Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ ԽՎ-ին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակն ու քաղաքական բռնաճնշումները

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նամակներ յղած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, տարածաշրջանի զեկուցող Լուիշ Գրացիային եւ ԵԱՀԿ ԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Կարինա Օդեբրինքին։

Գալստեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակն ու բռնաճնշումներու պատկերը, եւ նամակներուն կցած է երկու զեկոյց եւ մէկ յայտարարութիւն՝ նուիրուած ժողովրդավարութեան ներկայ դրութեան եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական բռնաճնշումներուն։

Առաջինը՝ ACPR-ի (Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոն) զեկոյցը, որ մանրամասն կերպով կը վերլուծէ 2025 թուականի մայիսէն մինչեւ սեպտեմբեր արձանագրուած քաղաքական հետապնդումներու չորս հիմնական դէպքերը՝ գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի դէմ իրականացուած արշաւը եւ անոր ձերբակալութիւնը, «Սրբազան պայքար» շարժումի անդամներու ձերբակալութիւնները, Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ձերբակալութիւնը եւ ՀՅԴ անդամներու ձերբակալութիւնները։

Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու դէմ սկսած լայնածաւալ արշաւը։

Երկրորդ զեկոյցը կը վերաբերի CivilNet-ի եւ «Տարածաշրջանային ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան կեդրոն»-ի համատեղ պատրաստած տեղեկագիրին, որ կը ներառէ իշխանութիւններու կողմէ գործադրուած խախտումներու լայն շրջանակ մը։

Զեկոյցներու կողքին, Գալստեան ԵԱՀԿ-ի պաշտօնատարներուն նաեւ յղած է հասարակական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներուն առնչութեամբ։