Հալէպի տնտեսական եւ կենցաղային ներկայ իրավիճակը

Համեմատաբար տագնապալի առաջին օրերուն, Հալէպի մէջ կեանքը աստիճանաբար իր բնականոն հունին կը մտնէ։ Հալէպ մուտքի ու ելքի ցամաքային բոլոր ճամբաները բաց են, անցարգելներ չկան։

Օդակայանը երէկ բաց յայտարարուեցաւ եւ փորձ թռիչք մը իրականացաւ Դամասկոսի օդակայանէն դէպի Հալէպի օդակայան։
Ապահովական վիճակը կայուն ըլլալով մէկտեղ զգուշութիւն կը թելադրէ, որովհետեւ տակաւին ոստիկանութեան ամբողջական ներկայութիւնը չէ հաստատուած, աստիճանաբար սակայն կ՚իրականանայ։ Գողութիւններ եւ այլ անօրինական դէպքեր նուազած են, որովհետեւ գիշերային հսկողութեան հերթափոխ մեքենաներ կը շրջին քաղաքին մէջ մինչեւ առաւօտեան ժամեր։

Սննդամթերքը առատ է, գիներու նուազում նկատելի է մթերքի շարք մը տեսակներու, բանջարեղէնի, պտղատեսակներու եւ մսեղէնի պարագային, սակայն տակաւին մթերքի որոշ տեսակներ սուղ կը մնան, ինչպէս՝ կաթնեղէնը, պանիրը, ձիթաիւղը եւ այլն։ Հացի տագնապ չկայ, ջուրի տագնապը փարատած է արդէն։ Վառելանիւթ կը վաճառուի, սակայն գիները տակաւին բարձր կը համարուին քաղաքացիներու եկամուտին հետ համեմատած։

Ինչպէս Սուրիոյ բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները, հայկական վարժարաններն ալ հինգ օրէ ի վեր սկսած են իրենց ուսումնական կանոնաւոր ընթացքը, եկեղեցիներն ու միութիւնները նոյնպէս։

Տնտեսական դժուարութիւնները առկայ են տակաւին, որովհետեւ մարդիկ իրենց գործատեղիները բացած ըլլալով մէկտեղ անգործութեան մասին կ՚արտայայտուին, ինչ որ ժամանակի ընթացքին երկրի բնականոնացման հետ կրնայ լուծուիլ։ Այս շրջանին ժողովուրդը խնայողութեամբ կ՚ապրի՝ սպասելով տնտեսական եւ ապահովական պայմաններու բարելաւման, որ բնականաբար ժամանակի կը կարօտի։

Comments are closed.