Կարգալոյծ հռչակուած է Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը
- (0)

Յունուար 27-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ., Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանագրով կարգալոյծ հռչակուած է Մասյացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։
Մայր Աթոռի հաղորդմամբ, անոր գործողութիւնները խոչընդոտած են թեմի բնականոն աշխատանքը եւ դատական ընթացակարգերու միջոցով ստեղծած են պայմաններ, որպէսզի պետական մարմիններ միջամտեն եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Սարոյեան խախտած է իր հնազանդութեան ուխտը՝ կանոնական շեղումներու եւ կարգապահական խախտումներու միջոցով։
Որոշման հետեւանքով ան հեռացուած է հոգեւոր դասէն եւ այսուհետ կը նկատուի աշխարհական՝ իր մկրտութեան անունով՝ Արման Սարոյեան։