Կեանքէն հեռացաւ վաստակաւոր բժիշկ եւ ազգային գործիչ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Horizon Weekly Newspaper

Ապրիլ 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ կեանքէն հրաժեշտ առաւ վաստակաւոր բժիշկ, ազգային գործիչ եւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր բժշկական ուսումը աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ 1965-ին։ եւ աւելի քան 35 տարի աշխատած է իբրեւ մասնագէտ վիրաբոյժ Պէյրութի զանազան հիւանդանոցներուն մէջ:

Ունի բժշկական բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներ միջազգային բժշկական գրականութեան մէջ, իսկ իր բժշկական եւ առողջապահական հայերէն յօդուածները տարիներէ ի վեր լոյս տեսած են Սփիւռքի հայկական զանազան օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։ Հայերէն աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը, ի շարս այլ գրութիւններու, լոյս տեսած են առանձին հատորներով` «Բժիշկին խօսքը» (2000-ին), «Բժիշկին Բ. խօսքը» (2011-ին), «Բժիշկին գ. Խօսքը» (2015-ին) եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» (2015-ին):

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ուր որ ալ գտնուած է, միշտ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է՝ ազգային-հասարակական կեանքին, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներու եւ կաթողիկոսական Ընտրական ժողովի ատենապետ, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ, Գանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ու Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ճինիշեան ձեռնարկ»ի Լիբանանի խորհրդատու յանձնախումբին անդամ, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան Գործադիր վարչութեան անդամ։ Ան նաեւ սիրայօժար մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի հայկական եւ ոչ-հայկական դարմանատուներու բժշկական սպասարկութեանց:

Ազգային, հասարակական, կրթական հարցերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Բժիշկ Հարպոյեանի յօդուածները լոյս տեսած են հայկական սփիւռքի մամուլին մէջ։ Ան հրատարակած է «Խաչելութեան Ճանապարհը» (2015-ին) եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» (2015-ին) հատորները՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, «Հայ բժիշկներուն ատամնաբոյժերուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը (2018-ին), ինչպէս նաեւ «Խճանկարներ Հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը (2019-ին):

Տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս «Համազգային»ի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին՝ առ ի գնահատանք, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան «Համազգայինի շքանշան»-ը ստացած է Կեդրոնական վարչութեան կողմէ 2009-ին։ Արժանացած է նաեւ Գանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի ազգային եկեղեցական ծառայութեանց «Յովհան Մանդակունի» շքանշանին 2015-ին։

Բժիշկ Հարպոյեան 26 Յունուար 2020-ին պարգեւատրուած է նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետի»-ի շքանշանով։