Խոնարհ հերոսներ. Գարեգին Թերզեան եւ Պէաթրիս Ժամկոչեան

Վահան Մինախորեանի «1915 Թուականը. Արհաւիրքի օրեր» գիրքին մէջ կը կարդանք դաշնակցական գործիչներ Գարեգին Թերզեանի եւ իր կողակից Պէաթրիս Ժամկոչեանի մասին:

Գարեգին Թերզեան

Բնիկ կարնեցի: Դաշնակցական: Եղած է ֆետայի, զէնքի մաքսանենգ եւ գործիչ։ Մասնակցած է Տէլի-պապայի եւ Բասենի կռիւներուն։ Գործակցած է Արամեանի հետ եւ միասին ձերբակալուած, զէնք փախցուցած ատեն։

Բանտարկուած Կարնոյ մէջ եւ յետոյ ամբողջ տասը տարի արգելափակուած Սինոպի արգելարանը։ Օսմ. Սահմանադրութենէն վերջ կ’անցնի Սամսոն եւ կը դառնայ գործօն կուսակցական յատկապէս Ճանիկի շրջանը։ Կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Սամսոնի մէջ, ապա, եօթը հոգի կը ղրկուին Սեբաստիա, ուր կը բարձրանայ կախաղան, իր ընկերներուն հետ։ Կառափնատին տակ միակ խօսողը կ’ըլլայ, թուրքերուն ամբողջ ոճիրը տալով անոնց երեսին:

Պէաթրիս Թերզեան (ծնեալ Ժամկոչեան)

Սամսոնցի: Տեղւոյն վարժարանին ուսուցչուհիներէն։ Եղած է գործօն Դաշնակցական եւ զբաղած զէնքերու փոխադրութեամբ։ Եղած է Սամսոնի Հայ Տիկնանց Միութեան ատենադպիրը եւ, առհասարակ, մասնակցած բոլոր հասարակական ձեռնարկներուն։ Պէաթրիս Թերզեան մեռած է Ա. Ընդհ. պատերազմին վերջերը, սպանէօլի համաճարակէն: See less