Խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ներառէ հայերու վերադարձը Արցախ եւ գերիներու ազատ արձակումը. Եղիսաբեթ Չուլճեան

7-8 Oգոստոսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն կը կատարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան երկկողմ հանդիպում կ’ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ՝ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եռակողմ հանդիպում՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ կը միտի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան առաջմղումին։

Alpha News-ը այս թեմային վերաբերեալ զրուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Եղիսաբեթ Չուլճեանի հետ:

«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ աշխատած է ի նպաստ իրական խաղաղութեան, խաղաղութիւն, որ հիմնուած է արդարութեան, հաշուետուութեան եւ հայկական արժանապատուութեան վրայ։ Եթէ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր, բայց այնտեղ չընդգծուի Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու տուն վերադառնալու իրաւունքը, եթէ շրջանցուի գերիներու ազատ արձակման հարցն ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները, ապա այն իրական խաղաղութիւն չէ», նշած է Չուլճեան։

Ըստ իրեն՝ Ամերիկայի կառավարութիւնը յստակ պէտք է նշէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ներառէ հայերու վերադարձը Արցախ, գերիներու ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը։
Մանրամասնիւթիւնները՝ տեսանիւթով.