Կարօ Փայլան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
Թուրքիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հիւսիսային Ամերիկեան իր շրջագայութեան ծիրէն ներս, Մայիս 1-ին ժամանեց Մոնթրէալ։ Կարօ Փայլան Հայ Դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի ընկերակցութեամբ օդակայան ժամանումէն ետք այցելեց Ազգային Առաջնորդարան ուր ճաշի հիւրը եղաւ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք Չարեանի, որմէ ետք այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրատուն եւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան։
«Հորիզոն»ի խմբագրատան մէջ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Հորիզոն»ի 38-ամեայ գործունէութիւնը եւ Կարօ Փայլանին խմբագրութեան կողմէ նուիրեց Բազէ Հրայրի խաչքարերու նորատիպ հատորը։ Կարօ փայլան իր կարգին գնահատեց «Հորիզոն»ի եւ Սփիւռքի հայ մամուլի առաքելութիւնը։ Հանդիպման աւարտին «Հորիզոն» յատուկ հարցազրոյց ունեցաւ Կարօ փայլանի հետ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակին մասին։ Հարցազրոյցը կը հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։