Կեանքին հրաժեշտ տուաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, խմբագիր եւ սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր ներշնչուած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն:

Հազիւ ամիս մը ետք, Օգոստոս 9, 2024-ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Քովիտ)։

Ծնած 1943-ին՝ Պէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, 1956-1963։ Ուսումը շարունակած Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով, աւարտած Սորպոնի համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978 թուականին։

Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, ան ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարի՝ 1964-էն 1984, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ «Նշան Փալանճեան Ճեմարան, «Հայկազեան» Համալսարան եւ «Համազգային»-ի Հայագիտական Հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։

Երիտասարդ տարիքէն Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն միացած, ընկեր Քիւրքճեան ամէնայն բծախնդրութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է:

1982-ին հաստատուած է Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ հրատարակած է մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։

Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան մասին» (1978) խորագրով։

Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում ունեցած է նաեւ ուրիշ հեղինակներու գրական գործերուն մէջ, իբր սրբագրիչ եւ թարգմանիչ:

 

Comments are closed.