Խօսք, որ կը լուսաւորէ ազգային գիտակցութիւնը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Այս առաւօտ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ՝ խորաթափանց ակընդիր եղայ «Նոր Հայ Հորիզոն»-ի յաղորդումին մէջ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ունեցած հարցազրոյցը։
Անիկա սովորական զրոյց մը չէր, այլ ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ արտասանուած խօսք, որուն մէջ ճշմարտութիւնը, պատմական յիշողութիւնը եւ հայրենասիրական համոզումը ներդաշնակօրէն կը միաձուլուէին։
Կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ վաղեմի ընկեր ձեր շրջահայեաց մտածողութեան, անկեղծ արտայայտութիւններուն եւ փաստարկուած գնահատումներուն համար։ Այսպիսի ժամանակներու, երբ ճշմարտութիւնը յաճախ կը փորձեն աղաւաղել կամ քաղաքական շահերու ծառայեցնել, սկզբունքային եւ պատասխանատու խօսքը ինքնին ազգային ծառայութիւն կը դառնայ։
Յատկապէս ձեր դիտարկումները Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն, Իսրայէլի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին շուրջ կը մղեն ունկնդիրը աւելի խոր մտածելու արդարութեան, բարոյականութեան եւ պատմական յիշողութեան փոխյարաբերութեան մասին։ Այդ մօտեցումը արժէքաւոր ներդրում մըն է մեր ազգային մտածողութեան մէջ։
Չի կրնար անտեսուիլ նաեւ այն պատմական իրողութիւնը, որ այսօր աշխարհի քառասունէ աւելի պետութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային ու տարածաշրջանային կառոյցներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս ձեռքբերումը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ Հայ Դատի մարմիններուն, սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն, եկեղեցական, քաղաքական, գիտական ու հասարակական նուիրեալ գործիչներուն տասնամեակներու անխոնջ, հետեւողական եւ սկզբունքային պայքարի արդիւնքն է։ Այդ պայքարը արդարութեան պահանջատիրութիւն է, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հզօր արտայայտութիւն եւ ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համամարդկային կոչ է եւ պատգամ։
Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, Հայ Դատի պահանջատիրական ուղին եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ամբողջ պայքարը պարտին առանցքային տեղ գրաւել թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի հայկական վարժարաններու կրթական ծրագիրներուն մէջ։ Ազգային յիշողութիւնը դասագիրքերու մէջ պահպանուող տեղեկութիւն չէ միայն, այլ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ինքնութիւն, արժանապատուութիւն եւ ազգային դիմագիծ։ Այդ իսկ պատճառով խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ այն իրողութիւնը, երբ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած որոշ քաղաքական անհեթեթ մօտեցումներու հետեւանքով կը ստեղծուի տպաւորութիւն, թէ այս նիւթերուն նկատմամբ նահանջի կամ նսեմացման վտանգաւոր միտումներ կան։ Պատմական յիշողութեան թուլացումը երբեք չի ծառայեր պետական կամ ազգային շահերուն, որովհետեւ պատմութիւնը գիտցող եւ իր իրաւունքները ճանչող սերունդն է, որ կրնայ կերտել ապահով ու արժանապատիւ ապագայ։
Աւելի կարեւոր է այն, որ նման հարցազրոյցները դաստիարակչական առաքելութիւն ունին։ Անոնք կը նպաստեն, որ մեր նորահաս սերունդը աւելի խոր գիտակցութեամբ մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան, մեր ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն եւ մեր ազգային գոյապայքարին։ Այս օրերուն, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ բարդ եւ ճակատագրական մարտահրաւէրներ, նման արդար ձայներու հնչեղութիւնը կրկնակի արժէք կը ստանայ։ Ազգերը իրենց ապագան կը կառուցեն ոչ միայն տնտեսական կամ ռազմական հզօրութեամբ, այլեւ իրենց պատմական յիշողութեան, ազգային արժէքներուն եւ հաւաքական գիտակցութեան վրայ։
Սիրելի՛ Յակոբ, մաղթանքս է, որ շարունակէք նոյն համոզումով, խոհեմութեամբ եւ մտաւոր պայծառութեամբ ծառայել մեր ժողովուրդին։ Թող ձեր միտքի սթափութիւնը, փորձառութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը շարունակեն ներշնչել եւ լուսաւորել ազգային կեանքը։
Քեզի եւ ընտանիքիդ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, խաղաղութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ։
Թող մտքիդ փայլատակումները շարունակեն մնալ առողջ, պայծառ եւ անսասան՝ ի շահ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր ազգային դատին։
Թորոնթօ