Լոյս Տեսաւ The Brass Band of the King: Armenians in Ethiopia Հատորը

Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ կեդրոններ ունեցող հեղինակաւոր «Պլումզպերի» հրատարակչատան I. B.Tauris բաժանմունքէն լոյս տեսաւ Պորիս Աճէմեանի The Brass Band of the King: Armenians in Ethiopia հատորը։

Գիրքը պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած այն քառասուն որբերուն եւ խմբավար Գէորգ Նալպանտեանի, զորս Եթովպիոյ Հայլէ Սելասիէ թագաւորը 1924ին Երուսաղէմէն բերաւ Եթովպիա՝ շեփորախումբ մը կազմել նպատակով։ Նալպանտեան աւելի ուշ պիտի դառնար նաեւ Եթովպիոյ քայլերգին հեղինակը:

Դոկտ. Պորիս Աճէմեան տնօրէնն է ՀԲԸՄի Ֆրանսայի «Նուպար» գրադարանին։ Ան մասնագիտութեամբ պատմաբան է եւ համախմբագիրն է արդի հայագիտութեան նուիրուած՝ Etudes Armeniennes Contemporaines պարբերաթերթին։

Հատորը մաս կը կազմէ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի խմբագրութեամբ հրատարակուող՝ Armenians in the Modern and Early Modern World շարքին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել կայքէջը

Comments are closed.