Ծանօթանանք Սուրիոյ խորհրդարանի երեք հայ երեսփոխաններուն

ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆ

Ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Անգլիոյ ակնաճանաչութեան ուսումնարանը, ապա երաժշտական բարձրագոյն ուսման սկսած է հետեւիլ Սորպոնի երաժշտական համալսարանէն ներս, որը կիսատ թողլով անցած է Գերմանիա, ուր հետեւած է երաժշտական յատուկ դասընթացքներու։

Րէիսեան եղած է Հալէպի ազգ․ Սահակեան վարժարանի տնօրէն, ներկայիս ան Հալէպի պետական երաժշտանոցի տեսչական եռանդամ կազմին մաս կը կազմէ եւ տեսական բաժինի վարիչն է։

Մաս կը կազմէ սուրիական ՛՛Լուսաւորող Մտքի Ջահակիրներ՛՛ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։

Գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Համազգայինի ՛՛Զուարթնոց՛՛ երգչախումբին (հիւրաբար), ՀԲԸՄ-ի ՛՛Գարուն՛՛ մանկապատանեկան երգչախումբին եւ Քարէն Եփփէ Ազգ․ Ճեմարանի աշակերտական երգչախումբերուն։

Գեղարուեստական ղեկավարը եղած է պետական սենեկային մէկէ աւելի նուագախումբերու, ներկայիս՝ «Պարոք» սենեկային նուագախումբին։

Ժիրայր Րէիսեան երկար տարիներ մաս կազմած է Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին։ Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ եւ անդամ։

Րէիսեան մաս կազմած է Սուրիոյ խորհրդարանի ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու յանձնաժողովներուն, եղած է Սուրիա-Պոլիվիա միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ։

Հեղինակն է «Կոմիտաս․ Հայ Երգի Ազգային Նկարագիրը», ինչպէս նաեւ «100 Նուիրեալներ․ Ցեղասպանութեան Օրերուն Հայ Ժողովուրդի Օտարազգի Բարեկամներէն» գիրքերուն։ Ինչպէս նաեւ «Հայ Երաժշտութեան Տարրական Գիտելիքներ» եւ »Սրինգի Երաժշտական Տարրական Դասընթացք» դասագիրքերուն։

Քանիցս արժանացած է Սուրիոյ պետութեան եւ արաբական այլ կողմերէ պատուոյ գիրերու եւ գնահատագիրներու, վերջինս սուրիական Ապտուլ Րահման ալ Քաուաքիպի նուիրուած «Օտարներու Հողը» Ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակը եւ կատարման ղեկավարը ըլլալուն համար։

Պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ նախագահին կողմէ «Մ․ Խորենացի» մետալով, իսկ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Մ․Մաշտոց» շքանշանով։ Երաժշտական մէկէ աւելի առանձին մրցանակներու արժանացած է։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԴՈԿՏ․ ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Նորա Արիսեան ծնած է Դամասկոս։ 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է։ 2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին։ 1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: 2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն եղած է, 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան հետ՝ իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու: Անդամ է Արաբ Գրողներու Միութեան ։

Նորա Արիսեան նկատառելի գիտահետազօտական աշխատանք տարած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով, ինչ որ հիմք ծառայած է Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին։ Հեղինակ է հայերէն եւ արաբերէն հինգ գիրքերու, հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած է տասը գիրքեր, ստորագրած է տասնեակ յօդուածներ արաբական եւ հայկական մամուլին մէջ։ Խմբագիրն է Aztag Arabic կայքին։

31 Յունուար 2019-ին սուրիական վարժարաններու պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման համար տեղի ունեցած յատուկ սեմինարին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր ելոյթէն եւ առաջարկէն ետք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան «Ուսումնական ծրագիրներու վերամշակման ազգային կեդրոն»ը համաձայն գտնուած է պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Արիսեանի ներկայացուցած հատուածը:

Նորա Արիսեան Սուրիոյ նախկին խորհրդարանի Արտաքին հարցերու եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովներու անդամ էր, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ:

2019-ին մաս կազմած է Սուրիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդլայնուած յանձնախումբին։

Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով:

  • 2006-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Վահան Թէքէեան» շքանշանով:
  • 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
  • 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
  • Արիսեան արժանացած է նաեւ պետական պարտուոյ գիրերու եւ գնահատագիրներու

ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԼԻՒՍԻ ԻՍԿԷՆԵԱՆ

Իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Սուրիոյ խորհրդարանի օրէնսդրական երրորդ նստաշրջանին, իբր Պաաս կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչ, Հալէպէն։

Դոկտ. Իսկէնեան ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղը։ Իրաւաբանութեան դոկտորականի կոչում ստանալէն ի վեր կը պաշտօնավարէ Հալէպի Պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն ներս, իբր դասախօսական կազմի անդամ։

Վարած է բազմաթիւ այլ պաշտօններ եւս։ Եղած է իրաւաբաններու արհմիութեան միաւորի ներկայացուցիչ 2015-ին, իսկ 2016-էն ի վեր կը վարէ Հալէպի Պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինի գիտական հարցերու փոխդեկանի պաշտօնը։

Համալսարանի տարբեր բաժամունքներուն մէջ կը դասաւանդէ իրաւաբանական զանազան նիւթեր։

Գանձասար

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.