Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Երեք Սկզբունքային Հարցերուն Շուրջ Համաձայնութիւն Չկայ. Երեւան

Պաքուէն խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի վերջին տարբերակը ստանալէ ետք, Երեւան յայտարարեց, որ երեք սկզբունքային հարցերու շուրջ համաձայնութիւն չկայ տակաւին: Հայկական կողմը  իր առաջարկները Պաքուին փոխանցեց 4 Յունուարին, իսկ Պաքուինը ստացաւ շուրջ մէկուկէս ամիս ետք: Այս մասին խօսեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան:

«Այս պահին կարող ենք արձանագրել, որ չկայ համաձայնութիւն դեռեւս նշուած հարցերի վերաբերեալ: Յոյս ունենք, որ նախարարների հանդիպում տեղի կ՛ունենայ, որտեղ բոլոր հարցերը կը քննարկուեն», ըսաւ ան:

Փրակի, ապա Պրիւքսէլի հանդիպումներէն ետք յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին վրայ հիմնուելով, իսկ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքները պիտի բացուին երկիրներու իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան յարգումով:

Սակայն, Ալիեւ կը հրաժարի սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ որեւէ թուականի քարտէս, կը պահանջէ անխոչընդոտ անցում Սիւնիքով Նախիջեւան եւ մինչեւ օրս հրապարակաւ երբեք յստակօրէն չէ յայտարարած ճշգրիտ մակերեսով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին:

Կոստանեան դիտել տուաւ, որ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ հանդիպումին պիտի համաձայնեցնեն այս հարցերը:  «Մեզ անհրաժեշտ է հանդիպումներից եւ քննարկումներից ի վերջոյ անցնել աւելի պրակտիկ (գործնական) գործողութիւնների եւ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք վերջին երկու-երեք տարիների ընթացքում ձեռք են բերուել, մասնաւորապէս երեք սկզբունքների շուրջ, ի վերջոյ փաստաթղթային արձանագրում տալ դրան», նշեց ան:

Տարեվերջին, իշխանութեան կողմէ կային լաւատեսական կանխատեսումներ, սակայն նոյն պատրաստակամութիւնը կա՞յ ատրպէյճանական կողմին մօտ հարցումին Վահան Կոստանեան պատասխանեց՝ յիշեցնելով միւնխենեան բանակցութիւնները, ուր, ըստ վարչապետին, Ալիեւ վերահաստատեց հաւատարմութիւնը նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:

«Ամենակարեւոր պայմանաւորուածութիւնները, որ այս տարիների ընթացքում մի քանի անգամ թերեւս ձեռք է բերուել, բայց ցաւալիօրէն մենք խախտումներ ենք տեսել, դա ուժի կիրառման բացառումն է, որը ՄԱԿ կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքներից մէկն է», աւելցուց Կոստանեան:

Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճան մեծ ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար:

«Յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու՝ Ատրպէյճանի առաջարկը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու վրայ: Առաւել քան երեք տարի հայկական քաղաքական եւ ռազմական սադրանքներէ ետք, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը տակաւին կարելի է», նշեց Կաֆարովա:

Ան յիշեցուց, որ քանի մը օր առաջ, Միւնիխի մէջ տեղի ունեցաւ երկկողմ հանդիպում Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ՝ դրական քայլ համարելով խաղաղ համաձայնագիրի բանակցութիւններու եւ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու հանդիպումներուն շուրջ պայմանաւորուածութիւնները:

«Յուսանք, որ Հայաստան զերծ կը մնայ սադրանքներէ, կողմնակալ երրորդ կողմեր ներգրաւելէ, կը հրաժարի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ մնայուն յաւակնութիւններէ, որոնք կ՛արտացոլան իր Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնսդրական փաստաթուղթերու մէջ, եւ պիտի շարունակէ ուղիղ, երկկողմ բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ», ըսաւ Կաֆարովա՝ աւելցնելով. «Տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան միակ ուղին դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու հաստատումն է՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ սկզբունքներուն վրայ»:

Comments are closed.