Խուզարկութիւններ՝ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական շտաբներուն մէջ

Հակակոռուպցիոն կոմիտէն խուզարկութիւններ իրականացուցած է «Հայաստան» դաշինքի շարք մը նախընտրական շտաբներու մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի բնակարանին մէջ։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դատապարտած է գործողութիւնները՝ յայտարարելով, թէ իշխանութիւնները նման քայլերով կը փորձեն խոչընդոտել ընդդիմութեան նախընտրական աշխատանքները եւ ազդեցութիւն գործադրել դաշինքի աջակիցներուն ու ընտրողներուն վրայ։ Ան ընդգծած է, որ նման մեթոտներով հնարաւոր չէ խաթարել իրենց քաղաքական գործունէութիւնը։

Աշոտ Սիմոնեան, անդրադառնալով իր բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան, նշած է, որ իրաւապահները փնտռած են տեղեկատուական կրիչներ, գումար եւ ցուցակներ, սակայն ի վերջոյ առգրաւած են ընդամէնը քանի մը փաստաթուղթ, որոնք, ըստ Սիմոնեանի, կապ չունին ներկայ ընտրութիւններուն եւ կը վերաբերին նախորդ ընտրական գործընթացներու վերլուծութիւններուն։

Սաղաթէլեան նաեւ կոչ ուղղած է միջազգային դիտորդներուն՝ ուշադրութեամբ հետեւելու տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ համապատասխան գնահատականներ տալու անոնց։