Խաժակ Արք. Յակոբեան Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ նշանակուեցաւ
2366
0
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի տնօրինումով, Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան նշանակուեցաւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ։
Սոյն նշանակումը կատարուեցաւ Լաւալի գաղութի դիմաց ծանրացած մարտահրաւէրներէն մեկնած եւ համայնքին մէջ վաստակաշատ եկեղեցական մը ունենալու անհրաժեշտութենէն։
Խաժակ Արքեպիսկոպոս Թեմիս համար կարեւոր ներոյժ է եւ կը հաւատանք, որ իր ներկայութեամբ ու վերահսկողութեամբ Լաւալի գաղութի եկեղեցական կեանքը առաւել կը բարգաւաճի ու կը զարգանայ։
Թող Աստուած օրհնէ բոլորին ծառայութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնէ Թեմիս եկեղեցաշէն աշխատանքները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ