Ծիծեռնակաբերդի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են

Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ իրականացուած շինարարական եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտած են։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը։

Նախարարութեան փոխանցմամբ՝ այժմ կը կատարուին մաքրման աշխատանքներ, որոնք նախատեսուած է աւարտին հասցնել Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին ընդառաջ։

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կառուցուած է 1965 թուականին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին առիթով։ Յուշահամալիրի եւ թանգարան-հիմնարկի տարածքին մէջ լայնածաւալ վերանորոգման ծրագիրը մեկնարկած էր 2024 թուականի հոկտեմբերին՝ Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Սաշուր Քալաշեանի ղեկավարութեամբ, որ նաեւ համահեղինակն է համալիրի եւ թանգարան-հիմնարկի սկզբնական նախագծին։

Միեւնոյն ժամանակ, ակադեմական շրջանակներ մտահոգութիւն յայտնած էին վերանորոգման գործընթացին առնչութեամբ՝ քննադատելով իշխանութիւնները թափանցիկութեան պակասի համար։ Այս մտահոգութիւնները յատկապէս սրած են այն պայմաններուն մէջ, երբ իշխանութիւնները աւելի ու աւելի անտարբեր եւ զիջողական կեցուածք կը ցուցաբերեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին նկատմամբ։