Կարգալոյծ Հռչակուած է Տէր Տարօն Քահանայ Եունանեանը. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
- (0)

Տաւուշի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տէր Տարօն քահանայ Եունանեան կարգալոյծ հրչակուած է՝ ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածած հաղորդագրութեան։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրին, որոշման հիմք եղած են Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի զեկուցագրին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութեան տուեալները, որոնց համաձայն՝
«Տէր Տարօն քահանան ինքնակամ լքած է իր ծառայութեան վայրը՝ սկսեալ 2024 թուականի մայիս ամսէն, անտեսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդական տեղապահի յորդորներն ու հրահանգները եւ շարունակած է կարգազանց ընթացքը։ Ան մասնակցած է կարգազուրկ հռչակուած Ստեփան Ասատրեանի կազմակերպած հակականոնական արարողութեան՝ այսպիսով մեղսակից դառնալով կարգալուծուածին, իր հրապարակային ելոյթներով եւ յայտարարութիւններով վարկաբեկած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ ծառայակից եկեղեցականները, անարգալից վարքագիծ ցուցաբերած է եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան նկատմամբ եւ դրժած է հնազանդութեան ուխտը»։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։