Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 6-րդ Թիւը
Լոյս տեսաւ «Դրօշակ» պարբերականի յունիսեան թիւը: Պաշտօնաթերթի խմբագրականը անդրադարձ է Հայաստանի ներքաղաքական անհանգիստ կեանքին` ժողովրդական շարժման եւ կառավարող բռնիշխանութեան հակազգային գործունէութեան:
Քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեան քննութեան առարկայ դարձուցած է բանակցային գործընթացները, որոնք զուգահեռաբար տեղի կ՛ունենան Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի մէջ: «Դրօշակ»-ի էջերու մէջ զետեղուած է նաեւ Աւօ Գաթրճեանի «Համաթրքականութեան-համաթուրանականութեան գաղափարախօսութիւնը սերմանող թուրք ղեկավարներու եւ գործիչներու վարքագիծը» խորագրեալ հետաքրքրական յօդուածին երրորդ, ամփոփիչ հատուածը:
Վանիկ Վիրաբեանի «Մահմետական բնակչութեան 1919-ի հակահայկական խռովութեան ճնշումը Զօդ-Բասարգեչարի շրջանում եւ հայկական պետականութեան ամբողջականութեան վերահաստատումը» ծաւալուն յօդուածի երկրորդ եւ վերջին բաժինը տեղ գտած է այս թիւին մէջ:
Հետաքրքրական է նաեւ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Ալբերտ Մուշեղեանի պատմական բնոյթի յօդուածը, որուն վերնագիրն է «Հայոց աշխարհակալ Տիգրան Մեծ արքայից արքան հռոմէացի սենատոր եւ ճարտասան Ցիցերոնի գնահատմամբ»:
Կան նաեւ այլ վերլուծական յօդուածներ: