Կրնա՞նք ապաքաղաքական ըլլալ եւ, մանաւանդ, ընդունելի՞ ուղի մըն է այդ
- (0)

ԷՐԻԳ ՍՈՎԷ (Թրգմ. ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ)
Սպիտակ տունէն ստացուող երբեմն ամբողջովին արտառոց եւ գերիրապաշտ լուրերու տեղատարափին տակ, կրնաս փորձուիլ մտիկ չընել, նոյնիսկ գլուխդ աւազին մէջ թաղել։ Տարուան սկիզբէն ի վեր մասնաւորապէս տագնապայարոյց են օրուան լուրերը։ Տոնալտ Թրամփի որոշումները, – եւ մեր իսկ ղեկավարներու պատասխանները, – յառաջացուցին բանավէճի ուժեղ բեւեռացում մը, որ երբեմն հրապուրիչ կը դարձնէ «մտային նահանջը»։
Ես դասատու եմ Մոնթրէալի համալսարանը, ուր դասընթացք մը կ՚աւանդեմ ընկերային շարժումներուն մասին։ Վերջերս, ուսանողներէս մէկը զիս ուղղակի յանկարծակիի բերաւ՝ հարց տալով, թէ կարելի՞ է ըլլալ ապաքաղաքական։ Զարմացած, վայրկեանին չկրցայ ամբողջական գոհացուցիչ պատասխան մը տալ՝ անհանգիստ զգալով մէկ կողմէն սեփական համոզումներուս եւ միւս կողմէ դաստիարակի դերիս միջեւ։
Իրեն պատասխանեցի մօտաւորապէս, թէ կատարելապէս օրինական է, որ անհատ մը ինքզինք ապաքաղաքական յայտարարէ, այսինքն՝ թէ չէ հետաքրքրուած քաղաքական խնդիրներով, չի մասնակցիր հանրային բանավէճերուն եւ յանձնառութիւն չի վերցներ քաղաքային կեանքին մէջ։ Այս կեցուածքը կրնայ բացատրուիլ բազմաթիւ պատճառներով՝ կողմնակալ վէճերէն յոգնածութիւնը, քաղաքական ընտրանիին նկատմամբ անվստահութիւնը, անկարողութեան զգացումը, կամ տակաւին անձնական որոշ հանգստութիւն մը պահպանելու նպատակով։ Ուրեմն, բացարձակ անհատական տեսակէտէն, քաղաքականապէս յանձնառու չըլլալը պաշտպանելի ընտրանքն մըն է։
Սակայն, աւելցուցի, եթէ որոշ քաղաքական կողմնորոշումներ մեզ ներքնապէս կ՚անհանգստացնեն, լռութիւնը մեր քաղաքացիական պատասխանատւութիւնը լքելու ձեւ մը չէ՞։
Ժողովրդավարական տեսանկիւնէ մը, քաղաքացիներու մասնակցութիւնը քաղաքական օրինականութեան հիմունքներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ինքնին հասկնալի է՝ քաղաքական որոշումները կը ձեւաւորեն պայմաններու ամբողջութիւնը, որոնց մէջ մենք կը զարգանանք, – առողջապահութեան եւ կրթութեան համակարգերը, աշխատանքի կազմակերպումը, ելեւմտականութիւնը, գաղթային քաղաքականութիւնները, բնութեան պաշտպանութիւնը եւ, ընդհանուր առմամբ, մեր իրաւունքնրն ու ազատութիւնները։ Եթէ կը դատենք, թէ ամեն բան լա՛ւ կ՚ընթանայ այս մարզերուն մէջ, քաղաքական բանին նկատմամբ անհետաքրքրութիւնը կրնայ արդարանալի թուիլ։
Իսկապէս, ենթադրեալ ապաքաղաքականութիւնը շքեղանք մըն է՝ լայնօրէն վերապահուած արեւմտեան ժողովրդավարութիւններու քաղաքացիներուն։ Երբ վստահութիւն կ՚ունենանք մեր ղեկավարներուն եւ տեղւոյն վրայ գտնուող հակակշռութեան մեր կառուցակազմերուն վրայ, երբ մեր իրաւունքները, մեր անվտանգութիւնն ու մեր կեանքի մակարդակը քիչ թէ շատ ապահովուած են, կրնանք մենք մեզի արտօնել կտրուիլ քաղաքականութենէն։ Այս շքեղանքը, սակայն մատչելի չէ ճնշուած եւ լուսանցքայնացուած, խտրականացուած կամ անկայունացուած խումբերուն։ Անոնց գոյութեան պայմանները ուղղակիօրէն կախեալ են քաղաքական որոշումներէ, ինչ որ իրենց կը պարտադրէ քաղաքականօրէն յանձնառու դառնալ՝ ոչ թէ գաղափարաբանութեան, այլ կարիքի՛ պատճառաւ։
Արդ, ապաքաղաքականութիւնը կը ներառէ վտանգներ՝ որքան մեզի համար, նոյնքան հաւաքականութեան ամբողջութեան համար։
Առաջին՝ հանրային բանավէճին մերժել մասնակցիլ կը նշանակէ ընտրուած իշխանութեան ձգել ազատութիւնը տալու կարեւոր հետեւանքներով որոշումներ, առանց խորհուրդ առնելու, ոչ իսկ հանրային կարծիքին տեղեկանալու պատրանքը տալու։ Կրնանք ապահով զգալ՝ հաւատալով, որ մեր ղեկավարները մեզի ի նպաստ կը գործեն, որ քաղաքականութիւնները քննարկուած ու խորապէս մտածուած են, որ հաստատութիւնները իրենց դերը կը խաղան եւ արգիլումի ու հակակշռութեան կառուցակազմերը կը գործեն։ Սակայն երբ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու պարագային, նախագահ մը բացայայտօրէն կը հաստատէ Նիւ Եորք թայմզին տուած երկար հարցազրոյցի մը ընթացքին, թէ ինք կաշկանդուած է միայն «իր անձնական բարոյականով», այդ վստահութիւնները արագ կը փլչին։
Երկրորդ, երբ ժողովուրդէն մեծ հատուածներ կը քաշուին հանրային ոլորտէն, ամենէն գործունեայ խումբերն են, յաճախ՝ աւելի արմատական կամ աւելի բեւեռացեալ դիրքորոշումներու տէր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ տարածքը։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ զանգուածային ապաքաղաքականացման ժամանակները կը նպաստեն ժողովրդահաճութեան, գաղափարական արմատականացման եւ երբեմն նոյնիսկ բռնապետական շեղումներու աճին։
Ներկայ շրջարկին մէջ, ուր երկարամեայ դաշնակից մը կը սպառնայ մեր ինքնիշխանութեան եւ ուր մեր ղեկավարները տենդագին կ՚որոնեն նոր գործընկերներ, երբեմն ի գին կասկածելի դաշնութիւններու, ապաքաղաքականութիւնը ինծի կը թուի քիչ խոհեմ անձնական ընտրանք մը։ Ապաքաղաքական ըլլալը իրապէս չէզոք ըլլալ չէ։ Լռութիւնը քաղաքական կեցուածք մը կը դառնայ՝ կամ իբր ծածուկ համախոհութիւն մը կամ իբր խորունկ անտարբերութիւն մը հաւաքական ճակատագրին նկատմամբ, այնքան ատեն որ գործադրուած քաղաքականութիւնները մեզի ուղղակի չեն առնչուիր։
Ամփոփելու համար, եթէ ապաքաղաքականութիւնը կրնայ ըմբռնուիլ որպէս անհատական յարգելի ընտրանք մը, հաւաքականօրէն կը մնայ խնդրայարոյց։ Չենք կրնար յարատեւօրէն ապրիլ քաղաքականութենէն դուրս, որովհետեւ ան անխուսափելիօրէն ձեւ կու տայ մեր գոյութեան։ Ազատ, արդար եւ բարգաւաճ ընկերութիւն մը յարատեւ ճիգեր կը պահանջէ։ Քաղաքական անտարբերութիւնը շքեղանք մըն է, որ հաւանաբար այլեւս չունինք։
ÉRIC SAUVÉ
“Peut-on être apolitique et, surtout, est-ce une voie acceptable?”
Le Devoir, 2026-01-28, Montréal
Յ.Գ. Կարիքը կա՞յ մատնանշելու հանգիտութիւնները հայ իրականութեան հետ, մանաւանդ մտածող, մտաւորական մեր ընտրանիի լռութեան… (Վ-Ա.)