Խմբագրական. Երբ Սրբապղծման կ՚ենթարթուի հայութեան հոգեւոր ժառանգութիւնը

«Ցեղասպանութիւնը կը նպատակադրէ համակարգուած գործողութիւններու ծրագրով ոչնչացնել ազգային հաւաքականութիւններու կեանքի էական հիմքերը։ Նման ծրագրի մը նպատակներն են՝ ազգային հաւաքականութիւններու քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու, մշակոյթի, լեզուի, ազգային գիտակցութեան քայքայումը….»։

Ռաֆայէլ Լեմքին

ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան մասին պայմանադրութեան հեղինակ

21րդ դարու քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին։ Պատահական չէ, որ նոյն 21րդ դարուն անթաքոյց գործադրուին մշակութային եղեռնագործութեանց դէպքերը։

BBC World News լրատուամիջոցը Մարտ 25 թուակիր լրատուական հրապարակումով մը կը հաստատէ, որ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին բռնագրաւուած Մեխակաւան բնակավայրի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ հիմնայատակ աւերուած եւ ոչնչացած է։

Պաքուի հայատեացութեան քաղաքականութիւնը տարիներէ ի վեր ընդգրկուած է Ատրպէյճանի կրթական հայեցակարգին եւ տեղեկատուական համակարգին մէջ՝ որպէս պետականօրէն ծրագրուած քաղաքականութիւն։ Պատմութիւնը եղծելու եւ վերաշարադրելու մոլուցքին մէջ չխնայուեցաւ նոյնիսկ հայութեան հոգեւոր ժառանգութեան, որուն վկայութիւնն է 2006 թուականի Հին Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու բնաջնջումը։

Ջուղայի խաչքարերը բարբարոսաբար քանդած ատրպէյճանցիները պիտի չվարանին ոչնչացնել Արցախի հոգեւոր ժառանգութիւնը։

1998- 2006 թուականներու ընթացքին, Նախիջեւանի տարածքին ոչնչացուած է այն ինչ որ մնացած էր Խորհրդային Միութեան օրերէն որպէս հայկական հոգեւոր ժառանգութիւն, տասնեակ վանքեր, եկեղեցիներ եւ Ջուղայի գերեզմանատան աւելի քան 4500 խաչքարերը: Ագուլիսի եւ Ապրակունիսի եկեղեցինուն վայրերուն վրայ կառուցուած են մզկիթներ։

Որեւէ ժողովուրդի կամ ազգային հաւաքականութեան մշակոյթը ոչնչացնելու նպատակով իրականացուած գործողութիւնները ազգային-մշակութային ցեղասպանութեան համազօր են: Ցեղասպանութիւն եզրոյթի հայր՝ Ռաֆայէլ Լեմքինի իսկ բնորոշմամբ, ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ազգային կամ կրօնական հաւաքականութիւններու ոչնչացումն է ֆիզիքական բնաջնջմամբ, այլեւ՝ հոգեւոր մշակոյթի ոչնչացումով:

1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը օր ցերեկով կը կատարուի Արցախի մէջ… 1912-1913 թուականներու Կ. Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանի կողմէ ցանկագրուած եւ թրքական կառավարութեան փոխանցուած պաշտօնական տեղեակագրութեանց համաձայն՝ Արեւմտահայաստանի մէջ կանգուն էին եւ կը գործէին 2000-է աւելի հայկական վանքեր եւ եկեղեցիներ… Այսօր այդ պատմական յուշարձաններէն մնացած են մի քանի տասնեակ կիսաւեր վանքերու խլեակներ։

Միջնադարեան եկեղեցիները, վանական համալիրները, զանգակատուները, գերեզմանատուները, սրբավայրերը, դամբարանները, աստուածաբանական դպրոցները՝ Արցախի մէջ բազմադարեայ հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի վկաներն են, ոչնչացնել ու մոխրացնել այդ ամբողջը կը նշանակէ պատմութեան էջերէն ջնջել ու անէացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան հետքերը։

Միջազգային կառոյցներ պէտք է վերահաս ըլլան, որ հոգեւոր ժառանգութեանց սրբապղծութեան դէպքերու անպատժելիութիւնը՝ մշակութային նոր ոճիրներու ճանապարհ կը հարթէ։

Կորստեան ենթարկուելու վտանգին տակ է մեր ազգի հոգեւոր ժառանգութիւնը, թուրք Ատրպէյճանական ամէնօրեայ սպառնալիքի տակ են Արցախն ու Սիւնիքը։ Գործադրութեան դրուած է Փանթուրքիզմի ծրագիրը։

Երէկ Արեւմտահաստան ու Նախիջեւան, այսօր՝ Արցախ, թուրք-ատրպէյճանական մշակութային Եղեռնը կը շարունակուի օր ցերեկով։ Մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու գծով անհրաժեշտ է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեանց երաշխաւոր Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութեան մօտ ազգովին ու յատկապէս պետական լծակներով բողոքարշաւի ալիք ծաւալել՝ սանձելու հայասպանութեան ու հայեատեացութեան այս գործընթացը։

Խմբագրական «Հորիզոն»ի

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.