Լուսարձակումներ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին վրայ

(Հայաստանի Հանրապետութեան անկախցման տօնին առթիւ)

Դոկտ. Նորա Արիսեան

Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան նախագահ

Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կը յենին երկու իշխանութիւններուն փոխադարձ հասկացողութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու պատրաստակամութեան վրայ, ինչպէս նաեւ նոյնանման կեցուածքներ որդեգրելու՝ քաղաքական հարցերու նկատմամբ, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, երբ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները անցան նոր հանգրուան եւ Սուրիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումէն ետք բացումը կատարուեցաւ հայկական դեսպանատան՝ Դամասկոսի մէջ, իսկ Հայաստանի հիւպատոսութեան՝ Հալէպի մէջ, 1993-ին, ապա 1997-ին՝ սուրիական դեսպանատան բացումը՝ Երեւանի մէջ:

Առաջին քայլը հանդիսացաւ հայկական պատուիրակութեան այցը Դամասկոս 1993-ի Դեկտեմբերին, եւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէն մեկնելով համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ Հանրապետութիւններուն խորհրդարաններուն միջեւ:

Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէր Հայաստանի խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական խմբակի մը կազմաւորումը՝ կապեր հաստատելու նպատակաւ Սուրիոյ խորհրդարանին հետ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ ձեւաւորումը երեսփոխանական խմբակի մը՝ Հայաստանի Խորհրդարանին հետ կապեր մշակելու համար: Ըստ համաձայնագրին երկու խորհրդարանական խմբակները պարտէին հերթականօրէն խորհրդակցութիւններ ունենալ իրարու հետ՝ երկու երկիրները հետաքրքրող միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:

Այսպիսով զարգացան փոխյարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ՝ փոխադարձ այցելութիւններով, որոնց ծիրէն ներս սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութիւն 3-9 Սեպտեմբեր 1996-ին, որուն ընթացքին ստորագրուեցան բանակցութիւններու արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն հաստատուեցաւ զարկ տալու երկու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններուն: Փոխադարձաբար Հայաստանի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Սուրիա 24 Ապրիլէն 3 Մարտ 1997-ին, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ փոխհասկացողութեան յուշագիր:

Հարկ է յիշել նաեւ այն այցելութիւնը, որ կատարեց Սուրիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի օրուան նախագահ Ապտըլ Գատէր Գատտուրայի, 16 Յուլիս 2001-ին, երբ տեղի ունեցան խորհրդակցութեան նիստեր երկու կողմերուն միջեւ: Միւս կողմէն տեղի ունեցան նաեւ խորհրդարանական բանակցութիւններ Դամասկոսի մէջ 5 Մարտ 2002-ին, Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի օրուան նախագահ Արմէն Խաչատուրեանի:

Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման ծիրէն ներս, Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, խորհրդարանի օրուան նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, ժամանեց Սուրիա 23 Նոյեմբեր 2010-ին, ուր Յովիկ Աբրահամեան ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի յարկին տակ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանական կապերը երկու երկիրներուն միջեւ եւ զանոնք աշխուժացնելու կարեւորութիւնը՝ նկատի առած երկու երկիրներուն ժողովուրդները շաղկապող տուեալները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը: Նոյն հանդիպումին ստորագրուեցաւ փոխհասկացողութեան յուշագիր մը երկու խորհրդարաններուն միջեւ՝ յարաբերութիւններու զարգացման ի խնդիր եւ միջազգային հարցերու առնչութեամբ կեցուածքներու համադրման՝ բարձրաստիճան կապեր հաստատելով եւ խորհրդակցելով:

23 Ապրիլ 2015-ին Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի օրուան նախագահ Մուհամմէտ Ճիհատ Ալ-Լահհամի, այցելեց Երեւան՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներուն եւ ընկերային հրապարակին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլումը» թեմայով:

Իսկ Սուրիոյ տագնապին ընթացքին, Հայաստանի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որ կ’ընդգրկէր անդամներ Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութենէն անդամներ, այցելեց Սուրիա 28 Մարտ 2014-ին, ուր ծանօթացան Սուրիոյ մէջ պատերազմի մանրամասնութեանց նաեւ օգնութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւններուն՝ թեթեւցնելու համար պատժամիջոցներուն առթած տառապանքը Սուրիոյ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարձան հայերուն իրավիճակին՝ Քեսապի վրայ իրագործուած յարձակումէն ետք: Վերադարձին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս իրենց ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ անոնք կը նշեն սուրիացի պատասխանատուներուն ընդունելութիւնը եւ երկու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծեն սուրիահայերու ներդրումը Սուրիոյ զարգացման եւ բարգաւաճման եւ անոնց հաւատարմութեան եւ գոյատեւման՝ հակառակ ծանր պայմաններուն: 2 Յունիս 2015-ին այլ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը եւս այցելեց Դամասկոս, յայտնելու համար իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը սուրիական խորհրդարանին՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջոցառումներուն մասնակցութեան համար եւ 24 Ապրիլ 2014-ին յատուկ նիստ մը յատկացնելուն Հայոց ցեղասպանութեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի խորհրդարանի կեցուածքին մասին Սուրիոյ տագնապին հանդէպ, կարելի է ըսել, թէ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ քանի մը առիթներով, որոնց ծիրէն ներս՝ հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներու աշխոյժ մասնակցութիւնը Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի յունուարեան նստաշրջանի նիստերուն, 26 Յունուար 2017-ին, իրենց օրակարգին մէջ ներառելով Սուրիոյ վերաբերող հարցեր: Սոյն նիստերուն հայկական պատուիրակութեան նախագահ եւ Հայաստանի խորհրդարանի փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղատեան որպէս հրատապ հարց ներառեց «Սուրիոյ իրավիճակն ու ազդեցութիւնը շրջակայ երկիրներուն վրայ», եւ քարտուղարութեան յայտարարութիւնը առաքուեցաւ հայկական պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ արծարծուեցաւ հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային կեդրոններու քանդումի հարցը Սուրիոյ մէջ: Նաղատեան պնդեց, որ Հայաստան մտահոգ է Սուրիոյ իրավիճակով, նկատի առած անոր ուղղակի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ, նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստան զանազան առիթներով դատապարտած է Տահէշի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու կատարած ոճրագործութիւնները Սուրիոյ մէջ, որոնք կը վտանգեն շրջանի քաղաքացիները: Հայաստան ողջունեց հրադադարի նախաձեռնութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք կը շարունակուին՝ հասնելու համար մշտական խաղաղութեան: Ան իր մէջբերման ընթացքին շեշտեց, թէ Սուրիոյ պատերազմը աւերիչ ազդեցութիւն ունեցաւ բնակչութեան, ենթակառուցուածքներուն, յուշարձաններուն եւ մշակութային աւանդներուն վրայ: Ան յայտնեց. «Ահաբեկչական յարձակումները պատճառ դարձան հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մշակութային յուշարձաններու քանդման. հայ ժողովուրդը միշտ ալ երախտապարտ եղած է Սուրիոյ եւ չ’ուրանար այն իրականութիւնը, թէ հայ ժողովուրդը ապաստանեցաւ Սուրիա, երբ հարիւր տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, իսկ այսօր Հայաստան ապաստանած են աւելի քան 20 հազար սուրիացի, որոնք արմատներով հայ են, եւ որոնք պարտաւորուեցան թողել իրենց տուները: Հայաստան ոչ մէկ ջանք կը խնայէ անոնց աջակցելու եւ օգնելու՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Բոլորս աղքատացանք այս պատերազմին, յատկապէս Սուրիոյ մէջ մշակութային ժառանգութիւններուն բարբարոսաբար քանդումներէն, եւ ասոր մեծագոյն փաստն է Հալէպի բերդին հասած վնասները. բոլորս պատասխանատու ենք եղածներուն եւ պարտաւոր ենք ջանք չխնայելու՝ արգիլելու համար մշակութային ժառանգութեան անհետացումը»:

Արդ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման առթիւ, երբ կը վերականգնենք Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական յարաբերութիւնները, կ’ուզենք յայտնել, թէ Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Խմբակցութեան ստեղծումով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սուրիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան ստեղծումով Հայաստանի խորհրդարանէն ներս, կը շեշտենք, թէ անհրաժեշտ է զարկ տալ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն՝ խթանելու համար խորհրդարանական յարաբերութիւնները եւ նոր կամուրջներ հաստատելու Սուրիոյ յետպատերազմեան հանգրուանին, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն Սուրիոյ վերականգնման:

Թարգմանեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Բնագիրը՝ Սուրիոյ խորհրդարանի կայքէջ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.