ԿՐԹԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

 

Երիտասարդ տարրի ներգրաւումը, ապագայ ղեկավարներու թրծումը, արեւմտահայերէնի ուսուցումն ու ընդհանուր առմամբ՝ միութեան կրթամշակութային առաքելութեան ամրապնդումը,  գլխաւոր նիւթերն էին, որ արծարծուեցան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 43-րդ Արտակարգ Շրջանային ժողովին, Շաբաթ 5 Մարտ 2022-ին, Օնթարիոյի Քինկսթըն քաղաքին մէջ։

Ֆիզիքապէս ներկայ էին Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղէն եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղէն պատգամաւորներ, Գանատայի շրջանային վարչութեան լրիւ կազմը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանն ու Լորիկ Սապունճեանը եւ հիւրաբար՝ Հալիֆաքսէն երիտասարդ անդամ մը։ Ուղիղ եթերով միացան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկհ. Թիթառ Քէօշկէրեան,  Գէմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ։ Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն կը բացակայէր «Բագին»ի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան- Աճէմեանը։

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանի բացման խօսքէն յետոյ, Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ «Գլաձոր» մասնաճիւղէն ընկ. Յարութ Տոնոյեանը եւ ատենադպիր՝ «Սանահին» մասնաճիւղէն ընկհ. Դալար Լեհիմճեանը։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, իսկ ՀՅԴ ԿԿ-ի խօսքը՝ ընկհ. Թիթառ Քէօշկէրեանը։

Ապա, ժողովականները բծախնդրօրէն քննեցին միութեանս Կեդրոնական Վարչութեան ամփոփ տեղեկագիրը, արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ խոչընդոտներուն մասին փոխանցուեցան յաւելեալ լուսաբանութիւններ, արձանագրուեցան մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն կողմէ հնչեցուած շահեկան առաջարկներ՝ զանոնք յղելու համար Թ. Պատգամաւորական ժողովին։

Նկատի ունենալով տիրող ճգնաժամային իրադարձութիւններով հանդերձ կատարուած իրագործումները, ներառեալ՝ Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն անդուլ գործունէութիւնը, «Բագին»ի նուաճումները, հրատարակչական աշխոյժ աշխատանքը, շրջաններուն կենսունակ իրավիճակը, Համազգայինի ճեմարաններու աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները, Ժողովը բարձր գնահատեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ բարոյական գործունէութիւնը։

Աւարտին, Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց երեք ընկեր-ընկերուհիներ ներկայացնելու Գանատայի շրջանը Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ծաղկաձորի մէջ, Մայիս 2022-ին։

Օրակարգի հարցերու սպառումով, ժողովականները իրենց գործունէութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու պատրաստակամութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.