Ծաղկազարդի տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, օրուան պատգամը փոխանցեց, մանուկները օրհնեց եւ աւանդական թափօրը գլխաւորեց Լաւալի «Bon-Pasteur» եկեղեցւոյ մէջ:

Ս. Սեղանին սպասարկեց Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Տօնական օրուան աւանդութեանց համաձայն, մեծ թիւով ծնողներ, իրենց մանուկները գունագեղ զգեստներով զարդարուն եւ մոմեր ի ձեռին, ձիթենիի ճիւղերով մասնակից եղան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող թափօրին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ Ծաղկազարդի օրը կը գտնուի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքի մեծ ընտանիքին հետ, ապա, անդրադարձաւ օրուան աւետարանին ու խորհուրդին՝ երբ Յիսուս համեստ աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ ու ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ. մարդիկ իրենց զգեստները փռեցին Աստուածորդւոյն առջեւ ու զԱյն դիմաւորեցին ովսաննաներով, այն սպասումով, որ ան կու գար իբրեւ փրկիչ ու յաղթական առաջնորդ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Ծաղկազարդը քրիստոնեաներուս համար տօնն է Յիսուսի մեր սեփական Երուսաղէմը՝սիրտերէն ներս մուտքին, եւ մենք Ովսաննաներով պէտք է ընդունիք զՔրիստոս մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն մէջ: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ծնողները յորդորեց սիրոյ, խաղաղութեան, բարութեան ու երջանկութեան սերմերը ցանելու մանուկներուն ու մատղաշ սերունդի հոգիներուն մէջ, որպէսզի բոլորին հոգիները ցնծան՝ ընդունելով աստուածային շնորհքներն ու սէրը, ընդառաջեն Յիսուսի պատգամներուն, ու մանաւանդ չմոռնան, որ մանուկներն ու պատանիները մեր ապագան են:

Քարոզէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց մանուկները, ապա, թափօրով դուրս եկաւ «Bon-Pasteur» եկեղեցիէն, եւ Լաւալի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ շեփորախումբի ընկերակցութեամբ ուղուեցաւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ շրջաբակը, օրհնեց բակին մէջ խմբուած հաւատացեալներն ու մանուկները:

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը, որուն աւարտին փոխանցեց իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց հաւատացեալներուն, որ Դռնբացէքի արարողութիւնը կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ փրկութեան դրան բացումը: Ան յորդորեց ներկաները, որպէսզի խնդրեն Աստուծմէ, որ Իր ողորմութեամբ բանայ մեր սիրտերուն ու հոգիներուն դուռները, մեզ արժանի ընէ ժառանգելու երկինքի արքայութիւնը, զոր պատրաստած է մեզի համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.