Խմբագրական. Կացութիւնը դաշնակցութիւն կը պահանջէ

Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խորապէս գիտակից եղած է այն ճշմարտութեան, որ ժողովրդային զանազան շերտերու միջեւ, ազգային իտէալներու շուրջ հասարակ յայտարար մը ստեղծելն ու անոր շուրջ համախմբուիլը ազգի գոյատեւման կարեւորագոյն գրաւականն է։ Սա լոկ գաղափարական նախասիրութիւն մը չէ եղած այն օրերուն, այլ այն հիմքը, որուն վրայ ստեղծուած ու գոյատեւած է 135-ամեայ կազմակերպութիւնը։

Իր հիմնադրութեան սկզբնական շրջանին, դաշնակցութիւնը ստեղծուած է որպէս Հայ յեղափոխականներ«ի» դաշնակցութիւն։ Այդ ձեւակերպումը, իր գաղափարական ու կազմակերպչական հասկացողութեամբ, կ՚արտացոլացնէր յստակ եւ միտումնաւոր նպատակադրում՝ ստեղծելու ժողովրդային լայն ճակատ, որ պիտի կարողանար համախմբել հայ ժողովուրդի ճակատագիրով մտահոգ բազմազան ազգային ուժերը եւ ուղղել զանոնք համակարգուած եւ նպատակասլաց գործունէութեան։ Միասնութիւնը պարզ քարոզչական իտէալ չէր, այլ քաղաքական արդիւնաւէտութեան պարտադիր եւ կենսական նախապայման։

Այսօր՝ երբ բովանդակ հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի իր ժամանակակից պատմութեան ամենավտանգաւոր ու անորոշ հանգրուաններէն մէկուն, այս հիմնարար տրամաբանութիւնը նոր թափ ու արդիական նշանակութիւն պէտք է ստանայ, նկատի ունենալով պաշտօնական Երեւանի գահավէժ ու ինքնակործան ընթացքը։ Իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը փաստօրէն խորացուցած է ներքին բեւեռացումը՝ միաժամանակ աւելի խոցելի դարձնելով երկիրը, իր բոլոր առումներով։

Այս իրադրութեան ի տես, դաշնակցութեան դերը՝ իր համախմբելու եւ ուղղելու հարիւր երեսունհինգամեայ փորձով, կը դառնայ վճռական։

Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարած է, որ անհրաժեշտ է համակարգուած եւ իրաւական միջոցներով դիմադրել քաղաքական հետապնդումներուն, պաշտպանել Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու ազգային հիմնական արժէքները եւ ապահովել ընտրական գործընթացներու լիակատար օրինականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ իսկական ընդդիմադիր ուժերը պէտք է վերջ տան միմեանց նկատմամբ իրարամերժ ու անտարբեր կեցուածքներուն եւ միանշանակ մերժեն որեւէ ձեւի գործակցութիւն ներկայ իշխանութեան հետ։

Ասոնք վերացական սկզբունքներ չեն։ Անոնք կը բնութագրեն կարգապահ, իրատեսական եւ ազգային հաւաքական հիմքերու վրայ հիմնուած ուղեցոյց մը՝ հասարակութեան առջեւ վստահելի այլընտրանք մը ներկայացնելու մտադրութեամբ։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը՝ իր պատմական պատասխանատուութեամբ, կազմակերպական փորձառութեամբ եւ համազգային հեղինակութեամբ, է՛ եւ կը մնա՛յ միակ քաղաքական ուժը, որ միաւորելու թէ՛ նպատակ եւ թէ՛ կարողութիւն ունի։ Անոր գործունէութիւնը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ գաղափարական գերակայութիւն հաստատելու մոլուցքէ կը տառապի:

Անորոշութեան եւ ճգնաժամային այս պահուն, սկզբունքով առաջնորդուած միասնութիւնն է՝ եւ ոչ թէ պահի դրութիւնը, որ Հայաստանը պիտի ուղղէ դէպի փրկութիւն։

Դաշնակցութիւնը եւս մէկ անգամ պատրաստ է ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը։

Կացութիւնը դաշնակցութիւն կը պահանջէ։

«Հորիզոն»-ի խմբագրական.