Լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Աշակերտին գրքոյկը եւ Ուսուցիչին ուղեցոյցը Մեկենասութեամբ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի

Horizon Weekly Newspaper

Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, կը հրապարակուի երեք գիրքերէ բաղկացած «Կիրակնօրեայ Դպրոցի Աշակերտին Դասագիրքը» շարքը, մեկենասութեամբ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար եւ «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանակիր՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի։

Կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական բովանդակութեամբ նկարազարդ ու խաղերով լի այս գիրքերուն շարքը նախատեսուած է Գանատայի Թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն համար, իւրաքանչիւր դասագիրք ունի իր համապատասխան «Ուսուցիչի Ուղեցոյց»-ը, ինչպէս նաեւ խաղի ու վարժութիւններու տետրակը։

Գիրքերուն հեղինակն է «Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն Կազմակերպութեան» Վարիչ Տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը, խաղերը կազմած է մանկավարժ Սիւզաննա Սարգսեանը, գիրքը նկարազարդած է Շուշան Գէորգեանը:

Երեք դասագիրքերը համապատասխանաբար նախատեսուած են ՝6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներու համար։ «Ուսուցիչի ուղեցոյց»-ները նախատեսուած են ուսուցիչներուն համար, իբրեւ օժանդակ ձեռնարկ՝ դասերու եւ վարժութիւններու ներկայացման ձեւը հետաքրքրական դարձնելու համար։

Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու հոգեւոր դաստիարակութեան նպաստող այս կարեւոր նախաձեռնութեան նպատակն է՝ մանկավարժական ու հոգեբանական նոր մօտեցումներով Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական առակները սիրելի ու հաճելի դարձնել աշակերտներուն եւ նպաստել նոր սերունդի հոգեւոր արժէքներու զարգացման:

ԴԻՒԱՆ Ազգային Առաջնորդարանի