Լոռիի եւ Ջաւախքի ի նպաստ Գանատայի զօրակցական հաւաքներուն հանգանակուեցաւ մօտ 75 հազար տոլար
«Հորիզոն».- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Մարտ 17-ին եւ 18-ին յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան զօրակցական հանդիսութիւններ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի:
Թորոնթոյի մէջ Շաբաթ, 17 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, իսկ 18 Մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին՝ Մոնթրէալի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ կայացած հաւաքներու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ հայրենիքէն ժամանած երգիչ Գէորգ Հաճեանը, որ իր գուսանկական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով խանդավառ պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար։ Հանդիսութիւններու գլխաւոր պատգամաբերն էր «Հորիզոն» շաբաթաթաթերթի գրական յաելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեանը, որ շեշտեց Հայրենիքի հիւսիսի հատուածի դարպասապահ շրջաններ հանդիսացող Լոռիի եւ Ջաւախքի ռազմաքաղաքական կարեւորութիւնը։ Մոնթրէալի հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութթեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեան։։ Զօրակցական հաւաքներու ընթացքին գոյացաւ մօտ 75 հազար տոլար։