Լոյս տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2025 թուականի երրորդ թիւը
- (0)

Վերջերս լոյս տեսած «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2025 թուականի երրորդ թիւի հրապարակումները փորձ են՝ գիտական ճշմարտութիւնը տեղափոխելու ազգային քաղաքականութեան դաշտ։
Հայոց ազգային խորհրդանիշ Արարատի կարգավիճակին վերաբերող մակերեսային քաղաքական քննարկումներուն փոխարէն՝ հանդէսին «Ինչո՞ւ կը թիրախաւորուի Արարատը» խմբագրականը կը հրաւիրէ դիտել սուրբ լեռան շուրջ ընթացող գործընթացները աւելի բարձր արժէքային դիտանկիւնէ, նկատի ունենալով անոնց մէջ աշխարհաքաղաքական խորը ցնցումներու նախանշանները։
Նոյն նպատակին կը միտին նաեւ հետարդիականութեան երեւոյթին գիտական գնահատական տալու եւ անոր մէջ սկիզբ առած գեղապաշտութեան յաղթարշաւի պատճառները բացայայտելու փորձերը, որոնց հեղինակներն են Հայարփի Սահակեան եւ Օվսաննա Նահապետեան։ Անոնք փիլիսոփայական իմաստ կը շնորհեն մեր շուրջ արձանագրուող զարգացումներուն։
Հանդէսի այս թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ վերջերս կեանքին հրաժեշտ տուած ճանաչուած հայագէտ Ալպերտ Մուշեղեանի «Եղիշէի պատմութեան գրութեան ժամանակը» յօդուածը, ինչպէս նաեւ պատմաբան Կարէն Հայրապետեանի յետմահու լոյս տեսած արժէքաւոր երկհատորյակի քննական դիտարկումը (հեղինակ՝ Մհեր Յարութիւնեան)։ Վերջին երկու գործերը համակողմանիօրէն կը քննեն հայ ազգային կեանքին ուղեկից եղած բաժանումներու համախտանիշը, որուն տխուր արտայայտութիւններէն մէկը եղած է արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու փոխյարաբերութիւնները՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյութեան շրջանին։
«Վէմ» հանդէսի չորրորդ թիւի հրապարակումներուն զգալի մասը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին։