդ յանձնուողական պայմանագիրը ստորագրելու։ Կան յստակ իրաւական արգելքներ նման քայլի դիմելու։ Այս յայտարարութիւները արդէն իսկ հակապետական կը նկատուին, եթէ նկատի ունենաք թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթը, եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումը։

Վերյիշեցման կարգով․ըստ Անկախութեան հռչակագիրին՝ «․․․Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ․․․»։

Եւ՝ 8 յուլիս 1992-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումի 2-րդ կէտը․«Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղը նշուած կը լինի Ազրպէյճանի կազմում»։

Այս երթի կասեցման գործընթացը սկսաւ Արցախէն։ Հիմա կ՛ակնկալուի համայն հայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Ազգային ժողովին եւ անոր կատարած յայտարարութեան։

Բոլոր իրաւական դրոյթները կան հակասահմանադրական եւ հակապետական համարելու Արցախը Ազրպէյճանին մաս նկատելու փաշինեանական յայտարարութիւնները։ Մինչ այդ անյետաձելի է համազգային համախմբումը։

«Ազդակ»ի խմբագրական

Comments are closed.