Խրիմեան Հայրիկի վախճանման 115-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն Գէմպրիճի մէջ

 ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ԱԶԴՈՒ ԿԸ ՀՆՉԷ ՈՐՔԱՆ ԱԼ ԹԱՒԱԼԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ

Ուրբաթ 11 Նոյեմբեր-2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ինԳէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, մասնակցութեամբ հայ կեդրոնէն ներս գործող բոլոր միութիւններուն, նուիրուած՝ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ վախճանման 115-ամեակին: Օրուան պատգմաբերն էր Գերաշնորհ՝ Տ. Վարուժան Ս. Արք. Հերկելեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգէն ետք, օրուայ հանդիսավար ընկհ. Ազիկ Գէորգեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախեան պատերազմի անմահ հերոսներու յիշատակին: Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ ընկ. Վիգէն Գէորգեան հայ կեդրոնի բոլոր ուղեկից  միութիւններու կողմէ փոխանցեց պատգամ, իր խօսքին մէջ յատկանշելով. « մեկնած Հայրիկի տիպարէն այսօր եւս մեր ժողովուրդի ներկայի ու ապագայի համար կարիքը ունինք պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ դաստիարակութեամբ օժտուած գործիչներու՝ աշխարհական թէ հոգեւորական»:

Բեմ բարձրացան «Մեսրոպ Թիթիզեան» Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, որոնք կատարեցին «Հայեր միացէք, միացէք հայեր» խմբերգը: Ընթերցուեցաւ օրուայ պատգամաբեր Գերաշնորհ Տ. Վարուժան Ս. Արք. Հերկելեանի կենսագրութիւնը։ Ապա, խումբ մը աշակերտներ յաջորդաբար ընթերցեցին պատառիկներ ԽՐԻՄԵԱՆԻ նշանաւոր խօսքերէն: Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբերը, որ լուսարձակի տակ առաւ խրիմեանի կեանքը, որպէս մեծ հայը, ուսուցիչը, կղերականը յեղափոխականը, Վասպուրականի Արծիւը եւ վերջապէս Հայոց փրկիչ ՀԱՅՐԻԿԸ :

Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպիրներէն Ռազմիկ Կարպուշեան ելոյթ ունեցաւ մեներգելով Խրիմեանի «Հայրիկ Հայրիկ» երգը: Տեղի ունեցաւ պարգեւատրում. յաջորդաբար պարգեւատրուեցան՝ օրուան պատգամաբեր Տ. Վարուժան Ս. Արք. Հերկելեանը՝ շրջանիս «Արամ Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Բիէռ Մկրտիչեանի կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային ժողովի պատգամաւոր տիար Կարօ Փոսթաճեանը՝ Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ ընկ. Վիգէն Գէորգեանի կողմէ, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանը՝ Ս. Նշան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ տիար Սեպուհ Կապաճուզեանի ձեռամբ :

Հանդիսութեան աւարտին թեմիս առաջնորդը փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ օրհնանքը, յարատեւ բեղուն գործունէութիւն մաղթելով Գէմպրիճի հայ կեդրոնի կառոյցին ան ցանկութիւն յայտնեց, թէ շուտով կը յաղթահարուին հայրենիքին ու յատկապէս հայ ժողովուրդին դէմ ծառացած դժուարին մարտահրաւէրները: «Կիլիկիա» մաղթերգով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՏԱԹԵՒ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.