ԿՈՉ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Սիրելի Գանատաբնակ Լիբանանահայ,

Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու: Գանատայի Տարածքի Հայ Կեդրոնները ձեռնարկած են 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը:

ինչպէս ﬕշտ, այս անգամ ալ կատարենք ﬔր ազգային պարտականութիւնը։

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ՛ՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐԵՆՔ

Ներկայացէք ձեր շրջանի Հայ Կեդրոնը, ձեզի հետ ունենալով Գանատական եւ Լիբանանեան Փաստաթուղթերը: Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Նոյեմբեր 20:

Արտերկրի լիբանանահայերը իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու համար կրնան արձանագ րուիլ՝  https://diasporavote.mfa.gov.lb

 

ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԵՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.