«Հալէպ վերադարձայ աղջկաս հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր». սուրիահայ դեղագործ եւ գրող Յակոբ Տլտըլեան
Սուրիոյ պատերազմին Մոսկուա հաստատուած հալէպահայ ծանօթ դեղագործ Յակոբ Տլտըլեան, Հալէպի մէջ խաղաղութիւն հաստատուելէն ետք անմիջապէս վերադարձած է Հալէպ, 2017-ին, իր աղջկան հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր, կը յայտնէ ան «Հորիզոն»ի թղթակիցին:
Յակոբ Տլտըլեանի դեղարանը կը գտնուէր Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին մէջ, ուր կը գործէր 1999-էն մինչեւ 2014՝ պատերազմի սկիզբը, որուն պատճառաւ դեղագործն ու իր ընտանիքը հաստատուած են Մոսկուա, ուր ազգականներ ունէր եւ ուր կենցաղային լաւ պայմաններ ապահովուած էին իրենց համար: Սակայն զինք մտահոգողը իր միակ աղջկան՝ Գլարային, հայեցի դաստիարակութիւնն էր, այդ պատճառով ալ ան անվարան վերադարձած է Հալէպ, ուր Գլարան այժմ կը յաճախէ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը, յաջողութեամբ աւարտած է ութերորդ կարգի ամավերջի քննութիւնները եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարուան Պրովէի պետական քննութեանց: Գլարա անցեալ տարի նաեւ նուաճած է Սուրիոյ կրթական համակարգին կազմակերպած համասուրիական «Ռուատ» մրցաշարքի անգլերէնի առաջին մրցանակը:
Տլտըլեան կը յայտնէ, թէ վերադարձին նախ ստանձնած է Ազգային Գերեզմանատան տնօրէնութիւնը, որուն ընթացքին հսկած է հայ հանգուցեալներու աճիւններու փոխադրութեան աշխատանքին, որոնք այլ տեղեր թաղուած էին Ազգային Գերեզմանատան շրջանին անապահովութեան պատճառաւ: «Սակայն զգացի, որ ժամանակը հասած է վերաբանալու դեղարանս, եւ յոյսով եմ, որ շուտով իր նախկին դիրքին կը վերատիրանայ, որպէս հայկական դեղարան», կ՚ըսէ Տլտըլեան:
Նշենք, որ Յակոբ Տլտըլեան բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է, որոնք մեծամասնութեամբ տպուած են Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ, գրական մրցանակներու արժանացած է, անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան, ինչպէս նաեւ Հալէպի Համազգայինի Գրական յանձնախումբին ամենահին անդամներէն կը նկատուի: