ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ
Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2020-ին, Գէմպրիճի Հայ գաղութը, նախաձեռնութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Արամ Դրօ» Կոմիտէութեան , յիշատակեց Խաչվերացի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի զոյգ տօները, համակերպելով երկրին մէջ տիրող համավարակի պայմաններուն եւ օրէնքներուն, համաձայն հաւաքի թիւի սահմանափակումին:
Ընդհանրապէս սոյն շարժառիթը տեղւոյն Գէմպրիճի հայ կեդրոնի տարեկան հասոյթի կարեւոր բաժինը կը կազմէ, հետեւաբար մուտքի սակը նկատի առնուած էր որպէս նուիրատուութիւն: Երեկոն ճոխացուցին շրջանիս երգիչներէն Խորէն Մուրատեան, Յարութ Գարակօզեան եւ նուագախումբը, որոնք անվճար իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնակի յաջողութեան գծով:
Օրուան խորհուրդ ու պատգամը փոխանցեց շրջանի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Գէորգեան: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վարանդ Զէյթլեան:
Ներկաները պահ մը վերապրեցան շքեղ հերոսամարտի սխրագործութիւնները , հերոսներ որոնք իրենց մահով անմահացան եւ այսօր մեր ազգի գոյատեւման պատճառ դարձան: ձեռնարկէն դրուագներ նկարահանուեցան եւ Հորիզոն հեռուստակայանի պերճախօս հաղորդավար Թամար Շահինեանի կողմէ :
Յաջորդ օր Կիրակի 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգիստ , ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՈՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ նահատակներու անմահ յիշատակին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի կողմէ, ներկայութեամբ շրջանի նորանշանակ հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէկեանի, Թորոնթոյի հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի:
Ս. Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հոր կողմէ , տեղի ունեցաւ աւանդական Ռէհանօրհնութիւնն ու հերիսայի օրհնութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալ մեր համայնքի զաւակներուն բաշխուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած մատաղ հերիսան :
Վիգէն Գէորգեան