Լիոնի Մէջ Կայացաւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Երկրորդ Միջ-Վարչական Ժողովը

 Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 13-14, 2018-ին Լիոն (Ֆրանսա) քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Երկրորդ Միջ-Վարչական ժողովը։ Սոյն Ժողովին ներկայ էին, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ շուրջ 120 ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի, Հայաստանի, Յունաստանի, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ, Պուլկարիոյ, Լիբանանի, Շրջաններէն եւ Շուէտի (Սթոքհոլմ), Մեծն Բրիտանիոյ, Յորդանանի, Կիպրոսի, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, եւ Ջաւախքի Մեկուսի Մասնաճիւղերէն:

Երկօրեայ ժողովի աշխատանքները սկսան շաբաթ առաւօտեան, ՀՕՄի քայլերգով եւ ժողովականներու ծանօթացումով, ապա, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան Բարի Գալուստի խօսք յղեց ներկաներուն եւ ներկայացուց զեկոյց մը կազմակերպութեան գործունէութեան մասին, կարեւորութիւնը շեշտելով ՀՕՄի Տեսլական 2020 Ծրագրի մասին, անդրադառնալով տեղի ունեցած իրագործումներուն եւ ծրագիրներուն։

Ներկայացուցիչները միատեղ ունկընդրեցին դասախօսութիւններ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Վարիչ Տնօրէն, Վերժինի Թուլումեանի կողմէ որ ներկայացուց ՀՕՄի գործելակերպին եւ քարոզչութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ ՀՕՄի Փոխ-ատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանի՝ որ ներկայացուց Ղեկավարութեան հետ վերաբերեալ նիւթեր։ Ժողովի ընթացքին նաեւ ընկերուհիները մասնակցեցան խմբային աշխատանքներու եւ առիթը ունեցան լսելու միաւորներու ամփոփ զեկոյցները, անոնց ներքին յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները, վարչութիւններու ընթացիկ ծրագիրները, եւ գաղութի դիմագրուած մարտահրաւէրները:

Նոյն օրերուն, ընկերուհիները նաեւ ներկայ գտնուեցան Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի (ՖԿԽ) 90-ամեակի նուիրուած երկու ձեռնարկներու, ուր Ֆրանսայի 40-տարուան ծառայութիւն բոլորած ընկերուհիները ստացան ՖԿԽ-ի շքանշան: Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 15-ին առաւօտեան, ընկերուհիները այցելեցին Լիոն Քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Յուշակոթողի վայրը ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՖԿԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Լիոնի Քաղաքապետի ներկայացուցիչ, Ճիտա Թազտայիթի եւ Հայկական Գաղութի Յանձնախումբի Ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանին կողմէ:

Ծրագրի օրակարգերու սպառումէն ետք, վերանորոգուած ոգեւորութեամբ եւ աշխատանքային նոյն թափը շարունակելու վճռակամութեամբ ընկերուհիները վերադարձան իրենց երկիրները։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.