Լոյս տեսաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանում» գիրքը
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի անդամ, Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսոր Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանով եւ ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ֆակուլտետի խորհուրդին երաշխաւորութեամբ լոյս տեսած է հայ ականաւոր պետական, կուսակցական գործիչ, երկրառազմավարական մտքի եզակի ներկայացուցիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանում» ծաւալուն հատորը:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են մեծանուն գործիչին երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք իրենց բովանդակային ընկալմամբ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Հեղինակը մանրակրկիտ կը վերլուծէ տարածաշրջանին մէջ՝ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մեծ տէրութիւններու աշխարհակալական ձգտումներու անցած ուղին, արդի ժամանակաշրջանին անոնց ընթացքը եւ հնարաւոր զարգացումները:
Comments are closed.