ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (Ի․)
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
*
ԺԵ․- Վերջաբան
ն1991-ի Ապրիլին, Վահէ Օշական Սփիւռքեան տեսութիւն մը «փորձել»ու իր սեւեռումին մէջ, սա հարցադրումը կատարած է․ «Ի՞նչ է “Սփիւռք” ըսուածը, ի՞նչ են օրէնքները իր կեանքին, աճումին ու մահուան եւայլն»։ Ապա՝ աւելցուցած․ «Վերջերս ամերիկեան ակադեմական մամուլին մէջ յիշուեցաւ, թէ “Diaspora” անունով արդիական նոր պարբերաթերթ մը կը ծրագրուի հրատարակել, ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու համար “Սփիւռք” երեւոյթը, եւ թէ հրատարակութեան գլխաւոր խմբագիրն է հարցերուն մասնագէտ փրոֆ․ Խաչիկ Թէօլէօլեան։ Յուսալու է, որ իր ներկայութիւնը առիթ պիտի ըլլայ, որ հայկական Սփիւռքն ալ, այլեւս կարգին բանասէրներու լուրջ վերլուծումին առարկան դառնայ»։
Թէօլէօլեան 30 Հոկտեմբեր 2024-ին, ի պատասխան Օշականեան յոյսին, որ իրեն յիշեցուցի, գրեց․ «Ես ալ նմանօրինակ յոյս մը ունէի, որ անգլիագիր ամերիկահայեր եւ ուրիշներ պիտի ունենային հայ խմբագրի հակակշռին տակ գտնուող վայր մը, ուր ամերիկահայութեան, ներառեալ Պէյրութէն յետ-1975-ի հասնողներէն մտաւորական փաղանգ մը՝ պիտի մտածէինք միասին։ Չեղաւ»։
Թէօլէօլեանի անունը ընդմիշտ կապուած է «Diaspora: a journal of transnational studies»ի: Ասոր կը հետեւէր ծնունդը «Սփիւռքագիտութիւն» կոչուած գիտակարգին։ Երբ Թէօլէօլեան պարբերականին գաղափարն ու ծրագիրը կ’ունենար՝ արդար է ընդունիլ, որ եթէ ոչ Սփիւռքային հարցերուն, գէթ որոշ հարցերու օրաթերթային «մասնագէտ» մըն էր (բացի անգլերէնով գրուած քանի մը վերլուծումներէն, որոնք մասնագիտական ընդգրկումներ են)․ «Յառաջ Մատենաշար»ը լոյս ընծայած էր պարբերականէն հրապարակուած իր յօդուածներէն ժողովածոյ մը, որուն տիտղոսն է «Սփիւռքի Մէջ» (Փարիզ, 1980)։ Ցարդ իր անուամբ հրատարակուած միակ այս հատորէն ետք՝ ան պիտի շարունակէր «Յառաջ»ի մէջ (ընդհանրապէս) գրել։ 1981-էն մինչեւ պարբերականին սկսումը պիտի գրէր «Սփիւռքահայու Քրոնիկ»ը (աւարտած 2000-ին), եւ այլազան յօդուածներ։ Օրաթերթային իր աշխատակցութիւնը չէր կրնար սեփական յօդուածները եւ քրոնիկները վերածել Սփիւռքի մասին «մասնագիտացած ու կուղպ» մտածողական «արարք»ներու (Մարկ Նշանեան)։ Ան հարկադրանքին տակն էր մատչելի ըլլալու, գէթ «մեր միջին»էն վեր լեզուով մը եւ բովանդակութեամբ մը գրելու (նոյն)։
«Diaspora» պարբերականը, որ եղաւ մասնագիտական յօդուածներու հանդէս մը, յղացուած էր «համալսարաններու մէջ պրպտողներու համար»։ Թէօլէօլեան թէ՛ անոր մէջ, եւ թէ այլ տեղեր լոյս տեսած իր վերլուծական յօդուածներով՝ պիտի հաստատուէր որպէս հանրածանօթ սփիւռքագէտ։ Յօդուածներէն յիշեմ հետեւեալ տիտղոսները՝ թարգմանաբար․ «Ազգ-պետութիւնը Եւ (Արտասահմանեան) Իր Միւսները/Փոխան Յառաջաբանի» (1991: Ասով կը բացուի պարբերականը), «Վերամտածել Սփիւռք(ներ)ը․ Անդրազգային Պահուն՝ Անպետութիւն Ուժը» (1996), «Գրութենային Ազգ․ Բանաստեղծութիւնը Եւ Ազգայնականութիւնը Հայ Քաղաքական Մշակոյթին Մէջ» (1999), «Հայ Անդրազգայնութեան Ընտրանիները Եւ Հաստատութիւնները» (2000), «Ներածութիւն Մը Աքսորի Մասին» (2006), «Հայ Սփիւռքը Եւ Ղարաբաղի Պայքարը 1988-էն Ասդին» (2007), «Սփիւռքեան Ինքնութեան Մասին» (2009), եւայլն։
Այժմ, արդէն աւելի քան 15 տարիներ է, որ Թէօլէօլեանէ գրեթէ ո՛չ հայերէն եւ ոչ ալ անգլերէն յօդուածներ կամ գրութիւններ կը հրապարակուին։ Բայց ունի շահեկան հարցազրոյցներ, որոնք թէ՛ կ’ամփոփեն իր սփիւռքագիտական փորձառութիւնը, եւ թէ ըստ այն փորձառութեան կը մեկնաբանեն ներկայի վիճակն ու կացութիւնը, եւ հեռանկար կը թելադրեն։
Արդ, այս յօդուածաշարքը, որ Թէօլէօլեանի ոչ բոլոր, այլ կարգ մը միտքերուն հետ փորձեց ըլլալ, պարզաբանել կամ մեկնաբանել զանոնք, կ’աւարտեմ «Նոր Յառաջ»ի մէջ 2022-ին եւ 2024-ին լոյս տեսած երկու հարցազրոյցէ քաղուածքներով։ 2022-ին, խմբագրին՝ Ժիրայր Չոլաքեանի մէկ հարցումին պատասխանելով՝ ըսած է․ «Ես, տարիներ առաջ, անդրազգայնութեան յատկացուած գիտաժողովի մը ըսի, թէ Սփիւռքի մը գոյանալը, յարատեւումը կամ չմնալը միայն երրորդ սերունդէն կարելի է գիտնալ։ Առաջին սերունդը բնականօրէն կապուած է հայրենիքին, ապրուած կեանքի մը յիշողութեամբ, իր երկրէն եկած է եւ կապուած է անոր։ Երկրորդ սերունդը՝ կրնայ որոշ չափով ազգայնական եւ ազգականական կապերով կապուած մնալ իր հայրենիքին, բայց կը սկսի հեռանալ։ Իսկ երրորդ սերունդի պարագային, եթէ ինքնութիւնը եւ կապը պիտի պահուին հայրենիքին հետ, կազմակերպուած աշխատանք պէտք է։ Թէ հաւաքականութիւն մը, որ անդրազգային է, իսկական Սփիւռք պիտի ըլլա՞յ, պիտի վերացուի՞, երրորդ սերունդին կը սկսի յստականալ։ Ըստ իս, երկտեղութիւնը, երկվայրութիւնը, bilocal աշխարհայեացքը բնական կը դառնայ իսկական սփիւռքահայուն համար՝ որ միայն “հոս”ով չի մտահոգուիր, այլ նաեւ՝ “հոն”ով։ Այդ ատեն է, որ ան միջոցներու կը ձեռնարկէ՝ պահելու համար իր երկտեղեայ պատկանելիութիւնը։ Ա՛յդ է լիովին կազմուած Սփիւռքը»։ Եւ հայրենիք վերադառնալու կապակցաբար՝ պատասխանած է․ «Հայրենիք վերադառնալու կարելիութիւնը եւ յոյսը հոգեբանօրէն շատ կարեւոր է, բայց ինքն իրեն՝ ինքնաբաւ չէ (…)։ Կարեւորը կապ պահելու ազատութիւնն է, երթալ-գալու կարելիութիւնը, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ հայրենիքի մէջ եղողներուն հետ արդիւնաբեր ձեւերով գործակցելու կարելիութիւնը»։ Կազմակերպուած աշխատանքը ո՞վ կամ որո՞նք պիտի տանին։
Ինչպէ՞ս։ Ինք այն կարծիքին չէ, թէ Սփիւռքը փորձելու է «անկարելին», այսինքն՝ «կեդրոնական ղեկավարութիւն մը» ունենալու։ Առաւել՝ Հայաստանն ալ «պէտք չէ փորձէ բառին լիակատար իմաստով ղեկավարել Սփիւռքը»․ ասոր աւելցուցած է՝ «մանաւանդ ներկայ, վարկազուրկ պետութիւնը», որ Հայաստանը անգամ չի կրնար «մարդավարի ղեկավարել»։ Սփիւռքեան կառոյցները, եւ անոնց մէջ յատկապէս եկեղեցին՝ կոչուած են «գործօն ներկայութիւն» ըլլալ։ Այն կառոյցներէն որեւէ մէկը անջատաբար չի կրնար ղեկավարել Սփիւռքը, եւ ասիկա միայն հայութեան պարագան չէ։ Սփիւռքները անղեկավարելի են, բացի այն Սփիւռքներէն՝ որոնց անդամներէն շատերը «վարժուած են հնազանդելու իրենց պետութեան», ինչպէս՝ թրքականը։ 2024-ի հարցազրոյցին մէջ, դարձեալ Ժ․ Չոլաքեանի հետ, թելադրած է․ «․․․աւանդական, ի միջի այլոց՝ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, եթէ կ’ուզեն յարատեւել՝ պէտք է հնարեն երկարաժամկէտ ձեռնարկներ (իմա՝ ծրագիրներ _ ԳՔ)՝ որոնք կը հրապուրեն նորերը»։
Comments are closed.