ԿԵանքէն հեռացաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Տոքթ․ Ժանէթ Մուրատեան Մարգարեանը

ԲԺՇԿՈՒՀԻՆ, ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ, ՄԱՐԴԸ, ՄՇԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

Մարդ արարածը կեանքի ճամբորդ է․ կը ծնի, ֆիզիքապէս կ՛աճի, կեանքի փորձառութիւններ կ՛ամբարէ, գիտակցական համոզումներով ընտրութիւններ կ՛ընէ, ապա, եւ միայն ապա՝ միտքով եւ հոգեպէս կը կազմուի, կը դառնայ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, այլ բնորոշումով՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ․ այսինքն ա՛յն, որուն կը տեսնենք եւ որուն հետ կը հաղորդակցինք։

Ժանէթ, այսպէս ճանչցուած էր։

Ծնած էր Սեպտեմբեր 20, 1938ին Մուսուլ, Իրաք։ Կրտսեր դուստրն էր Եղեռնէն ճողոպրած Տիգրանակերտի սաթուգեղցի Աբրահամ Մուրատեանի եւ տիգրանակերտցի Թալիա Տուլիսանեանի։

Նախնական ուսումը ստացած էր Մուսուլի Հայկական Ազգային նախակրթարանին մէջ։ Հիւծախտով տառապած հայրը կորսնցուց փոքր տարիքին։ Քրոջը՝ Ալիսի ամուսնութենէն ետք, մօրը հետ փոխադրուեցան Սուլէմանիյէ քաղաքը, ապա` Քէրքուք:

Հիւսիսային Իրաքի երկրոդական վարժարաններու պաքալորեայի առաջնութիւնը շահած է 1955ին։ Նոյն տարին, տասնըեօթը տարեկանին, ընդունուած է Պաղտատի Բժշկական համալսարանը, աւարտելով 1961ին, առաջնութեան արժանանալով։ Իրաքի բժշկական համալսարանի պատմութեան մէջ, Ժանէթ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆՆ է, որ այդ կոչումին արժանացած է։

Բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած էր Ժանէթ․ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԷՐ ԵՒ ԲԺՇԿՈՒՀԻ։

1964ին, Ամերիկայի «Քորնէլ» բժշկական համալսարանի մէջ մասնագիտացաւ վիրահատութեան ախտորոշման՝ (surgical pathology) քաղցկեղի, երիկամներու եւ Էյտզ մարզերուն մէջ: Իր մասնագիտութեան մէջ արժանացաւ Ամերիկայի բարձրագոյն՝ «Պորտ» վկայականի:

«Քորնէլ» բժշկական համալսարանը այսպէս կը բնորոշէ համաշխարհային ճանաչում վայելող Ժանէթի 36 տարիներու գործունէութիւնը․ «Գերազանցապէս յարգուած դասախօս էր բժշկական համալսարանին մէջ․ դաստիարակն էր Ամերիկայի կարգ մը նշանաւոր ախտաճանաչական բժշկական մասնագէտներու։ Տոքթ․ Մուրատեան խանդավառող եւ երեւակայող ուսուցողն էր, յատկապէս շնորհքը ունէր իր խանդավառութիւնը փոխանցելու իր ուսանողներուն։ Առ այդ, ան կրկնակի առիթներով «լաւագոյն դաստիարակի» կոչումը ստացաւ համալսարանին մէջ։ Համաշխարհային ճանաչում վայելող տոքթ․ Մուրատեան մեծապէս յարգուած եւ գնահատուած էր իր համակարգին մէջ գործող մասնագէտներուն կողմէ իր բազմաթիւ գիտական հետազօտական եւ գիրքերու մասնագիտական յօդուածներու հրատարակութիւններուն համար։ Տարիներով ան «Քորնէլ» բժշկական համալսարանի ախտաճանաչման բաժանմունքի տնօրէնն էր։ Իր նուիրումը, մասնագիտութիւնը միշտ պիտի յիշուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք առիթը ունեցած են գործակցելու անոր հետ»։

Ան ստացաւ համալսարանի բարձրագոյն պատուաւոր Emerita Professor-ի կոչումը։

Համաշխարհային ճանաչում վայելեց։ Հեղինակն է աւելի քան յիսուն գիտական հետազօտական աշխատասիրութիւններու: Մասնակցած է թէ՛ Ամերիկայի, թէ՛ համաշխարհային բազմաթիւ բժշկական գիտաժողովներու։ Բազմաթիւ տեղական եւ համաշխարհային բժշկական դասախօսութիւններ ներկայացուցած է։ Հրաւիրուած էր արտասահմանեան երկիրներ դաստիարակելու տեղւոյն ախտաճանական գիտաշխատողներ։

Համալսարանէն դուրս, Ժանէթ իր մասնագիտական բժշկական խորհուրդներով օժանդակեց բազմաթիւ անհատներու։ Փափկանկատ բժշկուհին, իրեն դիմողներուն հիւանդութիւնները գաղտնապահութեան սահմաններուն մէջ պահեց։

Գիտական եւ բժշկական մարզին զուգահեռ, տոքթոր Մուրատեան բացառապէս գերզգայուն ՄԱՐԴ էր, բառին յատկութիւններու խորագոյն եզրերով։

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ համաշխարհային եւ յատկապէս հայ գրականութեան սիրահար էր։ Տրցակներ կը պահէր իր սիրած գրական երկերէն։

Իր յատկութիւններու գերագոյն արժանիքը իր ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՅ ըլլալն էր։

Հայաստանն ու հայութիւնը իր կեանքի առանցքն էին։ Անքակտելի եւ անքննելի։

Իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ Ապրիլի 20ին։ Անունի փնտռտուք չեղաւ։ ԿԱՄՔ․․․ Հայ ժողովուրդի ապրելու եւ յարատեւելու ուժը մարմնաւորող անունը ծնաւ։ Դուստրը պիտի ծնէր Նոյեմբեր 29ին, առաջին անկախ Հայաստանի փլուզումի թուականին, նորէն պրպտումի հարկ չկար․․․ անկախանալու ԵՐԱԶը պիտի պահուէր։ Կամք եւ Երազ, ահա իր հոգեհատոր զաւակները։

Ժանէթ իր գրական, մշակութային, թատերական շնորհքներուն հարազատ վայրը պիտի գտնէր նախ Պաղտատի ՀՄԸՄին մէջ, ուր Գրական յանձնախումբի անդամ էր։ Սակայն իր նուիրուածութիւնը, ծաւալումը, բառին իսկական առումով ծաւալման դաշտը պիտի ըլլար Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը։

Հիմնադիր անդամ էր Համազգայինի այդ մասնաճիւղին։ Անդամ էր մասնաճիւղի «Մենք» պարբերականի խմբագրական կազմին։ Անդամ էր երգչախումբին։

Հիմնադիրն էր մասնաճիւղի՝ թէ՛ «Գրական Գոհարներ Եւ Գինի», թէ՛ «Աշակերտական Գիտելիքներու» միջվարժարանային հրապարակային ձեռնարկներուն։ Ժամեր, օրեր կը յատկացնէր գրական երկերու ընտրութիւններ կատարելով։ Կապ կը հաստատէր բոլոր մասնակցողներուն հետ, անոնց առոգանութեան ուղղութիւններ, միտքերու բացատրութիւններ տալով։ Իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ ցուցադրական միջոցներու վրայ կ՛աշխատէր։ Գոհունակութեամբ եւ անսահման սիրով կ՛ողջագուրէր մասնակցողները։

Ժանէթ իր բծախնդիր, ճշդապահ, խոր կարողութիւնները տրամադրեց նաեւ Նիւ Եորքի Համազգայինի թատերախումբի գործունէութեան։

Թատերախումբի 56 տարիներու գործունէութեան ընթացքին ան եղաւ թատերախումբի բեմական կատարողութեան գործադիրը՝ stage manager-ը։ Այսօր առանց դոյզն վարանումի կարելի է հաստատել, որ առանց Ժանէթի բծախնդիր մօտեցման, Համազգայինի Նիւ Եորքի ներկայացումները պիտի չ՛արժանանային այն իւրայատուկ գերազանց պատիւին զոր կը վայելեն այսօր։

Ժանէթ իր գիտական արհեստավարժ կարողութիւնները դրսեւորեց Ս․ Նարեկացիի ծննդեան հազարամեակի տօնակատարութեան առթիւ։ Երեկոն գիտաժողովի բնոյթ ստացաւ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք համալսարանին մէջ, մասնակցութեամբ գիտաշխատողներու՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լիբանանէն եւ Ամերիկայի տարածքէն։

Ժանէթ անդամ էր ՀՕՄին։ Ան վարեց Նիւ Եորքի Մայր մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը։ Եղաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Անսահման սիրով եւ ակնածանքով կը նշէր որ ինք, իր հօր մահէն ետք, Մուսուլ, եղած էր ՀՕՄի սան։ Բազմիցս դասախօսած քաջալերած եւ դաստիարակած է նորագիր ՀՕՄուհիները։

Ժանէթ անդամակցած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1957ին։ Հայ Դատի անխախտ զօրավիգ, յարատեւ նուիրումով ան մասնակցեցաւ Դաշնակցութեան հրապարակային, պահանջատիրական ելոյթներուն։

Ժանէթ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր վարժարանի ամենօրեայ վարժարանին խնամակալ մարմնի քարտուղարութիւնը վարեց։

«Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ, ան բազմաթիւ յօդուածներով նկարագրած է տեղական ձեռնարկներ, Արեւմտեան Հայաստանի այցելութիւնը, ՀՕՄի կատարած աշխատանքի հիմնական կարեւորութիւնը: Երբեք իր անունը չըստորագրեց․․․ Խորիմաստ «Ներկայ» կը ստորագրէր․․․

Հայաստան իւրայատուկ, անգերազանցելի տեղ կը գրաւէր Ժանէթի գիտակցութեան մէջ։

Հայաստանի իր առաջին այցելութիւնը 1990ի Ապրիլին էր, իր ամուսնութեան 35ամեակին։ Այդ թուականէն ի վեր, գրեթէ ամէն տարի Հայաստան այցելեց։

Երեւանի մէջ Ժանէթի ժամադրավայրը Սայաթ Նովա պողոտային վրայ ՀՕՄի գրասենեակն էր։ Հոն ընկերուհիներուն հետ կը ծանօթանար ՀՕՄի մտահոգութիւններուն եւ գործունէութեան:

Այդ խթան եղաւ, որ Ժանէթ իր ուժերը կեդրոնացնէ Հայաստանի օժանդակութեան կարօտ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու պահանջներուն վրայ։ Եւ այդպէս, վերջին տասը տարիներուն, ձեռնարկեց օժանդակութիւն հասցնել անոնց։ Ամերիկայի մէջ հայ եւ օտար ծանօթներու օժանդակութեամբ Ժանէթ կարողացաւ պատկառելի նպաստ տանիլ դպրոցներուն՝ գրասեղաններ, գիրքեր եւ նորոգութիւններ կատարել տալ։ Խստապահանջ իր կեցուածքով, ամէն նպաստողի պաշտօնական ստացականներ կը բերեր Հայաստանէն։

Ժանէթ պսակուեցաւ Հրանդ Մարգարեանին հետ Յունիս 6, 1965ին, Նիւ Ճըրզիի Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, պսակադրութեամբ Գուրգէն Քհնյ․ Եարալեանի։ Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով՝ Կամք եւ Երազ։

Ան հպարտ էր իր զաւակներուն կրթական վերելքներով։ Կամք յաճախեց «Հարվըրտ» համալսարան ապա Շիքակոյի համալսարանէն ստացաւ փաստաբանական դոկտորի իր վկայական։ Երազ յաճախեց «Քոլոմպիա» համալսարանի «Պարնարտ» քոլէճը, ապա «Ֆորտըմ» համալսարանէն դոկտորի վկայականով վկայուեցաւ, հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։

Անսահմանօրէն համեստ, խոհուն, նուիրեալ, oգնող անսպառ եռանդով, Ժանէթ իր մահկանացուն կնքեց Փետրուար 25, 2024ին գիշերուան ժամը 12:12ին, իր տան մէջ, շրջապատուած ամուսինով, զաւակներով եւ հարազատներով։

 

Comments are closed.