«Լիռէոն Խայր» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն Գէմպրիճի մէջ

Ուրբաթ 16-Սեպտեմբեր-2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին , նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «ՏԱԹԵՒ» Մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին տեղի ունեցաւ ԼԻՌԷՈՆ ԽԱՅՐ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն , ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ , Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի Փոստաճեան սրահէն ներս , ներկայութեամբ հարիւրէ աւելի հայորդիներու:

Ձեռնարկի բեմավարուհին՝ ընկերուհի Ազիկ Գէորգեան հակիրճ անդրադարձաւ տեսերիզի էութեան շուրջ յիշելով՝ թէ ժապաւէնը պատրաստուած է Գանատահայութեան հանրածանօթ՝ ՀԱՅ ՀՈՐԻԶՈՆ հեռատեսիլի կայանի տնօրէն եւ հաղորդավար՝ ընկերուհի Թամար Շահինեանի կողմէ:  Յիշատակելով՝ թէ սոյն ձեռնակի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Այնճարահայութեան անմիջական կարիքներուն :

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, յարգանքի տուրք մատուցելով վերջին  օրերու նահատակուած հայկական բանակի զինուորներու անմահ յիշատակին : Ապա կայացաւ տեսերիզի ցուցադրութիւնը։ Վայրկեաններ անց նկատելի էր սրահի մէջ տիրող լռութիւնը, ուր հանդիսատեսը իր ներաշխարհով  փոխադրուածմէ ր դէպի ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՇԽԱՐՀ , ուր կը լսուէր գլգլացող աղբիւրներու ձայնը եւ կանաչ մարգագետիններու վրայ ներկայութիւն ըլլալու երազանքը:

Աւարտին, մասնաճիւղը իր երախտագիտական հետեւեալ խօսքը փոխանցեց տեսերիզի բեմադրիչ ընկերուհի Թամար Շահինեանին ըսելով՝ ահաւասիկ անգամ մը եւս ձեր կատարած ծառայութիւններու շղթային վրայ օղակ մը աւելցուցիք, թերեւս բառերով կարելի չէ բնութագրել ձեր անսակարկ նուիրումը ազգային զանազան բնագաւառներէն ներս: Թող ձեր պայծառատեսութիւնն ու աշխատունակութիւնը ներթափանցէ ու խթան հանդիսանայ իւրաքանչիւր ազգայինի ու միութենականի: Բոլորին անունով կը շնորհաւորենք ձեզ: Ներկաներու ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ Ընկերուհի Թամար փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան անդրադարձաւ Այնճար հայկական աւանի քաշողականութեան եւ լիարժէք հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալու հանգամանքին: Ապա այս առթիւ բարձր գնահատեց «ՏԱԹԵՒ» մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու աշխուժացումը գաղութէս ներս:  Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Ռազմիկ Կարպուշեանի կողմէ արտասանուած ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ աղօթքով :

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ  ՏԱԹԵՒ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.