Կրթութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Մշակութային, Ոգեղէն, Ազգային. Գանատահայ Մանկավարժ Վարդի Դանիէլեան

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց գանատահայ ընկերաբան-մանկավարժ, լրագրող Վարդի Դանիէլեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց հայապահպանութեան ուղղուած անոր աշխոյժ, նախաձեռնողական, ստեղծարար աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասնակցելու եւ նոր ինքնատիպ ու հետաքրքիր կրթական, մշակութային ծրագիրներ կեանքի կոչելու պատրաստակամութեան համար: Նախարարը առանձնակի ջերմութեամբ ողջունեց  «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման միանալու համար եւ նշեց. «Սիրելի՛ Վարդի, մեծ գնահատանքի է արժանի Ձեր սփիւռքագիտական աշխատութիւնները, այն բազմաթիւ գիտական, մանկավարժական յօդուածներն ու սոցիոլոգիական հետազօտութիւնները, որոնք բոլորը ծառայում են մէկ նպատակի` պահպանել ու զարգացնել հայի բացառիկ տեսակն ու հրաշագեղ մայրենին, ազգային մշակոյթն ու աւանդոյթները: Բայց Ձեր կայացրած սկզբունքային, ազնիւ ու օրինակելի որոշումն ուղղակի հիացրեց ինձ` հայրենադարձուել, հաստատուել  Հայրենիքում եւ զբաղուել արեւմտահայերէնի ուսուցմամբ, որպէսզի Հայաստան տեղափոխուած սիրիահայ երեխաները չմոռանան արեւմտահայերէնը»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Վարդի Դանիէլեան ներկայացուց Վահագն Գարագաշեանի գլխաւորութեամբ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի պատուիրակութեան` Արցախ կատարած այցի մանրամասնութիւնները. « Տպաւորուած եմ Արցախ աշխարհով, իսկ ամէնէն շատ` ժողովուրդի ջերմութեամբ: 28 հոգիով այցելեցինք Արցախ, 5 օր վայելեցինք այդ հրաշագեղ բնութիւնը. չեմ կրնար նկարագրել հիացմունքս:  Շրջեցանք  Արցախի տեսարժան վայրերով, գացինք գիւղեր, Շուշի, հանդիպեցանք սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: Փորձեցինք  քիչ մը օգտակար ըլլալ անոնց»:

Վարդի Դանիէլեան ներկայացուց Սփիւռքի մէջ հայ երեխաներուն մէջ ազգային ինքնութեան կայծեր վառելուն, ազդակներ հաղորդելուն, հայու ոգին աթնցնելուն ուղղուած իր նոր ծրագիրները, նշելով. «Պէտք է աշխոյժ եւ նախաձեռնող ըլլալ, քայլ առնողը կ’որոնէ ու կը գտնէ խնդիրներու լուծման ճանապարհը: Ես պէտք է ազգագրութիւն դասաւանդեմ, մեր տիեզերական պարը սորվեցնեմ, որուն խորհուրդը հայու հոգիի ու մարմնի ներդաշնակութիւնն է, ենթագիտակցութենէն բխող մեր պարն ինքնուրոյն է, արեան մէջ է, մեր շուրջպարերը միասնութեան խորհուրդը կը կրեն: Իսկ «Արի տուն» ծրագիրն ուղղակի աներեւակայելի ազդեցութիւն կը գործէ մեր երեխաներուն վրայ, երբ նոր  դասերը կը սկսին, ես չեմ կրնար անոնց դասարան տանիլ, ամէն անգամ դասը սկսելէ առաջ  Հայաստանով գինովցած` անոնք կը խնդրեն «տաս վայրկեան Հայաստան, յետոյ միայն դաս» ու կ’երգեն հայրենիքի երգերը, յետոյ ամէն մէկն իր երազանքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս պէտք է նպաստէ Հայրենիքի հզօրացման: Կրթութիւնը պէտք է ըլլայ մշակութային, ոգեղէն, ազգային»:

Քննարկուեցան կրթական խնդիրներուն, հայադարձութեան ու հայրենադարձութեան առնչուող այլ հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.